ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան առջեւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին տուած վկայութեան ընթացքին, արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Ֆիլիփ Կորտըն անճիշդ համարեց վերջերս դիւանագիտական շրջանակներու եւ մամուլին մէջ շրջող այն պնդումները, թէ Եւրոմիութեան անդամակցելու բանակցութեան մէջ իր դիմագարաւած դժուարութիւններուն հետեւանքով, Թուրքիա ՆԱԹՕի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին հետ իր յարաբերութեանց նուազ ուշադրութիւն կը դարձնէ եւ իր ճիգերը կը կեդրոնացնէ այլ երկիրներու հետ կապերը սերտացնելու աշխատանքներուն վրայ:
Կորտըն յայտնած է, թէ յատկապէս վերջերս Ուաշինկթըն այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ խորհրդակցութիւնները ցոյց տուած են, թէ երկու կողմերուն միջեւ կապերը կը շարունակեն սերտ մնալ:
Վկայութեան ընթացքին, Ներկայացուցիչներու տան թրքամէտ անդամ Ռապըրթ Ուէքսլըր պաշտպանած է Անգարայի իշխանութեանց վերջին քայլերը, պնդելով թէ ամերիկեան տեսակէտէն անոնց պատճառած վնասները շատ աւելի նուազ են, քան անոնցմէ ապահովելիք շահերը: Ան իբրեւ օրինակ գործածած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ քրտական տագնապը լուծելու նպատակով աառաջադրուած «ժողովրդավարական բացուածք» քաղաքականութիւնը:
Կորտըն նաեւ ընդունեց, թէ կարգ մը հարցերու շուրջ Անգարա եւ Ուաշինկթըն տարբեր կարծիքներ ունին, իբրեւ օրինակ նշելով Իսրայէլի, Իրանի եւ Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ կապերուն շուրջ տարակարծութիւնները: