ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ 119ամեակին առիթով Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2009ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն՝ կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի։
ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգի երգեցողութենէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Տիգրան Ճինպաշեան յայտարարեց, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութենէն (ԼԵՄ) եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն (ԶՈՄ) 44 երիտասարդներ եւ ուսանողներ թեկնածու են անցնելու ՀՅԴ շարքերը, որմէ ետք բեմ բարձրացան թեկնածուները։
Ապա դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ դաշնակցական երդում կատարելը մեծ յանձնառութիւն է՝ նշելով, որ այս սերունդը պիտի կոչուի «Արամ Մանուկեանի սերունդ», քանի որ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան 90ամեակն է։ Յովսէփեան յայտնեց, որ մանուկեանները ոչ միայն կերտեցին ազատ ու անկախ Հայաստան, այլ պատիւ բերին բոլոր անոնց, որոնց սրտերը լեցուած են հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարներով։
Յովսէփեան ըսաւ, թէ երդուեալները երդման արարողութենէն ետք կը սկսին ծառայողական գործի, որ համեստ յանձնառութիւն մըն է՝ գործելու կարգապահօրէն, որպէսզի մեր պայքարը դառնայ աւելի ազդեցիկ եւ մենք հասնինք մեր իտէալին։
Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու պատճառով ստեղծուած ճգնաժամային այս պահերուն Դաշնակցութեան շարքերուն միանալը երդուեալներուն ուսերուն վրայ կը դնէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն՝ մասնակից դառնալու համար Դաշնակցութեան ճամբով տարուող աշխատանքներուն։
Յովսէփեանի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը։