ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2009ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի ընտանիքը ականատես եղաւ քանի մը մասնաճիւղերու հիմնադրութեան յոբելեաններուն: Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀՄԸՄ «Մասիս» մասնաճիւղը, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5ի, երեկոյեան ժամը 8ին, Արարատ Տան Միշըն հիլզի համալիրի «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ իր հիմնադրութեան 30ամեակը հրապարակային ու աննախընթաց կերպով տօնախմբեց, ճաշկերոյթ-պարահանդէսով:
Կրկնութեան գնով, հպարտօրէն կարելի ըսել, թէ սփիւռքեան հայկական կառոյցներուն մէջ ՀՄԸՄը կը հանդիսանայ իբրեւ ամենէն երիտասարդն ու քանակով մեծ, հայրենակերտումի աշխատանքին ծառայելու միշտ պատրաստ եւ յանձնառու, սերունդներ պատրաստող այն միութիւնը, որ 91 տարիներէ ի վեր սնոյց եւ միաժամանակ յագեցուց սերունդներու հոգեկան, ազգային ու բարոյական ծարաւը: Անոնք որ անդամակցած ու նուիրուած են ՀՄԸՄին, գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ հազարաւոր անդամներու ցանց մը կազմակերպել, իրերայաջորդ սերունդներ թրծել ու հայութեան կապուած հոգիով տարիներով պահել զանոնք:
Մէկ խօսքով, ՀՄԸՄականը, իր սկաուտական տարազին եւ մարզական շապիկին տակ, իբրեւ մեր երկսեռ սերունդի ներկայացուցիչ, մեր ազգին ու հայրենիքին ծառայելու իր երդումով ու յանձնառութեամբ եւ մանաւանդ ամբողջական նուիրումով, դարձած է ոչ միայն մեր փառքն ու պատիւը, այլ նաեւ մեր ազգային գոյամարտի անբաժան մէկ մասնիկը:
Ուստի, երբ կը խօսինք ՀՄԸՄի «Մասիս» ընտանիքին մասին, կը նշանակէ թէ կը պատմենք Հովիտի հայութեան անցնող 30 տարիներու պատմութիւնը, որ կ՛արժանանայ բոլորին գնատանքին, սիրոյն, գուրգուրանքին եւ յարգանքին: Մասնաճիւղը անցնող երեք տասնամեակներուն ընթացքին չեղաւ պարզ երիտասարդական համախմբում մը, այլ հաստատօրէն ինքզինք խարսխեց ՀՄԸՄի բարձր սկզբունքներուն վրայ ու ինքզինք վերարժեւորեց ազգային մեր արժէքներով:
«Մասիս»ի հիմնադրութեան 30մեակին նուիրուած այս ձեռնարկին, Հովիտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի եւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ Սթիւ Արթինեանի, Թովմաս Տէօքմէճեանի եւ Ժանօ Քահուէճեանի կողքին, ներկայ էին նաեւ շրջանի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմի ատենապետ Վարդան Մինասեան եւ անդամներ, «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին արժանացած վեթերաններէն Զաքար Չորպաճեան եւ Ալպէր Ունճեան, Հովիտի շրջանին մէջ գործող ՀՕՄի, «Համազգային»ի եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, բարերարներ եւ աւելի քան 450 ՀՄԸՄականներ:
Սրահը տօնական օր կ՛ապրէր: Մուտքին՝ սկաուտ-արծուիկներ, ՀՄԸՄական լման տարազով կ՛առաջնորդէին հիւրերը դէպի իրենց սեղանները: Իսկ սրահին մէջ, երկու պատերու վրայ հաստատուած հեռատեսիլի մեծ պաստառներէն տեւաբար կը ցուցադրուէր մասնաճիւղի սկաուտական, մարզական եւ այլ աշխատանքներու տեսաներիզը:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնին, հանդիսավար Այտա Պէրպէրեան բացման իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց զօրակցութեան համար, եւ վեր առնելով միութեան գերագոյն նպատակները, բացայայտեց ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքէն ներս հայ փոքրիկին հայ մնալու իմաստաւորումը:
Թուխման Խաչատուրեան, Յովիկ Քէօշկէրեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, մեներգեց ամերիկեան, հայկական եւ ՀՄԸՄի քայլերգները, որմէ ետք Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան օրհնեց սեղանները ու իր սրտի խօսքին մէջ, շնորհաւորելէ ետք ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի ընտանիքը, անխոնջ աշխատանք եւ յարատեւութիւն մաղթեց:
Ապա ցուցադրուեցաւ գեղեցկօրէն պատրաստուած յատուկ տեսաներիզ մը, որ ունէր մասնաճիւղի 30ամեակին նուիրուած հաստատումներ, մաղթանքներ եւ վկայութիւններ: Հոն կարճ ելոյթներ ունեցան ՀՄԸՄի Շրջանայինի եւ մասնաճիւղի ատենապետները, մասնաճիւղի հին ու նոր պատասխանատուներն ու սկաուտ խմբապետները, ՀՄԸՄի պատւոյ տիտղոսին արժանացած անդամները, շրջանի կառոյցներու ներկայացուցիչներն ու համեստ անդամներ:
Նորաձեւ պատրաստութեամբ հրամցուած այս տեսաներիզը, իր խօսքերով, նկարներով եւ մանաւանդ երաժշտութեամբ մեծապէս տպաւորեց հանդիսատեսը, մասնաւոր խանդավառութեամբ լեցնելով սրահի մթնոլորտը:
Քաթիա Գարակէօզեան անգլերէն լեզուով յատուկ շնորհակալութեան խօսքեր յայտնեց մասնաճիւղի հին ու նոր բոլոր հովանաւորներուն: Այս առթիւ յատկապէս գնահատեց տեսաներիզը պատրաստող ՀՄԸՄական ծնողք Կարօ Պոստաճեանը, որուն առ ի երախտագիտութիւն մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արամ Չօպանեան յատուկ գնահատագիր մը յանձնեց:
Նման գնահատագրի արժանացաւ նաեւ մասնաճիւղի 16 տարեկան մարզիկ Վաչէ Գազանճեանը, որ հայրենիքի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄկան վերջին խաղերուն 12 մետալններ շահած էր, լողի մրցումներուն մէջ:
Նոյնպէս Քաթիա Գարակէօզեան յատուկ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտուիթիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ ամիսներէ ի վեր ճգնած էր բացառիկ կերպով տօնախմբելու միութեան յոբելենական այս թուականը:
Յանուն ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Թովմաս Տէօքմէճեան շնորհաւորելէ ետք մասնաճիւղը շեշտեց, թէ միութիւններու կեանքին մէջ նման թուականներ անկիւնադարձային են եւ ասկէ մեկնած կ՛ապահովեն նոյն այդ միութեան յարատեւութիւնը:
«ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30ամեակը մեզի համար սովորական նշում մը չի կրնար ըլլալ, այլ՝ բոլորիս համար յաղթանակի թուական մը, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ միութիւնը ճակատաբաց տակաւին տասնամեակներ պիտի շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը ու «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանով նոր սերունդներ պիտի դաստիարակէ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով «Մասիս»ի անցնող երեք տասնամեակներու վրայ երկարող կեանքի խոչընդոտներուն, Տէօքմէճեան շեշտեց, թէ միութիւնը կրցած էր զանոնք յաղթահարել շնորհիւ իր անդամներուն եւ համակիրներուն անսակարկ նուիրումին եւ զօրակցութեան: «Մեր մաղթանքն է, որ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին անբաժան դարձող այս մասնաճիւղը շարունակէ իր փայլուն երթը, յանուն մեր նոր սերունդի վաղուան եւ մեր ժողովուրդի ապագային», եզրակացուց Թովմաս Տէօքմէճեան եւ ապա բեմ հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանը, որպէսզի մասնաճիւղի ատենապետ Արամ Չօպանեանին յանձնէ պատմական այս թուականին յատուկ Շրջանայինի գնահատագիրը:
Իր կարգին, նախ Պէթի Մկրեան փոխանցեց մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը, որուն յաջորդեց Փօլ Տէրտէրեան, որ իբրեւ մասնաճիւղի սկաուտական կազմի խմբապետ, սրտի խօսքը յայտնեց, առ ի շնորհաւորանքն ու երախտագիտութիւն իր շատ սիրելի միութեան եւ անոր հին ու նոր, մեծ ու փոքր բոլոր անդամներուն:
Պատմական այս նշանակալից օրուան առթիւ վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր յատուկ գնահատագրերով արտայայտելու իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը բոլոր այն անդամներուն, որոնք անցնող երկար տարիներուն իրենց նիւթա-բարոյական ներդրումը բերած էին մասնաճիւղի յարատեւութեան եւ բարգաւաճման գործընթացին:
Այսպէս, սկաուտ-արծուիկ զոյգի ընկերակցութեամբ, յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան թիւով հետեւեալ 14 ՀՄԸՄական եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք ատենապետ Չօպանեանի եւ Շրջանային ներկայացուցիչ Տէօքմէճեանի ձեռքով ստացան իրենց գնահատագիրները. Քրիս Աբգարեան, Ստեփան Պաղպուտարեան, Վաչէ Պէրպէրեան, Վարդան Գույումճեան, Յակոբ Աւետեան, Յակոբ Տէմիրճեան, Խաչիկ Պոյաճեան, Յովսէփ Աւագեան, Էտի Կրպոյեան, Յովսէփ Պչաքճեան, Հուրի Գազանճեան, Այտա Տէրտէրեան, Յակոբ Սերոբեան եւ Վազգօ Ճէնէպեան:
Իւրաքանչիւր գնահատագիր ստացող անդամի բեմ ներկայութեան՝ հանդիսավար Այտա Պէրպէրեան անգլերէնով ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց զայն:
Պատմական այս ձեռնարկը խանդավառեց «Զանգեզուր» նուագախումբը: Տեղի ունեցաւ աւանդական մոմավառութիւնը, որուն մասնակցեցան աւելի քան երեսուն անդամներ: Տեղի ունեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւն:
Անկասկած, որ 30ամեակի այս հրապարակային շքեղ տօնակատարութիւնը գեղեցիկ շարժառիթ մը պիտի հանդիսանայ մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն համար, յանձնառու գիտակցութեամբ վերանորոգելու ՀՄԸՄի մեծ նշանաբանին իրենց ուխտը: Մեր կողմէ, լաւագոյն ու բարի երթի մաղթանքներուն կողքին, սրտանց շնորհաւորանք մը կ՛ուզենք հասցէագրել 30 տարեկան այս երիտասարդ մասնաճիւղին: