Լոս Անճելըսի իրանահայ միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ իր Գրականութեան եւ արուեստից բաժանմունքը այս տարի եւս նախաձեռնած է «Գրքի օր»ուան կազմակերպման, որ գիրքեր վաճառելու կողքին, առիթ մը կը հանդիսանայ համայնքին գրասէր հասարակութեան, հանդիպելու վերջերս լոյս տեսած հատորներու հեղինակներուն ու հաղորդուելու իր մտաւորականութեան հետ:
«Միութիւնս այս աշխատանքով նպատակ ունի զօրավիգ հանդիսանալ հայ հեղինակին եւ հայ գրքի տարածման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Միութիւնը կը հրաւիրէ իր սրահին մէջ Կիրակի, Դեկտեմբեր 20ին (կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9) կայանալիք ձեռնակին մասնակցիլ փափաքող բոլոր հեղինակներուն, որ մինչեւ Դեկտեմբեր 18ը կապ հաստատեն Իրանահայ Միութեան գրասենեակին հետ (818) 241-1073 թիւով (կ.ա. ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5):