Լուսի Փանոյեանի նկարներուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, երեկոյեան ժամը 8ին, Թէքէեան մշակութային միութեան «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Աթանեան արուեստի կեդրոնին: Բացման խօսքը կատարեց հանգուցեալ Լուսի Փանոյեանի ամուսինը՝ Գէորգ սրկ. Փանոյեան, իսկ բացման աղօթքը՝ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան։ Նկարները հանգամանօրէն ներկայացուց Հայաստանի պետական մրցանակի դափնեկիր, արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ Աթանեան արուեստի կեդրոնի տնօրէն՝ փրոֆ. Վլադիմիր Աթանեան:
Պաշտօնական բացումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ցուցադրուած նկարներուն մէկ մասը անհատներու սեփականութիւնն էր, իսկ մնացեալ նկարները նոյն օրը այցելուներուն տրամադրուեցաւ փոխան նուիրատուութեան՝ Աթանեան արուեստի կեդրոնին: