Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ինչո՞ւ համար Կարեւոր է Արուեստի կիրառումը Երեխային Կեանքին եւ զարգացման համար:
Պարը, թատրոնը եւ տեսողական արուեստները կր սորվեցնեն ինքնավստահութիւն, իւրայատկութիւն եւ պատասխանատուութիւն:
Եթէ ներկայ կը գտնուինք աշակերտական արուեստի ելոյթի մը, ինչպիսի՞ մթնոլորտ մըն է որ կը տիրէ հոն: Կը նկատենք երեխաներու անմիջական մասնակցութիւնը եւ աշխատանքը: Հոն չենք նկատեր ոչ ուսուցիչ, ոչ գրատախտակ եւ ոչ ալ գրասեղաններ: Հոն կը նկատենք աշակերտներ եւ իրենց ազատ շարժումներով ստեղծուած բացառիկ պաստառներ: Աշակերտներուն համար մանաւանդ շատ կարեւոր է արտադասարանային աշխատանքը:
Այսօր մեր վարժարանի երաժշտութեան դասատուին հետ կը զրուցէի արուեստի ներգործութեան մասին: Ան կը յայտնէր, թէ այն սերունդները որ լաւ կ՛երգեն կը նկատենք, որ բոլոր նիւթերու մէջ լաւ արդիւնքներ կ՛ունենան: Այս մէկը ինքնին փաստ մըն էր, շատ նեղ միջավայրի մէջ փորձուած, արուեստի ուժին ու ներգործութեան մասին:
Երեխան երբ կը գտնուի բեմահարթակի, քուլիսներու ետին կամ նոյնիսկ հանդիսատեսներու շարքին, բնականաբար ան կարիքը ունի յանձնառութեան գիտակցութեան, կեդրոնացումի եւ հետեւողականութեան: Այս պարագային դասարանային դրութենէն շատ տարբեր է այս մէկը: Երբեմն աշակերտներու կը հանդիպինք, որոնք այդքան ալ հնարածանօթ դէմքեր չեն դպրոցէն ներս, սակայն շատ ճանչցուած ու սիրուած կ՛ըլլան արուեստանոցի իրենց միջավայրէն ներս: Արուեստը աշակերտին կը տրամադրէ այն միջոցները եւ կարելիութիւնները, որոնցմով կարելի է այլոց հետ հաղորդակցիլ, բան մը որ երեխան կամ պատանին պիտի չկարենայ ձեռք ձգել սոսկ հեռատեսիլային խաղերով կամ համակարգչային աշխատանքներով, որոնք երկուքն ալ զարմանալիօրէն կրնան հեռացնել աշակերտը ընկերային պարունակէն զայն դարձնելով եսակեդրոն ու առանձնացած էակ մը, մարդկային բնութեան հակառակ: Երեխաներու արուեստի կեդրոնի ուսուցիչ մը կը հաստատէ թէ պարը, նկարչութիւնը, թատրոնը եւ երաժշտութիւնը այնպիսի բնագաւառներ են, ուր բոլոր երեխաներն ալ կրնան փայլիլ:
Արուեստը երեխային կը պարգեւէ ինքնավստահութիւն եւ ազատօրէն ինքզինք արտայայտելու կարելիութիւն: Այս պարագային անշուշտ երեխան անպայման պէտք չէ դառնայ արհեստավարժ երաժիշտ կամ արուեստագէտ, որպէսզի այդ բարիքը քաղէ: Ինքնին արուեստի բնագաւառէն ներս ըլլալով արդէն ան կ՛օգտուի այդ բարիքներէն: Առնուազն ան կը դառնայ լաւ լսող ու արուեստ գնահատող, որ շատ կարեւոր է անհատականութեան կազմաւորման համար:
Երեխաներու մօտ արուեստը քաջալերելու համար կրնաք հետեւեալները գործադրել.
1- Բարձրաձայն երգել
2- Կշռոյթով պարել: Որեւէ տեսաներիզ մը, որ յատուկ պարի եւ կամ ռիթմիք շարժումներու համար է, կրնաք դնել տան մէջ եւ անոր հետ միասին պարել ու պարեցնել ձեր երեխան, միաժամանակ շարժումներուն հետեւելով:
3- Օփերան շատ լաւ միջոց մըն է աւելի դիւրին հասկցնելու պատմութիւնը: Այս միջոցը նաեւ ի զօրու է երեխաներուն: Ձեր կարդացած պատմութիւնները եւ կամ նոյնիսկ երբեմն ձեր ըսածները օփերայի երգչուհիի պէս յայտնեցէք ու քաջալերեցէք զինք, որ ինք եւս երբեմն այդպէս արտայայտուի:
4- Շատ երգեցէք տան մէջ: Անպայման օրօրով քնացուցէք իսկ առաւօտները մեղմ երաժշտութեամբ արթնցուցէք ձեր երեխաները:
5- Եթէ շարժապատկերի մը երաժշտութիւնը սիրեցիք, անոր երաժշտութեան խտասալիկը գնեցէք ու երգեցէք եւ պարեցէք միասին:
Եթէ կը նկատէք թէ ձեր երեխան հետաքրքրուած չէ արուեստով կամ նոյնիսկ երաժշտութեամբ, մի յուսահատիք, դիմեցէք հետեւեալ քայլերուն.
1- Գանձ յայտնաբերելու խաղը կրնաք խաղալ արուեստի թանգարանի մը մէջ: Սովորաբար երեխաներուն համար յատուկ քարտէսներ կը պատրաստեն թանգարանները կամ ցուցասրահները: Օգտագործեցէք զանոնք. գանձ գտնելու պէս որոշ պատկերներ յայտնաբերելու համար:
2- Թեթեւ լուսանկարչական գործիք մը տրամադրեցէք ձեր երեխային եւ անոր ուշադրութեան յանձնեցէք գեղեցիկ ճարտարապետութեամբ կառուցուած շէնք մը կամ տեսարան մը կամ բնութեան պատկեր մը եւ քաջալերեցէք որ նկարէ զայն:
3- Շղարշներով պարեցէք տան մէջ եւ անոր շարժումներուն ականատես դարձէք:
4- Ամէն գնով մի ստիպէք, որ ձեր երեխան ձեր հետ ներկայ գտնուի թատրոնի մը կամ նոյնիսկ համերգի մը: Անհամաձայնութեան պարագային կրնաք ըսել թէ.«Շատ լաւ, յաջորդին միասին կ՛երթանք»:
5- Ժամանակակից եւ ապրող արուեստագէտի մը ծանօթացուցէք ու անոր յաճախած դպրոցն ու աշխատանքները ցուցադրեցէք, զինք քաջալերելու համար:
6- Արուեստի միջոցառումներու օրացոյցը միշտ թող երեխան ստուգէ եւ ընտրութեան առիթ տուէք իրեն, անշուշտ երբեմն դուք ալ պիտի ընտրէք ու հրամցնէք որոշ առիթներ կամ ձեռնարկներ:
Այս բոլորը չափազանց կարեւոր կը համարուին երեխային համար: Անպայման փորձեցէք առանց յուսահատութեան: Ինչպէս ծնողական բոլոր նախաձեռնութիւնները իրենց պտուղը կը քաղեն ապագային, նոյնպէս այս պարագային, արդիւնքը կրնայ ուշանալ, բայց համբերութեամբ կրնայ սպասուիլ եւ ուրախութիւն պատճառել երկուստէք:
————————————————————————————————————————–
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Կեռասով եւ Ընկոյզով Աղցան
4 հոգիի համար
Բաղադրութիւն
6 գաւաթ պատրաստ մանրուած բանջարեղէն ( բանջար, հազար, շոմին, եւայլն
)
1/3 գաւաթ balsamic քացախի թացանը ( բացատրութիւնը ներքեւ)
1/2 գաւաթ չորցած կեռաս կամ cranberry
1/2 գաւաթ խարկուած կիսուած pecan ընկոյզ
Ըստ փափաքի բարմիժան տաշուած պանիր
Պատրաստութեան Կերպը
1- Խոշոր խորունկ ամանի մը մէջ բանջարեղէնը խառնեցէք թացանով եւ բաժնեցէք պաղած պնակներու մէջ:
2- Իւրաքանչիւր աղցանի պնակին վրայ երկուքական դգալ չորցած կեռաս եւ ընկոյզ դրէք եւ ապա՝ բարմիժան պանիրը:
3- Balsamic քացախ պատրաստելու համար.- Ապահով կափարիչ ունեցող շիշի մը մէջ լեցուցէք 1/2 գաւաթ ձիթաիւղ, 1/3 գաւաթ balsamic քացախ, 3 ապուրի դգալ սոյ թացան (Soy sause), 1 ապուրի դգալ Dijon մանանեխ, 1 ապուրի դգալ ջարդուած ազատգէղ եւ 1 թէյի դգալ աղացած ճերմակ պղպեղ: Բոլորը միասին դնելէն ետք , կափարիչը ամուր գոցեցէք ու շատ լաւ խառնեցէք մինչեւ կատարեալ միատարր դառնալը: Բերանը գոց վիճակի մէջ պահեցէք սառնարանը մինչեւ երկու շաբաթ: Մօտաւորապէս 1 գաւաթ կը պատրաստուի յիշեալ չափերով: