ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4ին հաղորդեց, թէ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը կորսնցուցած է միայն 11,000 գործի կարելիութիւններ, որու շնորհիւ անգործութեան համեմատութիւնը 10.2 տոկոսէն իջած է 10 տոկոսի: Տնտեսագէտներ կ՛ակնկալէին մօտաւորապէս 130,000 պաշտօններու կորուստ մը: