ՊԱՔՈՒ, »Էյ.Փի.Էյ.«.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին յայտարարեց, թէ Պաքու լրջութեամբ չի մօտենար Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն պէտք է մասնակցին նաեւ Արցախի իշխանութիւնները:
Ըստ անոր, նման յայտաարութիւններ »ներքին օգտագործման« համար կը կատարուին:
Փալուխովի համաձայն, Սարգսեանի յայտարարութիւնը խոտոր կը համեմատի միջազգային օրէնքներուն, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնը, »բռնագրաւող« կողմ ըլլալով, իրաւունք չունի բանակցութիւններուն մասնակցելու: