Ս.Մ.
Հեռաձայնս կը հնչէ. գիծին միւս ծայրէն կը լսեմ բարեկամուհիի մը ձայնը, որ վրդովմունք կ՚արտայայտէ, ա՛յն սրդողումը՝ որով վարակուած ենք հայերս, մեր Դատին ու պատմութեան ուղիղ գիծին հաւատարիմ հայերս, Հայաստանի մէջ թէ աշխարհով մէկ։
Մեր խօսակցութեան առաջին բաժինը կը կեդրոնանայ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը վրայ, ուր խօսք առած են Թուրքիոյ այժմու իշխանութեանց թեր ու դէմ դիրքորոշուած արաբներ եւ թուրքեր։ Անոնցմէ մէկը արտայայտած է մօտաւորապէս հետեւեալ կարծիքը. Թուրքիոյ իշխանութիւնները, Հայաստանի թէ շրջանի այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու հետ իրենց որդեգրած խաղաղարարի դերակատարութեամբ, կրնան երկար ճամբայ չկտրել, որովհետեւ որեւէ գիծի վրայ ձախողութիւն մը պատճառ կրնայ դառնալ ընդհանուր ձախողութեան ու անկումի։ «Յուսանք ձախողին ու մենք՝ հայերս ալ կարենանք դուրս գալ ստեղծուած թակարդէն»ի պէս ակնարկութիւն մը կ՛ընէ։
Վրդովմունքին երկրորդ պատճառը՝ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն ուղղութեամբ մեր՝ հայութեան տարած աշխատանքին նկատմամբ անբաւարարութիւնն է։ Կը բացատրեմ, թէ յատկապէս Հայ Դատի եւ ընդհանրապէս պետական շրջանակներու հետ կապ պահող հաւատարիմներ հեռաձայններով կամ հաւաքական նամակներով անհրաժեշտ աշխատանքը կը տանին. «Այդ բոլորը՝ լա՛ւ, բայց չեմ կարծեր որ բաւարար է», կը պնդէ եւ կը բացարտէ, որ ինք արդէն հեռաձայնած է Սպիտակ Տուն, քննադատած է Օպամայի ետդարձի քայլերը, Քլինթընի ընթացքը, եւ թելադրած է, որ սրբագրուին, «այլապէս, հայերս յաջորդ ընտրութիւններուն կրնանք վերատեսութեան ենթարկել մեր կեցուածքը», ըսած է անոնց։
«Պէտք է զգուշացնենք իշխանութիւնները։ Պէտք է անընդհատ նամակներ տեղացնենք Սպիտակ Տուն. թող մեր Դատի պաշտպանները հետեւողական նամակարշաւներ կազմակերպեն. ամէն մարդ իր շրջանի ներկայացուցիչին հեռաձայն չ՛ըներ, շատեր e-mailի դիւրութիւն չունին, սակայն եթէ տիպար նամակ մը պատրաստուի, անիկա տրամադրուի մեր ժողովուրդի զանգուածներուն, supermarketներու, եկեղեցիներու եւ այլ հաւաքատեղիներու առջեւ մեր երիտասարդները ու պատանիները այդ նամակները բաժնեն, իւրաքանչիւր նամակի տակ տասնեակներով ստորագրութիւն դրուի, հազարներով, հարիւր-հազարներով ստորագրութիւններ կրող նամակներ Սպիտակ Տուն եւ արտաքին գործոց նախարարութիւն ղրկուին, վստահ եմ այս մարդիկը պիտի չհամարձակին անտեսել մեզ. ի վերջոյ, այս բոլորը ընտրական եւ այլ հաշիւներու մէջ նկատի կ՛առնուին», կ՛ըսէ նոյն խանդավառութեամբ ու սրդողումով։
Արտօնութիւն կը խնդրեմ, որ իր այս մտածումներն ու առաջարկը յղեմ մեր մամուլին ու «առ որ անկ է»ի սեփականութիւնը դարձնեմ։ Չ՛առարկեր, միայն կը խնդրէ, որ անունը չյիշատակեմ. «Ծածկանուն մը ունիմ. Էմիլի է», կ՛եզրափակէ։
Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդին մէջ ունինք բազմահազար, բիւրաւոր «Էմիլի»ներ, որոնց մտածումներուն ու վրդովմունքին մէկ արտայայտիչն է խօսակիցս։ Էմիլիները կ՛ապրին Հայաստան ու աշխարհով մէկ։ Անոնք կը կազմեն մեր ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, հոգ չէ էթ Հայաստանի ներկայ իշխանաւորները զանոնք կը յորջորջեն «քաղաքականացուած փոքրամասնութիւն»…