ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ օրերուն պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Արաբական Միացեալ Էմիրութեան (ԱՄԷ) արտաքին գործերու նախարար Անուար Մուհամմէտ Գարագաշ, հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, արտաքին գործերու նախարարին ու վարչապետին հետ, անոնց հետ քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւման ծրագիներ:
Այս ծրագիրներու ծիրէն ներս պիտի կազմուի Հայաստան-ԱՄԷ միջկառավարական յանձնաժողով մը, որ պիտի վերահսկէ ձեռնարկուած աշխատանքներուն:
ԱՄԷ արտաքին գործերու նախարարը Հայաստանի վարչապետին փոխանցեց իր երկրի պատրաստակամութիւնը համաֆինանսաւորելու Արփա-Սեւան թունէլի վերականգման աշխատանքները: