ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքարանէն ստացուած լուրերուն համաձայն, արդէն գործի լծուած է Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը, որ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին պատրիարքարանին մէջ գումարած է իր անդրանիկ ժողովը եւ կատարած է պարտականութեանց բաշխում։
Փոփոխութիւն կատարուած է նաեւ յանձնախումբի անդամներուն կազմին մէջ, որովհետեւ հրաժարած են Մաշտոց քհնյ. Գալփաքճեան եւ Պարոն Նալպանտը։ Ասոնց փոխարէն պաշտօնի հրաւիրուած են պահեստի անդամներէն Խաչիկ Ճանէլ եւ Դաւիթ Տամլա։ Ասոնց միացած է նաեւ փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլ։ Մամլոյ խօսնակ նշանակուած է Սեդրակ Տավուտհան։
Դեկտեմբեր 21ին պիտի կայանայ յաջորդ ժողովը, որուն պիտի հրաւիրուի նաեւ մամուլը։