ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, դեսպան Ռոպեր Աւետիսեանի եւ նախագահի տեղեկատուութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի ընկերային ծառայութեան, հոգեբանական կեդրոնի եւ Շրջանային վարչութեան անձնակազմի գրասենեակները, Նոյեմբեր 25ին:
Վարչապետին հիւրընկալութիւնը կը գլխաւորէր Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փոլատեան: ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ խորհրդական Նովա Հինտոյեան, ներկայ ու նախկին Շրջ. վարչութեանց այլ անդամներու եւ անձնակազմին հետ մասնակցեցան տեղի ունեցած մտերմիկ զրոյցին եւ մտահոգութիւններու փոխանակումներուն՝ Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերուն, հայ-թրքական արձանագրութիւններուն եւ ՀՕՄի աշխատանքներուն վերաբերեալ։
Արեւմտեան շրջանը Արցախի մէջ գործող ՀՕՄի 12 մանկապարտէզներէն երկուքը կը հովանաւորէ: Անոնք կը գտնուին Աշանի եւ Ականաբերդի մէջ:
Վարչապետը Վիքի Մարաշլեանին եւ Սօսի Փոլատեանին յանձնեց Արցախի պատկերազարդ մակագրուած գիրքեր, իրենց գրասենեակներուն համար, իսկ Սօսի Փոլատեան Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջ. վարչութեան կողմէ վարչապետին նուիրեց ՀՕՄի խորհրդանիշը եւ Արցախի Մամիկի ու Պապիկի արձանը կրող շքադրամ մը:
Վարչապետը, որ նախապէս այցելած էր ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան Պոսթընի գրասենեակը, մեծապէս տպաւորուեցաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի այս եւ այլ գրասենեակներու տարած աշխատանքին ծաւալով, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի անդամուհիներուն հետ գաղափարներու փոխանակումով:
Վարչապետը Լոս Անճելըս կը գտնուէր մասնակցելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնին, որ նուիրուած էր Շուշիի վերականգնումին: ՀՕՄը հիմնադիր անդամ է եւ կը շարունակէ մաս կազմել հիմնադրամի վարչութեան: Գոհաբանութեան օրուան թելեթոնին ընթացքին, Արուս Մելքոնեան, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետուհին, յայտարարեց, թէ ՀՕՄի Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի մէջ շարունակուող ծրագիրներու կողքին, ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի մասնաճիւղերն ու անդամները թելեթոնին կը մասնակցէին 14 հազար տոլարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.