ԹՈՐՈՆԹՕ, «Հորիզոն».- Նոյեմբեր 19-22ին, Թորոնթոյի Սենեկա Գոլէճին մէջ կայացաւ Գանատայի համայնքային մամլոյ խորհուրդին եւ Գանատայի մշակութային նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած եռօրեայ լրագրական սեմինարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Գանատայի տարբեր նահանգներու ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող 150 խմբագիրներ եւ լրագրողներ: Ներկայ էին յունական, իտալական, արաբական, ուքրանական, չինական, ինտոնեզիական, հնդկական, հայկական, պարսկական, քրտական, թրքական, ռուսական, փաքիստանեան եւ այլ համայնքային լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ: ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կողմէ կը մասնակցէր վարիչ- խմբագիր Վահագն Գարագաշեան:
Եռօրեայ սեմինար-գիտաժողովի ընթացքին, մամլոյ ներկայացուցիչները հետեւեցան լրագրային բնագաւառին առնչուող զանազան լսարաններու:
Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Քէնթ, ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քէնի, Խորհրդարանի անդամներ Լոյզ Պրաուն, Ռոյալ Կալիփօ, Փիթըր Պրէյտ, ինչպէս նաեւ նահանգային երեսփոխաններ եւ կառավարական այլ պաշտօնատարներ:
Խօսք առաւ համայնքային մամլոյ խորհուրդի երկարամեայ նախագահ, յունական Patrides թերթի վարիչ խմբագիր Թամըս Սարաս, որ յայտնեց, թէ բոլորը ներկայ կը գտնուին տարբեր ազգային փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչները համախմբող համաշխարհային եւ պատմական առումով առաջին նման համահաւաքի:
Խօսք առաւ վարչապետ Հարփըր, որ ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Մեր երկրի ու ժողովուրդի ազատութիւնը աւելի կ՛ամրապնդուի, երբ լրագրողները ազատ պայմաններու ներքեւ կը հետապնդեն եւ կը բացայայտեն ճշմարտութիւնը, կը պայծառացնեն խաւարի մէջ մնացած անկիւնները եւ կը սատարեն կառավարութիւնները հաշուետուութեան կանչելու գործընթացին»:
Վարչապետի խօսքէն ետք, Սարաս վարչապետ Հարփըրի յանձնեց զինք Գանատայի համայնքային մամլոյ խորհուրդի ցմահ նախագահ հռչակող պատուագիրը:
Ընդունելութեան աւարտին, վարչապետ Հարփըր անձամբ յատուկ գնահատագիրներ եւ պատուագրեր յանձնեց 15 համայնքային թերթերու, որոնց շարքին «Հորիզոն»ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեանին: «Հորիզոն» ստացաւ լաւագոյն տարեկան յատուկ բացառիկի մրցանակը, ինչպէս նաեւ վարիչ-խմբագիրը պատուոյ անդամ դարձաւ մամլոյ խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան:
Նշենք, որ Գանատայի մէջ առաջին համայնքային թերթը եղած է գերմանական «Der Neusc-hottlaendische Calendar»ը, որ լոյս տեսած է 1877ին: Այսօր, Գանատայի մէջ լոյս կը տեսնեն 800 համայնքային հրատարակութիւններ 121 լեզուներով: