ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Համաշխարհային Ա. Պատերազմի մարտերուն մասնակցած հայկական կամաւորական գունդերուն՝ լէգէոնականներուն նուիրուած Ամերիկայի հայկական գրադարանի եւ թանգարանի (ALMA) շրջուն ցուցահանդէսը արդէն իսկ Փասատինա հասած է եւ պիտի ցուցադրուի Փասատինայի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ՝ մինչեւ Յունուար 17:
Ցուցահանդէսը կարելի դարձած է շնորհիւ Փասատինա քաղաքի տնօրէնի նախկին տեղակալ Էտ Աղաճանեանի ու Փասատինայի նակին քաղաքապետ Պիլ Փափարեանի հովանաւորութեան:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Արտեմիս Մաթէոսեանի կողմէ, սերտ գործակցութեամբ թանգարանի վարչութեան անդամ Առաքել Ալմասեանի ու դոկտ. Պարպարա Մէրկէրեանի: Ցուցահանդէսին իրականացման համար նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած են Քէյ. Ճորճ եւ բժիշկ Քէրոլայն Էս. Նաճարեան հիմնադրամը եւ Միլֆըրտի հայ վեթերերանները:
Փասատինայի կեդրոնական գրադարանին հասցէն է՝ 285 East Walnut Street Pasadena, CA 91101 եւ գրադարանին ժամերն են՝ Երկուշաբթիէն Հինգշաբթի՝ առաւօտեան ժամը 9էն երեկոյեան ժամը 9, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 9էն երեկոյեան ժամը 5, իսկ Կիրակի օրերը կ.ե. ժամը 1-5:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.almainc.org համացանցային կայքը կամ կապուիլ Gamavor@almainc.org հասցէին: