ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի Դեկտեմբեր 3ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի վեհարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Հիրօ Տը Պօյէրը:
Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպան Տը Պօյէրի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը ընդգրկեց կարգ մը հարցեր՝ Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ միջազգային յարաբերութիւններուն առընչուող:
Հանդիպումին առանցքը կազմեց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու գծով յատկապէս սփիւռքահայութեան տեսակէտը: Յայտնենք, որ դեսպան Տը Պօյէր, Անգարայի մէջ Հոլանտայի նախկին դեսպանը եղած էր:
Վեհափառը լայնօրէն բացատրեց Հոլանտացի դիւանագէտին, թէ ի՞նչ եղած է եւ է յատկապէս Սփիւռքի ակնկալիքը, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գծով: Ան ըսաւ, որ Սփիւռքը սկզբունքով դէմ չէ՛, սակայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը հիմնական նախապայման մըն է, եւ կարելի չէ՛ պատմութիւնը ուրանալ:
Ի վերջոյ, Արամ Ա. կաթողիկոս Ցեղասպանութեան ճանաչումը նկատեց միջոց՝ այլ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման: