ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 3ի ՀՀ կառավարութեան նիստին ընթացքին, ՀՀ ելեւմտական նախարար Տիգրան Դաւթեանը նշած է 2010ի պետական պիւտճէի նախագիծի վերջնական տարբերակին որոշակի փոփոխութիւններու ենթարկուած ըլլալուն մասին: Փոփոխութիւնները կատարուած են հաշուի առնելով տնտեսութեան մէջ արձանագրուող դրական տեղաշարժերը, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովին մէջ կայացած շահագրգիռ քննարկումներուն ժամանակ ներկայացուած առաջարկներն ու քննադատութիւնները:
Ըստ Տ. Դաւթեանին՝ 2010ին պիւտճէթային եկամուտները ծրագրուած են 742 միլիառ դրամ նախագիծի նախնական տարբերակով կանխատեսուող 676 մլռ դրամին փոխարէն։
Եկող տարուան պիւտճէթային ծախսերը նախատեսուած են շուրջ 935 միլիառ դրամ (շուրջ 2.5 միլիառ տոլար) նախնական ծրագրուած 859 միլիառ դրամին փոխարէն:
Նախապէս ներկայացուած պիւտճէին համեմատ զգալիօրէն պիտի աւելնան նաեւ դպրոցաշինութեան ուղղուող գումարները՝ շուրջ 5 միլիառ դրամով:
Լուրջ յաւելումներ կը սպասուին նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ՝ շուրջ 19.4 միլիառ դրամի չափով: