ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այն խաղերը զորս թուրք պաշտօնատարներ կը խաղան Արձանագրութիւններուն հետ՝ հետզհետէ աւելի բացայայտ եւ ծիծաղելի կը դառնան։
Բանակցութիւններու երկար ամիսներուն ընթացքին ես շարունակ զգուշացուցի, թէ թուրք պաշտօնատարները անկեղծ չէին Հայաստանի հետ սահմանը բանալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու իրենց յայտարարած մտադրութեան մէջ։ Հայաստանի հետ հաշտութիւն որոնել ձեւացնելով, թուրք ղեկավարները պարզապէս կ՛ուզէին արգիլել երրորդ երկիրներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, առաւելագոյն չափի զիջումներ ապահովել Արցախի հարցով, ինչպէս նաեւ խափանել ապագայի հողային պահանջները Թուրքիայէն։
Նախ՝ Թուրքիա բանակցութիւնները քաշքշեց մինչեւ Ապրիլ 24ի նախօրեակը, որպէսզի արգելք հանդիսանայ նախագահ Օպամայի տուած՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումին իրականացման։ Արձանագրութիւնները վերջապէս ստորագրուեցան Հոկտեմբեր 10ին, որպէսզի ապահովուի նախագահ Սարգսեանի այցելութիւնը Թուրքիա՝ ներկայ ըլլալու համար երկու երկիրներու ազգային խումբերուն ֆութպոլի մրցումին։
Մինչ այդ, Թուրքիոյ ղեկավարները շարունակ կը յայտարարէին, թէ սահմանը պիտի չբանային եւ իրենց խորհրդարանը պիտի չվաւերացնէր Արձանագրութիւնները՝ մինչեւ որ Հայաստան Արցախը վերադարձնէր Ատրպէյճանին, հակառակ անոր, որ այդպիսի պահանջ չկայ ստորագրուած փաստաթուղթերուն մէջ։ Արդէն աւելի քան մէկ ամիս անցած է Ցիւրիխի մէջ Արձանագրութիւններուն ստորագրուելէն ի վեր, բայց ոչ մէկ նշան կայ թէ՝ թրքական խորհրդարանը ի մօտոյ պիտի վաւերացնէ զանոնք։
Արձանագրութիւնները ստորագրելէ անմիջապէս առաջ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տաւութօղլու այցելեցին Ազրպէյճան անգամ մը եւս խոստանալու համար, թէ ոչ մէկ միտում ունէին Հայաստանի հետ սահմանը բանալու մինչեւ որ Արցախը վերադարձուէր Ատրպէյճանին։
Որպէս թէ այս անարգական նախապայմանները բաւարար չըլլային խախտելու հայոց վստահութիւնը Արձանագրութիւններուն նկատմամբ, թուրք պաշտօնատարներ ոչ մէկ փորձ կատարեցին ծածկելու համար իրենց խաբեպատիր ծրագիրները։
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի Հոկտեմբեր 5ի թիւին մէջ տեղ գրաւեց արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւն մը, ըստ որում «Պատմական միացեալ յանձնաժողովի մը կազմութիւնը եւ սահմաններուն վերաբացումը ներառուած են փաստաթուղթերուն մէջ։ Սակայն անոնք ի զօրու կրնան դառնալ միայն Ղարաբաղի հարցին լուծում մը գտնուելէ ետք։ Առանց Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումին, այս Արձանագրութիւնները չեն կրնար փոխանցուիլ խորհրդարանին։ Նոյնիսկ այդ պարագային, խորհրդարանը պիտի չ՛որդեգրէր զանոնք։ Ուստի՝ հանդարտ մնացէք»։
Համոզելու համար ազրպէյճանցիները թէ՝ Թուրքիա Արձանագրութիւնները վաւերացնելու ծրագիր չունէր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ յոխորտացին ուրիշ համաձայնութեան մը վերաբերմամբ եւրոպացիները խաբելու իրենց յաջողութեան մասին. «Թուրքիա պարտէր արձանագրութիւն մը ստորագրել Եւրոպական միութեան հետ՝ Կիպրոսի հարցով։ Ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ Չորս տարի ետք, Թուրքիա բացա՞ւ իր նաւահանգիստներն ու օդակայանները կիպրական նաւերուն եւ օդանաւերուն առջեւ»։
Մենք այժմ շօշափելի փաստ ունինք այն մասին թէ այս թուրք պաշտօնատարները սին յոխորտանք մը չէր որ կ՛ընէին՝ երբ կ՛ըսէին թէ համաձայնութիւն մը ստորագրելը ո՛չ մէկ իմաստ ունէր իրենց համար։ «Թուտէյզ Զաման»ի Հոկտեմբեր 25 ի թիւով յօդուածագիր Էրճան Եաւուզ երկոտասնեակներով օրինակներ կը վկայակոչէ Թուրքիոյ կողմէ ստորագրուած՝ բայց տարիներ անց տակաւին չվաւերացուած համաձայնութիւններու։ Ներկայիս 146 կնքեալ համաձայնութիւններ կան 95 երկիրներու հետ, ներառեալ՝ Արժանթինը, Ատրպէյճանը, Լիպիան, Սլովենիան, Շուէտը եւ Սուրիան, որոնք կը սպասեն խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնաժողովին հաւանութեան։ Ամենահինը՝ Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ քսանվեց տարի առաջ ստորագրուած համաձայնութիւն մը տակաւին կը սպասէ թրքական խորհրդարանի վաւերացման։ Մեծաթիւ ուրիշ կարեւոր համաձայնութիւններ ստորագրուած են 2004էն ի վեր, բայց տակաւին չեն վաւերացուած:
Իրենց երկիրին կողմէ վերցուած յանձնառութիւնները լուրջի չառնելու թրքական վարքագիծը նկատի առնելով, ոեւէ մէկուն զարմանալի պէտք չէ թուի որ թրքական խորհրդարանը չվաւերացնէ Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւնները մօտիկ ապագային։ Անշուշտ, Արձանագրութիւնները չվաւերացնելով, Թուրքիա դրժած պիտի ըլլայ Արձանագրութիւնները «ժամանակին» վաւերացնելու 31 օգոստոսի իր գրաւոր խոստումը։
Հետաքրքրական է, որ վերջերս «Ռոյթըրզ»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ ստորագրել Արձանագրութիւնները, եթէ անոնք պիտի չվաւերացուին»։ Պատասխանը ակներեւ է. թրքական կառավարութիւնը շահագռգռուած է միջազգային համայնքին առջեւ ինքն իրեն համար դրական պատկեր մը ստեղծելով, ուստի անիկա այնպէս կը ձեւացնէ թէ՝ «բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ» կ՛ուզէ ունենալ Հայաստանի հետ, առանց զայն իրագործելու նպատակով իրապէս որեւէ առարկայական քայլ առնելու։
Հայաստանի պաշտօնատարները ցաւալիօրէն կը սխալին եթէ կը հաւատան թէ Թուրքիա միջազգային մեծ ճնշումներու պիտի ենթարկուի եթէ չվաւերացնէ Արձանագրութիւնները։ Կրկին ու կրկին՝ Թուրքիա փաստած է իր դիմադրականութիւնը ուրիշ երկիրներուն կողմէ բանեցուած ճնշումներուն դէմ, ներառեալ Միացեալ նահանգները, ինչպէս էր պարագան Իրաքի պատերազմի նախօրեակին՝ երբ Թուրքիա մերժեց արտօնել ամերիկեան զօրքերուն որ իր սահմանները կտրելով անցնին Իրաք։
Արտաքին ճնշումներու ենթարկուելու պարագային, թուրք ղեկավարները պարզապէս պիտի մեղադրեն Հայաստանը, մատնանշելով, թէ զիջումներ չէ կատարած Արցախի հարցով, այդու անկարելի դարձնելով թրքական խորհրդարանին կողմէ Արձանագրութիւններուն վաւերացումը։
Հայաստանցի պաշտօնատարները շարունակ դիտել տուած են, թէ Արցախի բանակցութիւնները կապ չունին Արձանագրութիւններուն հետ, եւ թէ Հայաստանի խորհրդարանը Թուրքիայէն առաջ պիտի չվաւերացնէր Արձանագրութիւնները, աւելցնելով, թէ անոնք չեղեալ պիտի համարեն համաձայնութիւնը եթէ Թուրքիա «ժամանակին» չշարժի։
Ժամանակը ցոյց պիտի տայ թէ Հայաստան պիտի յարգէ՞ Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ չընելու իր խոստումը, եւ, եթէ Թուրքիա մերժէ վաւերացնել Արձանագրութիւնները քանի մը ամիս ժամանակ անցնելէ ետք, արդեօք Հայաստանի ղեկավարները պիտի ունենա՞ն քաջութիւնը ստորագրուած արձանագրութիւնները չեղեալ հռչակելու։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
Խմբագիր