Արուեստագէտ Շահէն Խաչատրեանի ծննդեան 75ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած էր Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կողմէ, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13ի երեկոյեան ժամը 8ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ:
Հանդիսավարն էր Թերեզա Հայրապետեան: Ելոյթ ունեցան Երուանդ Գոճապաշեան, Լեւոն Մկրտչեան եւ Հայկ Մսըրլեան: