ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան օրակարգը վերջին օրերուն ունեցաւ երկու ցնցիչ նիւթեր։ Առաջինը Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն Օնուր Էօյմէնի կողմէ խորհրդարանի ամպիոնէն Տերսիմի ապստամբութեան ու զայն զսպելու համար կատարուած զինուորական միջամտութեան մասին ելոյթն էր, իսկ երկրորդը՝ կարգ մը զինուորականներու կողմէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ ծրագրուած սարսափազդու ծրագիրը։ «Հիւրրիյէթ»ի աւագ խմբագիր Էրթուղրուլ Էօզքէօքն իր սիւնակին մէջ կ՛անդրադառնար Օնուր Էօյմէնի արծարծած հարցին ու բաղդատութիւններ կ՛ընէր անոր եւ Հայկական Ցեղասպանութեան միջեւ:
Ան կը քննադատէ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանը, որ Էօյմէնի խօսքերուն անդրդառնալու ընթացքին գործածած էր «Տերսիմի սպանդը» բացատրութիւնը, մինչդեռ ան Տարֆուրի ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին ըսած էր, որ իսլամները սպանդ չեն կրնար գործել։
Ան կը գրէ, որ Էօյմէն պատճառ դարձաւ, որ ինք եւս պատմութեան գիրքերը պրպտէ, որպէսզի իմանայ, թէ Տերսիմի մէջ ինչ պատահած էր: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն Տերսիմի մէջ 7 հազար, իսկ այլ աղբիւրներու համաձայն՝ 90 հազար հոգի սպաննուած է։
Էօզքէօք երկրին ղեկավարները կը զգուշացնէ ըսելով. «Հիմա հարցումը հետեւեալն է. եթէ 7 կամ 90 հազար հոգիի սպանութիւնը ամէնէն պաշտօնական բերնէն «սպանդ» կը կոչուի, ասկէ ետք ի՞նչ պիտի ըսենք հայկական խնդրին։ Հայկական տեսակէտին համաձայն, 1915ին 1.5 միլիոն հայ մարդ մեռաւ։ Եկէք ըսենք՝ 600 հազար։ Ասիկա Տերսիմի մէջ մեռածներուն քանի՞ անգամն է։ Եթէ Տերսիմը սպանդ է, հայկական դէպքը ի՞նչ է. «Մե՞ծ սպանդ», «Սպանդին մե՞ծը», «Կոշտ սպա՞նդ», «Սպանդին մեծագո՞յնը», «Մե՞ծն սպանդ»։ Վաղը Թուրքիոյ ամէնէն պաշտօնական բանբերը ի՞նչ պիտի պատասխանէ այս հարցումին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.