Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային վարչութիւնը կը հաղորդեն, թէ Ազգ. վարչութիւնը, իր Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1ի նիստին, նշանակած է թեմի Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի նոր կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէն՝ Մարք Կէտիկեան, Քրիս Քէօսեան, Սօսի Յովսէփեան, Լիզա Կապուտեան, Մակի Սարգունի, Վերժին Ճարագեան, Հուրի Ասլանեան-Քէօրօղլեան, Շարլոթ Սասունեան, Ժանին Թօփալեան։