ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»,– Հայաստանի մէջ գործող ԱՄՆ դեսպանատան պաշտօնեաներուն ընկերակցութեամբ՝ Նոյեմբեր 30ին ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոն այցելած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքի կովկասեան հարցերու եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու գրասենեակի տնօրէն Էթան Ա. Կոլտրիչ, ընդունուելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Աղուան Վարդանեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին Արմէն Ռուստամեան եւ Աղուան Վարդանեան ներկայացուցած են Դաշնակցութեան դիրքորոշումը՝ երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։
ՀՅԴ ներկայացուցիչները շեշտած են, որ տարածաշրջանին կայունութիւնը պահպանելու համար՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պէտք չէ նախապայմաններ ունենան Թուրքիոյ կողմէ, իսկ Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ միջազգային համայնքը պէտք է արձագանգէ Ատրպէյճանի ռազմատենչ սպառնալիքներուն: