Այս նշանաբանին հետ կու գայ անշուշտ մեր բոլորին յանձնառութիւնը Արցախը հզօրացնելու, զայն անառիկ բերդի վերածելու:
Շուշին վերականգնելով, Շուշին ծաղկեցնելով, քանդուած շէնքերը վերակառուցանելով, մշակութային ու կրթական կեդրոնները վերաբանալով,
այո՛, ամրապնդած կ՛ըլլանք Արցախի պարիսպները, պատգամ ղրկելով թշնամիին, որ դադրի մեր հողերուն տիրանալու յոյսեր փայփայելէ, որ այլեւս վե՛րջ, մենք հիմնաւորուած ենք ու մեր արմատները այլեւս խորունկ կերպով մխրճուած են արցախեան հողի իւրաքանչիւր թիզին մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը հնչեցնէ Շուշին վերականգնելու օրակարգին անյետաձգելիութիւնը: Այդ ուղղութեամբ նոյնիսկ մշակուած է ռազմավարական ծրագիր՝ պետական հիմնարկութիւններ Շուշիի մէջ հաստատելու, զինուորականութեան համար բնակարաններ կառուցանելու, եւ այլ ծրագիրներու ճամբով քաղաքը շէնցնելու ուղղութեամբ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այս տարուան թելեթոնն ալ պիտի գայ մեծցնելու այդ ծրագիրներու շրջանակը եւ քաղաքի ենթակառոյցները բարելաւելու անհրաժեշտ միջոցներ պիտի գոյացնէ:
Բոլորիս պարտքն է, ուրեմն, մասնակցիլ այս թելեթոնին, մասնակցիլ լիաբուռն, մասնակցիլ զոհաբերութեամբ:
Ազդանշանը տրուած է: Շուշիի վերականգնման զանգը վերջապէս հնչած է: Այս գործը չենք կրնար կիսատ թողուլ: