Նոյեմբեր 11ին, Վեթերաններու տօնին առիթով «Մխիթարեան» վարժարանի աշակերտները այցելեցին Լոս Անճելըսի Ազգային գերեզմանատունը, (Los Angeles National Cemetery), առաջնորդութեամբ տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներու, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու Ամերիկայի համար զոհուած զինուորներուն:
Այս առիթով, նախորդող շաբթուան ընթացքին աշակերտները Վեթերաններուն մասին իրենց մտածումները արտայայտած էին շարադրութիւններով:
Անոնք իրենց գրութիւններուն մէջ յիշած էին նաեւ հայ հերոսները, որոնք կռուած են պաշտպանելու համար մեր հայրենիքը եւ կրօնքը:
Գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հայր Օգոստինոս վրդ. Սեքուլեան: Արարողութեան ընթացքին մեզ շրջապատած էին շատ մը օտար այցելուներ եւ վեթերաններ, որոնք յուզումով եւ հիացումով կը հետեւէին հայերէն լեզուով արտասանուած աղօթքներուն եւ երգեցողութեան: Անոնք գնահատանքի խօսքեր յայտնեցին ծերունազարդ հայր Օգոստինոսին: Ապա աշակերտները արտասանեցին «Pledge of Allegiance»ը եւ այցելեցին գերեզմանատան թանգարանը: Անոնք գերեզմանատան քարերուն վրայ կարդացին նաեւ հայ զինուորներու անուններ:
Կէսօրին, աշակերտները ճաշեցին Մալիպուի տեսարժան վայրերէն մէկուն՝ «Getty Villa»ին մէջ եւ վայելեցին աշնանային գեղեցիկ բնութիւնը, ծանօթացան տարբեր տեսակի բոյսերու, ինչպէս նաեւ յունական եւ հռոմէական արուեստի գործերուն:
Դաստիարակչական օր մը բոլորելէ ետք, աշակերտները ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան դպրոց: Անոնք հասկցան, թէ հերոսները միշտ կը մնան անմահ՝ ազգերու պատմութեան մէջ:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)