Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 15 Նոյեմբերին Լիբանան մեկնեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի յարկին տակ մասնակցելու համար շարք մը ժողովներու, որոնք հիմնականօրէն յատկացուած են Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերուն։
18էն 20 Նոյեմբերին, տեղի կ՛ունենան, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան զոյգ ժողովներուն հետ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու թեմակալ առաջնորդներուն ու Ազգ. Վարչութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումները։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին, այս ժողովներուն պիտի մասնակցին Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Արեւմտեան թեմի անդամներէն Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան, ինչպէս նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետն ու փոխ-ատենապետը՝ տոքթ. Կարօ Յակոբեան եւ Կարօ Աւագեան։
Եռօրեայ ժողովները պիտի քննարկեն Կաթողիկոսութեան, անոր բաժանմունքներուն ու թեմերուն միջեւ գործակցութեան զարգացման միջոցները, մեր եկեղեցին ու ժողովուրդը յուզող անմիջական հարցեր, ինչպէս նաեւ ամերիկեան թեմերուն միջեւ գործակցաբար իրագործելի ծրագիրներ։