Անհասկնալի էր, թէ ինչո՞ւ թմրեցանք ու հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ շղթայազերծուած պայքարը կորսնցուց իր ուժականութիւնը:
Կ՛ըսեն, որ պայքարի մեղմացման, շարժումի ուժականութեան նուազման գլխաւոր պատճառը յստակ թիրախ չունենալն էր, յստակ ծրագրի մը շուրջ համախմբուելու կարելիութեան բացակայութիւնը:
Երէկ փոխուեցաւ կացութիւնը: Արդէն յայտնի է, որ Արձանագրութիւնները նախագահական նստավայրէն փոխանցուած են Սահմանադրական Դատարան, ուր յետ քննարկումներու պիտի վճռուի անոնց հետագայ ճակատագիրը:
Քննարկումներու համար նուազագոյն ժամկէտ կայ, որմէ ետք որեւէ ատեն վճիռը կրնայ հրապարակուիլ:
Հետեւաբար, պարտաւոր ենք արդէն մեր կեցուածքը անգամ մը եւս զանգուածային ձեռնարկով մը դրսեւորելու, հաւաք-ցոյցով մը արտայայտելու մեր ակնկալութիւնը Սահմանադրական դատարանէն, որ մերժէ ամէն տեսակի ճնշում ու լծակ եւ կատարէ իր առաքելութիւնը՝ պաշտպանելով հայոց պետականութեան սիւնը հանդիսացող սահմանադրական սկզբունքներու ու դրոյթներու անխաթար պահպանումը:
Հետեւաբար, պարտաւոր ենք համայնքին մէջ ամրապնդել արձանագրութեանց դէմ պայքարի միասնականութիւնը, փորձելով ընդգրկել բոլոր հոսանքները, անկախ այս կամ այն տեղ անցեալին արտայայտուած վերապահումներէն ու անհասկնալի հակադրութիւններէն:
Ժամանակը պարտաւորեցնող է: Ուրեմն անցնինք գործի ու ժողովուրդին յայտնի դարձնենք յառաջիկայ քայլերը, յատկապէս յաջորդ մեծ հաւաքի վայրն ու թուականը:
Yes , no trust on those TRAITORS April 22nd August 31st Oct 10th they won
against all anti demostrations around the world for NO on PROTOCOLS
time for seriouse action with all ARF SDHP RAG no more win at Cons’s court
otherwise will another type of genocide for Whole ARMENIANS,
BAYKAR BAYKAR MINCHEV HAGHTANAG
HZOR ASDTSVATS TZEZIE OKNAGAN,