ՊՈԼԻՍ.- «Վաթան»ի յօդուագիր Օքայ Կէօնէնսին «Տերսիմի ետին» խորագրեալ յօդուածի մը մէջ կը գրէ, որ երեսփոխան Օնուր Էօյմէնի ելոյթը ցոյց տուաւ, որ պատմական դէպքերը չտեսնել ձեւացնելով կարելի չէ մոռացումի տալ զանոնք, նոյնիսկ եթէ հարիւր տարի անցնի։ «Տասնամեակներ շարունակ այնպէս վարուեցան, թէ չկային Հայկական հարցը, 1915ի աղէտը, քրտական հարցը, ալաուիներու վրայ կատարուած ճնշումները։ Ասիկա ամուլ մտայնութիւն մըն է, որ կը կարծէ, թէ եթէ չխօսիս, հարցը մէջտեղէն կը կորսուի», կը գրէ ան։
Յօդուածագիրը գոհ էր, որ Օնուր Էօյմէն խօսած էր Տերսիմի մասին, «որուն ինչ ըլլալը մարդ չէր գիտեր եւ հիմա սկսան սորվիլ»։
«Օնուր Էօյմէն ուրեմն ակամայ շատ օգտակար գործ տեսաւ ու պէտք է որ շնորհակալ ըլլանք իրեն», կ՛եզրակացնէ ան։