ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19ին հանդիպում մը ունեցան Փասատինայի ժամանակաւոր ոստիկանապետ Քրիսթոֆըր Վիսինոյի հետ, Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնին մէջ: Վիսինօ իր ոստիկանական ամբողջ ասպարէզը անցուցած է Փասատինայի ոստիկանութեան մէջ:
Ինչպէս հաղորդած ենք, Փասատինայի նախորդ ոստիկանապետ Պեռնարտ Մէլէքեան վերջերս Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ նշանակուած էր մայրաքաղաքի Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած Համայնքային արեւելումով ոստիկանական սպասարկութիւններու վարիչ, որմէ ետք Փասատինայի քաղաքապետութիւնը նոր ոստիկանապետ մը նշանակելու աշխատանքին նախաձեռնած էր: Այս ծիրին մէջ կայացած շարք մը համայնքային հանդիպումներուն իր մասնկցութիւնը բերած են նաեւ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբէն անդամներ, որոնց շարքին են Տօնիկ Տօնապետեան եւ Վաչէ Տէրտէրեան:
«Նոր ոստիկանապետին նշանակումը կարեւոր հարց մըն է մեր գաղութին համար: Յաջորդ ոստիկանապետը պէտք է բարձրորակ սպաներով շրջապատէ ինքզինք, գործակցի բոլոր համայնքներուն հետ, եւ կարեւորութիւն ընծայէ քաղաքացիներու հետ գործակցութեամբ ոստիկանական սպասարկութիւն տրամադրելու ընտրանքին, մեր քաղաքը աւելի ապահով դարձնելու նպատակով», կը յայտնէ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Իշխան Պօղոսեան: