Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ընկերային թէ ամուսնական իմաստով բոլորիս համար շատ ցանկալի է յաջող ու սիրալիր յարաբերութիւն մշակելը։ Հիմնական կէտը, ուր կարելի է յաջող յարաբերութեան մը գրաւականը դնել այդ ալ պարկեշտութիւնն ու անկեղծութիւնն է։
Բոլորս ալ մեր անձերուն եւ նկարագրային յատկութիւններուն մէջ ունինք այնպիսի կէտեր, որոնք չենք սիրեր կամ կը փորձենք ձերբազատուիլ անոնցմէ։ Նոր յարաբերութեան մը սկսելէ առաջ շատ կարեւոր է անդրադառնալ ու զգուշանալ նման պարագայէ մը։ Այդ անձը, որ պիտի սիրէ ու գնահատէ քեզ, անպայման պիտի նկատէ այդ վարքագիծը, որուն համար դուն ինքդ երբեմն կը նեղանաս։ Ուրեմն քաջաբար թոյլ պիտի տաս այդ անձին, որ զգայ պատահածը եւ անդրադառնայ անոր։
Երեսուն տարուան յաջող ամուսնութեան մը զոյգին կինը կը յիշէ ու իր փորձառութիւնը կը կիսէ մեզի հետ։ Առաջին անգամ երբ առաջարկ ստացած է այդ երիտասարդէն միասնաբար սուրճի մը շուրջ նստելու, երիտասարդը այսպէս դիմած է իրեն. «Շատ հմայուած եմ քեզմով եւ կ՛ուզեմ միասնաբար ժամանակ անցնենք։ Ամէն բանէ առաջ կ՛ուզեմ իմանաս թէ հետաքրքրուած եմ միայն այն յարաբերութիւններով, ուր իւրաքանչիւրը աւելի շատ հետաքրքրուած է պարկեշտ ըլլալով եւ առանց անձը թաքցնելու իր ինքնութիւնը յայտնելով։ Նաեւ հետաքրքրուած եմ այն յարաբերութեամբ, ուր կին թէ այր մարդ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ օժտուած են եւ կատարեալ յանձնառութիւնը ունին իրենց ունեցած ստեղծագործութեան հանդէպ։
Սիրելի ընկերոջ մը վկայութիւնը կը յիշատակեմ, յարգելով անոր վսեմ կարծիքը եւ ընկերութեան հանդէպ ունեցած բարձր գիտակցութիւնը եւ ամբողջական նուիրումը. «Եթէ կ՛ուզես սիրել անվախ եղի՛ր, իսկ եթէ կ՛ուզես սիրուիլ, մի՛ կասկածիր»:
——————————————————————————————
Դեկտկմբեր ամսուան տեւողութեան կը ներկայացնենք Տօնածառերու եւ տան յարդարանքի զանազան ձեւեր, որոնք կրնան ձեր տան աւելի սիրուն ու ջերմ երեւոյթ տալ։
Նախորդ թիւով ներկայացուցինք այն պատկերները, ուր կարելի էր գտնել զանազան գոյներով ու ճաշակներով յարդարուած ծառեր եւ տան անկիւններ։
Այս թիւով եւս կը ներկայացնենք քանի մը նմոյշներ նոյն տօնական պատկերը ներկայացնող։
Կրկին կը յիշեցնենք թէ, բոլորն ալ սիրուն են եւ գեղեցիկ, սակայն ձեր տան ու ճաշակին յարմարողը ընտրեցէք ու զարդարեցէք այդպէս։