Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2009ի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի «Ասպարէզ» հայ կեդրոնէն ներս ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղը նշեց իր 36րդ տարեդարձը, մասնակցութեամբ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներու, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, համակիրներու եւ հիւրերու: ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութենէն յատկանշական այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Մարօ Քէշիշեան, փոխատենապետ Յովիկ Պետեւեան եւ Փիէռ Մանուկեան:
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ, զոր կատարեցին մասնաճիւղի արի-արենոյշները: Ամերիկեան քայլերգը մեներգեց Լիզա Փանոսեան, իսկ անկախ Հայաստանինը՝ Կայանէ Աճամեան:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց մասնաճիւղի անցեալի սկաուտներէն Սեւակ Ճիկէրեան, որ ողջունելով ներկաները ընդգծեց ՀՄԸՄի կարեւորութիւնը եւ ըսաւ. «Սիրելի ներկաներ, պատանին իր նկարագիրը կը կերտէ ՀՄԸՄի մէջ: Ան կը սորվի բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր նշանաբանի իմաստը, կը սորվի սիրել մայրենի լեզուն, հայրենիքն ու բնութեան հրաշալիքները»:
Ապա, եղբայրը խրախուսեց ներկայ ծնողներուն, որ առաջնորդեն իրենց զաւակները հայկական ակումբներ, վստահեցնելով, որ անոնք ապագային լաւագոյն հայ մայրեր ու հայրեր կը հանդիսանան:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ իրենց ներկայութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց ատենապետ Ժանօ Քէրքէզեան: Իսկ շրջանի ՀՅԴ «Թէհլիրեան» կոմիտէութեան անունով ողջոյնի խօսքեր փոխանցեց ներկայացուցիչ Խաչիկ Հաւադեան, որ ըսաւ. «Իրապէս ուրախալի երեւոյթ է մեզի համար եւ հրճուանքի լաւագոյն առիթ, երբ Ասպարէզ ակումբին մէջ համախմբուած կը տեսնենք բազմութիւններ, նոյն հոգեկան ապրումներով եւ ապագայի գեղեցիկ հեռանկարներով, կը պարեն, կ՛աշխատին, կեանք կու տան այս ակումբի պատերուն, զայն վերածելով հոգիներէն եւ սրտերէն բարձրացող հայկական համանուագի մը:
««Ասպարէզ» հայ կեդրոնը եւ իր շուրջ համախմբուած միութիւններն ու համակիրները, իրենք զիրենք հաստատ եւ ամուր կը զգան, որովհետեւ ունին ձեզ պէս հայորդիներ, որոնք անցեալին դիմագրաւած են եւ ներկայիս պատրաստ են դիմագրաւելու ամէն տեսակ մարտահրաւէրներ»:
Իսկ անդրադառնալով հայրենիքի վերջին քաղաքական իրադարձութիւններուն, Հաւադեան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին նման անկիւնադարձային հանգրուաններէ անցած եւ իր դէմ բարձրացող բոլոր մարտահրաւէրները քաջութեամբ դիմագրաւած է եւ շարունակած կեանքի իր ընթացքը: Մենք վստահ ենք, որ մեր ղեկավար մարմիններն ու հայ ժողովուրդի զաւակները, պիտի շրջանցեն նաեւ քաղաքական այս դժուարին պայմանները եւ Հայրենիքն ու Սփիւռքը պիտի վերագտնեն իրենց բնականոն կեանքը»:
Շրջանային վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Մարօ Քէշիշեան, որ անդրադառնալով միութիւններու կարեւորութեան հայկական մեր գաղութներու հզօրացման կարեւոր գործին մէջ, ընդգծեց ՀՄԸՄի դերը, որ իր երիտասարդ շարքերով, առաւել կ՛իմաստաւորէ եւ կը յուսադրէ այդ գաղութները, որոնց կարգին է Ֆրեզնոյի գաղութը:
«Անցնող 36 տարիներու ընթացքին, ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի Սասուն մասնաճիւղը գործունէութեան ելեւէջներ ունեցաւ: Տաք ու պաղ օրեր ապրեցաւ: Ան իր արձանագրած յաջողութիւններուն առընթեր, դիմագրաւեց նաեւ դժուարութիւններ, զոր կրցաւ յաղթահարել, շնորհիւ իր ղեկավարներու հեռատեսութեան եւ անդամ-անդամուհիներու վճռակամութեան ու հաւատքին: Վստահ ենք, որ «Սասուն»ը, մեր անառիկ Սասնոյ լեռներու պէս հզօրացած պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, առաւել գօտեպնդուած ու բեղուն գործունէութիւն մատուցելով գաղութին, իր խտացած շարքերով»:
Երեկոն առիթ հանդիսացաւ նաեւ, յանձնելու վաղամեռիկ ՀՄԸՄական Յովիկ Սաղտըճեանի յիշատակին ստեղծուած կրթաթոշակները, որուն շարադրական յատուկ մրցումով մը արժանացած էին ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղէն հետեւեալ հինգ քոյր-եղբայրները.
* Քոյր Թամար Քէրքէզեան
* Եղբ. Վաչէ Ճիկէրեան
* Եղբ. Շանթ Թաթիկեան
* Քոյր Լոռի Հաւաթեան
* Քոյր Անի Քէրքէզեան
Ձեռնարկի պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք եւ մանաւանդ եղբ. Պօղոս Հանտեանի փունջ մը զուարճալի կատակներէն ետք, երեկոն խանդավառեցին սիրուած երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեան եւ իր նուագախումբը:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
Ներկաները ամբողջ երեկոն ՀՄԸՄով գինովցած պարեցին ու զուարճացան, առաւել իրենց հաւատքը զօրացնելով երիտասարդական եզակի այս կազմակերպութեան նկատմամբ:
————————————————————————————————————————–
ՀՄԸՄի «Արարատ» Մասնաճիւղի Երախտագիտական Նախաճաշի Ձեռնարկը
Կիրակի, Նոյեմբեր 8ի առաւօտեան ժամը 11ին, ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնատեղին եռուզեռի մէջ էր: Յատկապէս ուրախալի խճողումի մատնուած էր կեդրոնի նախասրահը, ուր ՀՄԸՄական հրաւիրեալները, մասնաճիւղի անդամներու պատրաստած համադամ նախաճաշով կը հիւրասիրուէին, ժպտադէմ ու սիրալիր եւ այնուհետեւ, լեցուն պնակներով մուտք կը գործէին սրահ, միանալու իրենց միութենական քոյր-եղբայրներուն եւ մանաւանդ դիտելու մասնաճիւղի բոլոր բաժանմունքներու տարեկան գործունէութիւնը արտացոլող տեսաերիզներն ու յիշատակելի նկարները:
Նախաճաշի հիւրասիրութիւնը, ձեւով մը մասնաճիւղի վարչութեան միամեայ գործունէութեան եզրափակումն էր, որու ընթացքին կազմը իր անսահման շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէր մասնաճիւղի անդամներուն, որոնք ամբողջ մէկ տարի, թեւ ու թիկունք կանգնելով վարչութեան, բեղուն գործունէութեան յաջող տարի մը ունեցած էին:
Մասնաճիւղի Վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան եւ իր անսահման շնորհակալութիւնը յայտնեց մասնաճիւղի սրահէն ներս բոլոր ներկաներուն եւ բացականերուն, նուիրատուներուն ու համակիրներուն, որոնց համագործակցութեան շնորհիւ մասնաճիւղը ամբողջացուց յաջող տարի մը եւս:
Ապա, առիթը պատեհ նկատելով, յայտարարեց տարուան պատուոյ անդամի տիտղոսին արժանացած քոյր Մելինէ Էպրահիմեան, որ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղէն ներս հասակ նետելով, ոչ միայն դաստիարակուած էր իբրեւ տիպար ՀՄԸՄական հայուհի, այլ նաեւ մասնաճիւղէն ներս զանազան բաժանմունքներէ ներս, անսահման ժամեր տրամադրելով, այլազան մակարդակներու վրայ կամաւոր աշխատանք տանելով, մեծապէս նպաստած էր մասնաճիւղի վերելքին: Այս ուրախ առիթով եղբայրը մասնաճիւղի պատուոյ անդամի համապատասխան յուշատախտակը յանձնեց քրոջ:
Ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան, վարչութեան անունով գնահատագիր մը յանձնեց նաեւ մասնաճիւղի երկար տարիներու քարտուղարուհի Անահիտ Խաչիկեանին, որ մասնաճիւղի գրասենեակէն ներս, իրեն վստահուած պարտականութիւնները պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կատարած է:
Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ նաեւ մասնաճիւղի կամաւոր նկարիչ եղբ. Արա Մանկասարեան, որ տարիներ շարունակ, սիրայօժար լուսանկարչութիւնը կը կատարէ մասնաճիւղին, ներկայ գտնուելով անոր բոլոր ձեռնարկներուն:
Երախտագիտական այս ձեռնարկը նաեւ առիթ հանդիսացաւ բաժանմունքներուն, ներկայացնելու տարեկան իրենց գործունէութիւնները, որոնք մեծապէս գնահատուեցան ձեռնարկի մասնակիցներուն կողմէ:
Երախտագիտական գեղեցիկ այս նախաձեռնութիւնը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:20ին: Մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, իրենց հետ տանելով մասնաճիւղէն ներս ունեցած իրենց գեղեցիկ յիշողութիւնները:
————————————————————————————————————————–
ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանի վերանորոգուած նոր կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Դեկտեմբեր 13, 2009ի, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, 2324 Colorado Blvd., Los Angeles, CA 90041. (323) 344-4300:
Հրաւիրուած է ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը եւ Շրջանի Հայութիւնը: