ՀՈՒՐԻ ՍԵՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
«…Կեա՛ց անսասան, կեա՛ց յաւէտ, Կեա՛ց միշտ լեզուդ հայկարժան…»:
2009ի Հոկտեմբերն է: Արտասանութեան այս տողերը կ՛արձագանգեն Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանէն ներս ամէնուրեք:
Հայ մշակոյթի եւ աւանդապահութեան զանգն է: Աշակերտները ցնծութեամբ կ՛երգեն ու կ՛արտասանեն՝
«..Մանկական լեզուիս թոթովանք տկար,
Հնչում ես իմ մէջ, դու միշտ անդադար:»
«Այբ, բեն, գիմ…»: Ձեռագիր թէ՛ տպագիր հայերէն տառերը, այս ամիսը բնորոշող, լուսաւոր աստղերն են մեր դասարաններուն:
Միւս կողմէ՝ ճաշասրահէն կը բուրեն հայկական աւանդական ճաշեր՝ մեղրահամ խմորեղէն, թխուած հաց եւ հատիկ: Պտուղներէն՝ նուռը, չորցած թուզն ու ծիրանը, ընկոյզը գծագրութեան թեմաներն են:
Շրջափակին մէջ, աջդ կուրծքիդ դրած, դէպի երկինք բարձրացող հայեացքովդ կարծես անվերջ գոհունակութիւն ու շնորհակալութիւն կը յայտնես Աստուծոյ. այս պատկերով՝ հայրական սքանչելի ջերմութիւն ու ապահովութիւն կը ներշնչես բոլորիս ո՛վ Առաջին Ուսուցիչ: Իսկ ինչո՞ւ տարուան բոլոր ամիսները հոս չես մնար շրջափակի ցուցատախտակ-սրբապատկեր: Եւ կը լսուի Ա. դասարանէն՝
«Կը սիրեմ քեզ իմ հայ լեզու,
Մայրիկիս պէս քաղցր ես դու…»:
«…Եկեղեցին հայկական՝ ծննդավայրն է հոգւոյս, ….» կ՛ըսեն հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները: Յատուկ սահիկներով կ՛ուսումնասիրեն ապաստանեալ հայ գաղութներուն կառուցած եկեղեցիներուն պատմութիւնը հասնելով մինչեւ հեռաւոր Պանկլատէշ:
Այսօր՝ Կիրակի 11 Հոկտեմբեր, Կիրակնօրեայ սուրբ Պատարագին ներկայ են վարժարանիս աշակերտութիւնը, ծնողները, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը: Թէեւ տարիքով փոքր, հազիւ հայերէն կը կարդան ու կը գրեն, սակայն մեծ հաւատքով կը հետեւին իրենց Առաջին Ուսուցիչին օրինակին. անոր նման գոհութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ՝ իրենց պարգեւած «Թարգմանութեանց Թագուհի»ին համար, եւ կ՛արտասանեն՝
«Ես ծիլ եմ կանաչ՝
Մեր նոր դպրոցի,
Ես թոռնիկն եմ ժիր՝
Մեսրոպ Մաշտոցի..:
Եւ ամօթ է շատ,
Որ կեանքի ճամբին,
Իսկական թոռը
Չքաշէ պապին..»:
Ա՛յս լսելով՝ Բարձրաշնորհ Մուշեղ Ս. արք. Մարտիրոսեան կը թելադրէ բոլոր աշակերտներուն նորոգել իրենց ուխտը: Իսկապէս ալ անոնք, որպէս հաւատարիմ թոռներ իրենց ազգին ու հայրենիքին, եւ յանուն լուսապայծառ տեսիլքով յայտնուած ոսկետառերուն՝ Գիւտ Գտոց, կ՛ուխտեն միշտ սիրել լոյսը եւ ըլլալ մարմնաւորող մէկական լուսաւորչի կանթեղներ:
Այսպիսով հայ գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքը բաց կը յայտարարէ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը, Ղուկասեան սրահին մէջ :
Մնաս բարով Թարգմանչաց Տօն, մնաս բարով հայ մշակոյթի ամիս՝ Հոկտեմբեր: