ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
29 երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, նախաձեռնութեամբ Գռուզեան- Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի խնամակալ մարմնին, ԳԶՎ վարժարանի տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 21, երեկոյան ժամը 6:30էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հովիւ Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան, վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու շուրջ 250է աւելի ազգայիններ, ծնողներ, ԳԶՎի շրջանաւարտներ, որոնք եկած էին քաջալեր հանդիսանալու շրջանի միակ հայկական վարժարանին՝ նիւթապէս ու բարոյապէս:
Ճաշկերոյթը սկսաւ Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի սեղաններու օրհնութեամբ: Բարի գալուստի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց ու իր շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքը ըրաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Անի Այանեան: Երեկոյթին հանդիսավարն էր ԳԶՎի շրջանաւարտներէն իրաւաբան Աբրահամ Եագուպեան: Ան իր պատգամը տուաւ ԳԶՎի շրջանաւարտներուն կողմէ ու հակիրճ պատմականը ընելէ ետք իր աշակերտական յուշերուն, մեծապէս գնահատեց դպրոցի հիմնադիրներն ու բարերարները, որոնք երկար տարիներ նեցուկ կանգնելով դպրոցին, լաւագոյն առիթը տուին Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի բազմահարիւր հայ աշակերտներուն, սորվելու հայերէն լեզուն ու ծանօթանալու հայ մշակոյթին:
ԳԶՎի խնամակալ մարմնի կողմէ ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Արմէն Սեդրակեան: Ան նախ զեկուցելով ԳԶՎի ուսումնական մակարդակին մասին ուրախութեամբ շեշտեց, թէ դպրոցը կը գտնուի լաւագոյն մակարդակի վրայ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ամերիկեան առումով. ապա անդրադառնալով դպրոցին նիւթական կացութեան մասին ըսաւ. «ԳԶՎին 2009-2010ի տարեկան պիւտճէն՝ 987,000 տոլար, աշակերտներէն գանձուած թոշակներէն 200,000 տոլար աւելի է, որ կը ներառէ 98,000 տոլար կրթանպաստները: Երբ այս բացը գոյանայ, խնամակալ մարմնին պարտականութիւնն է զայն գոյացնել, դիմելով ու վստահելով միշտ ձեր նման նուիրատուներու, որ միշտ օգնութեան հասած էք նման ճգնաժամային օրերուն»:
Երեկոյթի ընթացքին, իր սրտագին պատգամը փոխանցեց ԳԶՎի նորանշանակ տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան: Անդրադառնալով հայ դպրոցի առաքելութեան, ան ըսաւ. «Հայ դպրոցը 21րդ դարու սեմին կրկնակ առաքելութիւն ունի. հայեցի դաստիարակութեան կողքին հայ աշակերտին ջամբելու լաւագոյն ուսումը: Սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափերուն, հայ դպրոցի գլխաւոր ձգտումը եղած է հայ մանուկներուն մատուցանել անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի անոնք կարողանան լաւագոյն ձեւով կիրառել հայ լեզուն, ծանօթանան հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան ու մշակոյթին, եւ բազմակողմանի զարգացումով ամերիկահայ պարկեշտ քաղաքացի դառնալու կողքին՝ գործնականօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերեն Հայ Դատի աշխատանքներուն»:
Ապա, Կ. Անտոնեան մասնաւորաբար շեշտը դնելով ԳԶՎի տուած շրջանաւարտներու թիւին, ըսաւ. «Անցնող 29 տարիներու ընթացքին, ԳԶՎին եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայեցի դաստիարակութեան ՄԻԱԿ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԴԱՐԲՆՈՑԸ, ուր հայութեան կրակով բոցավառած են մեր մատղաշ պատանիներուն սրտերը եւ գիտակցական կեանքի բացուած են անոնց մաքուր հոգիները։ Մեր հայկական վարժարանը պատրաստած է 21 խումբ շրջանաւարտներ, անոնց թիւը հասցնելով 300ի, որոնք իրենց ոտքը ապագայի սեմին դնելու համար զինուած են ոչ միայն բարձրորակ կրթութեամբ, այլ նաեւ հայկական ոգիով: Անոնք այս դպրոցի դրոշմը կը կրեն որպէս տիպար մարդ եւ արժանաւոր հայ»:
Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան, որ երկար տարիներէ ի վեր նախագահն է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին: Ան իր երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ն. Փալանճեան ճեմարանէն, ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն որպէս բժիշկ վկայուած է 1968ին, համաճարակաբանութեան մասնագիտութեամբ: Ան աշխատակցած է Միջին Արեւելքի, Անգլիոյ ու Ամերիկայի զանազան հաստատութիւններուն մէջ, իսկ այժմ կը դասաւանդէ UCLA համալսարանէն ներս: Տոքթ. Արմէնեան իր ներածականէն ետք շարունակեց օրինակ բերել Գրիգոր Զօհրապի հետեւեալ իմաստուն խօսքերը. «Ուսումը կը սորվինք բարոյական ու մտաւորական զարգացման, եւ ոչ թէ դրամ շահելու համար: Դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը արհեստի հետ պէտք չէ շփոթել. մին կրնայ ծառայել միւսին, բայց նպատակները տարբեր, բոլորովին տարբեր պիտի մնան»:
Ապա ըսաւ. «Անցեալ ամիս Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներուն ուղղած խօսքիս մէջ կ՛ըսէի, թէ մեր բոլորին համար հիմնական մէկ մտահոգութիւն պէտք է գերակայէ մեր ամենօրեայ առտնին հարցերն ու մտահոգութիւնները. մենք հիմնական մէկ մտասեւեռում պէտք է ունենանք՝ ի՞նչն է, որ մեր երախաները պիտի ժառանգեն մեզմէ: Մեծ է մեր պատասխանատուութիւնը իրենց հանդէպ։ Ես մտահոգութիւն չունիմ, որ անոնք բաւականին նիւթական բարեկեցիկ կեանք պիտի ունենան, իմ մտահոգութեանս կիզակէտը այն է, թէ որչափո՞վ մեր թոռներուն ապագան պիտի հաղորդուի մեր ունեցած անցեալի ու ներկայի արժէքներով ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի այն տեսլականով, զոր մեր նախնիները փոխանցեցին մեզի»:
Տոքթ. Արմէնեան, շեշտը դնելով, թէ ի՞նչ կը պահանջուի մեզմէ, ըսաւ. «Ներկայ աշխարհի թաւալգլոր ընթացքին մէջ շատ դիւրին է հայ ժողովուրդի վիճակին մէջ գտնուող ազգութեան մը համար իր ինքնութիւնը կորսնցնելը: Հայ դպրոցը իր բոլոր հարցերով, մեզի այսօր կու տայ լաւագոյն գրաւականը մեր թոռներուն այդ փոխանցումը կատարելու ամենէն առողջ ձեւով, որ կարելի է ամերիկեան այս պայմաններուն տակ. եկէք չզլանանք կատարելու այն զոհողութիւնը, որ մեզմէ կը պահանջուի հայ դպրոցին համար»:
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնին իր մասնակցութիւնը բերաւ, «Շողակն» երգի ու պարի համոյթի մենակատարներէն Յասմիկ Յարութիւնեան, երգելով երեք ազգագրական երգեր, ստեղծելով ուրախ պահեր եւ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու: Վերջաւորութեան, երեկոն շարունակուեցաւ հայկական ու եւրոպական պարերով մինչեւ ուշ գիշեր:
Ճաշերը, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս նուիրուած էին տէր եւ տիկին Հայկ Գրիգորեաններու կողմէ:
Ձեռնարկին ընթացքին վարժարանին համար գոյացաւ աւելի քան 70,000 տոլար: