ԵՐԵՒԱՆ.– Լրագրողներու հետ Նոյեմբեր 24ին կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան համոզմունք յայտնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ տարուող բանակցութիւններուն մէջ, առաջիկայ ամիսներուն, բեկումնային առաջընթաց պիտի չարձանագրուի:
Համանախագահները թէեւ յայտարարած էին առաջընթացին մասին, սակայն չէին նշած, թէ ո՛ր բնագաւառին մէջ առաջընթաց կայ։
«Ուզում եմ հաւատալ, որ հանդիպման չորս ժամից առաջին երկու ժամում խօսակցութիւնը ընթացել է նրա մասին, որ եթէ այսպիսի սպառնալիքներով պէտք է հանդէս գայ Ալիեւը, բանակցութիւններ չեն կարող տեղի ունենալ», նշած է Կիրօ Մանոյեան:
Անդրադառնալով Ալիեւի սպառնալիքին՝ բանախօսը անտրամաբանական ու անհամարժէք համարած է նախագահի խօսնակի մակարդակով հակադարձումը: Անոր գնահատումով՝ Սամուէլ Ֆարմանեանին յայտարարութիւնը, ըստ որուն ռազմական գործողութիւններու պարագային Հայաստանը պիտի ճանչնայ ԼՂՀ անկախութիւնը, անբաւարար պատասխան է։ Կ. Մանոյեանը նաեւ նշած է, որ ռազմական գործողութիւններու պարագային մենք պէտք է միացում յայտարարենք, ոչ թէ ճանչնանք Արցախի անկախութիւնը: Անկախութեան ճանաչումը, ըստ իրեն, պէտք է աւելի շուտ ըլլայ, քան այն օրը, երբ ակնյայտ դառնայ բանակցութիւններուն փակուղի մտած ըլլալը:
«Պէտք է աւելի հեռուն նայելով՝ աւելի լուրջ խնդիրներ դնե-նք», նշած է դաշնակցական գործիչը:
Կ. Մանոյեանը ճիշդ մօտեցում չի համարեր մեր իշխանութիւններուն գնահատականները, ըստ որոնց Ալիեւի ռազմատենչ յայտարարութիւնները այդ երկրի ներքին սպառման համար են:
«Ի՞նչ է նշանակում՝ ներքին սպառման համար են, եթէ մենք էլ ենք լսում: Երբ ատրպեճանական մամուլն ասում է, որ հայերը համաձայնեցին մինչեւ նոր տարի Քելբաջարից դուրս գալ, պարզ է, որ մերոնց հաւատալու շատ պատճառ ունենք: Բայց որ ասում է՝ եթէ իմ ասածով չլինի՝ պատերազմ եմ սկսելու, չհաւատալու պատճառ չունենք», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ համարժէք պատասխան պէտք է տրուի, եւ՝ ոչ միայն յայտարարութիւններու տեսքով, այլեւ քաղաքական ու քարոզչական դաշտի մէջ աշխոյժ գործունէութեամբ, որպէսզի միջազգային հանրութեան աչքին հակասութիւնը բացայայտօրէն արտայայտուի:
Խօսելով տարբեր բանակցային գործընթացներու մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակահայ կեցուածքին հայկական կողմի ոչ համարժէք արձագանգին մասին, Կ. Մանոյեան յայտնած է, որ Հայաստանը միաժամանակ բանակցութիւններ կը տանի երրորդ կողմի՝ միջազգային հանրութեան հաճոյանալու համար:
Դաշնակցական գործիչին կարծիքով՝ քանի որ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ստորագրումէն յետոյ առաջին անգամ կը հանդիպէին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, վերջինիս ղեկավարը փորձած է ճնշում գործադրել՝ սպառնալով պատերազմով: «Եթէ Ատրպէյճանը այսօր 50 տոկոս հաւանականութիւն ունենար, որ կը յաղթի՝ կը յարձակուէր: Չյարձակուելու հիմնական պատճառը այսօրուայ իրական սահմաններն են, որոնք այդ հնարաւորութիւնը չեն տալիս Ատրպէյճանին», հաստատած է բանախօսը:
Ըստ իրեն՝ հայ-ատրպեճանական բանակցութիւնները այլ ձեւով պիտի ընթանային, եթէ Թուրքիան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ Ղարաբաղի հարցը իրար չկապէր:
«Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները դարձել են ճնշման լծակ Հայաստանի վրայ Ղարաբաղի հարցով», իր խօսքը ընդգծած է Կ. Մանոյեանը՝ կրկին բարձրաձայնելով ՀՅԴի տեսակէտը, ըստ որուն՝ քանի որ Թուրքիան խաղի կիսուն փոխած է կանոնները, Հայաստանը պէտք է դուրս գայ բանակցութիւններէն կամ յայտարարէ, որ անոնք տապալուած են: Բանախօսը նշած է, որ ժողովուրդը ինքը պէտք է պարտադրէ իշխանութիւններուն՝ վտանգաւոր զիջումներ չընելու եւ հաստատած, որ ե՛ւ Ղարաբաղի, ե՛ւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն խնդիրները «կարգաւորող»՝ մեզի պարտադրուած փաստաթուղթերը աւելի շատ վտանգ կը պարունակեն, քան առաջընթաց: