ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Քրիսթոֆիասի եւ կիպրացի թուրերու ղեկավար Մեհմէտ Ալի Թալաթի միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին Կիպրոսի միացեալ հանրապետութեան մը հիմնաքարերուն վերաբերեալ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է։ Ըստ առաջարկներուն, միացեալ Կիպրոսը բանակ պիտի չունենայ, իսկ իւրաքանչիւր կողմ պիտի ունենայ իր ոստիկանութիւնը։ Կղզիին վրայ երկու լեզուներ՝ թրքերէն եւ յունարէն պիտի օգտագործուի ու քաղաքացիները մէկ տեսակի անձնագիր պիտի ունենան։ Իւրաքանչիւր համայնքի մէջ միւս համայնքին լեզուն պիտի դասաւանդուի ընտրովի։ Պետական գրասենեակներու մէջ, եթէ տնօրէնը կիպրացի թուրք ըլլայ, ապա փոխտնօրէնը յոյն պէտք է ըլլայ, եւ փոխադարձաբար։