ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ 1994էն ի վեր լոյս կը տեսնէ «Արագած» պետական պաշտօնական թերթը, որ տեղւոյն հայ համայնքի հայերէն լեզուով տպագրուող ամենահին թերթն է։ Արդէն 15 տարի շարունակ թերթի գլխաւոր խմբագիրն է Ժենիա Ծերունեան, որ ատենօք դասաւանդած է «Վալէրի Պրիւսով» օտար լեզուներու համալսարանին մէջ եւ ներկայիս բազմաթիւ յօդուածներով հանդէս կու գայ նաեւ ուքրանական մամուլին մէջ։ Երբ 1994ին ան ստանձնեց «Արագած»ի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը, իր թերթի էջերուն մէջ պարբերաբար ներկայացուց Հայաստանի անցեալ ու ներկայ մշակոյթը, պատմութիւնը, եւ նաեւ հայ-ուքրանական ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը։ Թերթի էջերուն մէջ իրենց յատուկ տեղն ունին նաեւ Ուքրանիոյ հայերու կեանքին ու կենցաղին առընչուող նիւթեր։ Բանիմաց խմբագիրը յաջողած է իր շուրջ համախմբել ու ղեկավարել հայ եւ ուքրանացի հեղինակներ, եւ յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ, թերթը դարձած է սիրուած ու սպասուած պարբերական:
«Արագած» թերթը ներկայիս Ուքրանիոյ մէջ կը նկատուի երկրին մէջ գործող հրէական, ռումանական, պուլկարական, լեհական ու թաթարական փոքրամասնութիւններու հրատարակած թերթերու առաջատարը եւ հպարտութիւն կը պատճառէ տեղւոյն հայերուն )հակառակ որ փորձած էին փակել զայն): Ժենիա Ծերունեան իր երկարամեայ գործունէութեան համար բազմիցս արժանացած է ուքրանական մրցանակներու։