ՈՒԼԻԱՆՈՎՍՔ, «Արմէնփրէս».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուաստանի իր պաշտօնակից Տմիթրի Մետվետեւի հետ, քննելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի եւս սերտացնելու կարելիութիւնները:
Հադիպումէն ետք, նախագահները յայտարարեցին, թէ երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները բարիդրացիական եւ բարեկամական յարաբերութիւններու օրինակ կրնան ծառայել: Իլհամ Ալիեւ աւելցուց. «Եթէ աշխարհի մէջ բոլորը այսպիսի յարաբերութիւններ ունենային, ապա աշխարհի մէջ խնդիրներ չէին ըլլար»:
Երկու նախագահները նաեւ այցելեցին Ուլիանովսքի մէջ գտնուող Հայտար Ալիեւի յուշարձանը եւ հրապարակը, ինչպէս նաեւ ներկայ եղան Վոլկա գետին վրայ երյարկանի կամուրջի մը բացման արարողութեան: