ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 7ին պիտի լրանայ 1988ի Սպիտակի երկրաշարժի 21րդ տարելիցը, որու կապակցութեամբ «Գիւմրիի Ժուռնալիստներ»ու «Ասպարէզ» ակումբը կոչ ըրած է հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն (ԶԼՄ) եւ գործընկերներուն՝ լաւատես ըլլալու փոխարէն ըլլալ աւելի իրատես՝ 21 տարի չարչրկուող անօթեւանութեան խնդրի լուսաբանումներուն ընթացքին, յիշելով, որ «Դեկտեմբեր 7ը» յուշարձաններուն ծաղկեպսակներ դնելու օր ըլլալէ առաջ աղէտեալ եւ զրկեալ անօթեւաններուն օրն է, ներհայեցման, սեւեռման եւ տքնանքի օր: «Ասպարէզ» Դեկտեմբեր 7ի ձեռնարկները լուսաբանող լրագրողներէն խնդրած է խորութեամբ վերլուծել աղէտեալներուն եղած խոստումները, կատարուած աշխատանքները եւ արդիւնքը՝ առաջնորդուելով միայն աղէտեալներու շահերէն:
Ըստ «Ասպարէզ»ին, կ՛ենթադրուի, որ Դեկտեմբեր 7ին բազմաթիւ պաշտօնեաներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ այցելեն Աղէտի գօտի եւ տեղի պաշտօնեաներուն հետ յիշեն աղէտը, զոհերն ու անօթեւանները: Հաշուի առնելով անցեալ տարիներու այդ այցելութիւններու, հանդիպումներու եւ ելոյթներու լուսաբանումներուն դիտարկումները, բազմաթիւ նախկին եւ ներկայ պաշտօնեաներուն ըրած խոստումները, ելոյթները, աղէտեալներու վիճակին շահարկումները, ԶԼՄներուն վարած եւ չվարած լրատուական քաղաքականութիւնները, եւ շարք մը լրագրողներու լուսաբանումներուն որակը, ակումբը լրագրողներուն եւ խմբագիրներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, որ երկրաշարժէն 21 տարի ետք աղէտի գօտին տակաւին չէ վերականգնուած. միայն Գիւմրիի մէջ անօթեւան մնացած եւ տնակներու մէջ կ՛ապրին աւելի քան 4100 ընտանիք։ Ըստ «Ասպարէզ»ին, նման տարածք մը Զարգացման գօտի կոչելը կը նենգափոխէ իրադրութիւնը:
Յիշեցնելով, որ Աղէտի գօտին մինչեւ 2001, ապա մինչեւ 2002 եւ 2003, վերականգնելու մասին Ռ.Քոչարեանն ու ՀՀ կառավարութիւնը խոստումներ տուած են հանրութեան եւ հետեւողականօրէն դրժած զանոնք, ակումբը նշած է որ այժմեան իշխանութիւնները ահռելի պատասխանատուութիւն կը կրեն խոստացուածի եւ չկատարուածի հսկայ տարբերութեան առկայ պարագային, եւ պարտաւոր են հանրութեան ու անօթեւաններուն բացատրութիւններ տալ այս տարուան բնակարանաշինական ձախողումին համար: