ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Թէքէեանին կերպարը՝ Թէքէեանէն առնուած, առաւել անոր խոժոռ նկարին թողած սխալ տպաւորութիւնը հանրութեան մօտ, կը թելադրէ անհատ մը որ կարծէք հանրութեան մէջն ըլլալով միատեղ, հեռու է անկէ, այլուրային խոհականութեամբ եւ իր մասին հիւսուած հէքեաթային միջադէպերով, բայց յենուած իր վաստակին անմերձենալի լրջութեան վրայ։ Բարեբախտաբար, Յակոբեանի գիրքը կու գայ փարատելու այս տպաւորութիւնը ու կը յաջողի Թէքէեանը վերստեղծել իբր պարզ մարդ մեզմէ իւրաքանչիւրին նման, ահռելիօրէն հաղորդական մարդ մը՝ օժտուած սքանչելի զուարթախոհութեամբ, այսինքն հրաշալի հիւմըրով։
Գիրքը՝ «Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախոյզը» ունի բոլորովին տարբեր մօտեցում՝ գրող մը, գործիչ մը, մարդը մէկ խօսքով, կերպագրելու։ Չկան կենսագրական տուեալներու նկարագրութիւններ, եւ չկան կրթական աշխատանքներու հոլովոյթի քրոնիկագրումներ։ Ընթերցողէն կ՛ակնկալուի գիտնալ, թէեւ մասնագիտական ճանաչում Թէքէեանի կեանքին կամ կենսագրութեան անհրաժեշտ չեն լիովին ըմբոշխնելու գիրքը։ Հո՛ս է արդէն այս հատորին ինքնուրոյնութիւնը, հետաքրքրականութիւնն ու այժմէականութիւնը։ Բառը՝ այժմէականութիւն, անյարիր չէ հոս, բայց մենք, ընթերցողներս, մեր իրաւունքին մէջն ենք հարցնելու թէ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա հեղինակը սպասեց զայն լոյսին բերելու քանի գիրքը խարսխած օրագիրները, որոնք կը հայթայթեն այս հատորին ուժեղ ողնասիւնը, գոյութիւն ունէին տասնամեակներէ ի վեր բայց միւեւնոյն ատեն ալ նոյն այդ օրագիրները կը յուշեն պատճառը հատորին այսպիսի ուշացումին համար։
Գրքին հրատարակիչն է Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, օժանդակութեամբը Երուանդ Ազատեան Գրական Հիմնադրամին։ Հատորին 356 էջերը բաժնուած են հինգ անհաւասար մասերու՝ իւրաքանչիւրը իր ենթախորագրով։ Առաջին հատուածը կը հայթայթէ նաեւ գրքին խորագիրը՝ «Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախոյզը»։
Ակնարկելով սովորութեան մը, որուն համաձայն երբ Թէքէեան ներկայացուէր զայն յորջորջելով «բանաստեղծութեան իշխանը» ազնուականութեան, դասակարգային ախորժակներ թելադրող տիտղոսով, Յակոբեան իրաւամբ կը հաստատէ թէ «ան ո՛չ իշխան էր, ո՛չ իշխանական» եւ տեղին հարցումը կու տայ «այն ատեն թագաւո՞րը ով է արդեօք»։ Հեգնական հարցումը հողմացրիւ կ՛ընէ փորձը Թէքէեանը վերածելու բանի մը որ չէր ան: Ծանօթանալէ ետք Յակոբեանի քանդակած Թէքէեանին, կարելի է երեւակայել թէ ի՜նչ հրաշալի հեգնանքով պիտի փոխադարձէր ան իշխանական հանդերձանքը մէկդի դնելու համար։ Ի վերջոյ եթէ Թէքէեան «հին սերունդէն վերապրող մեծագոյն բանաստեղծն էր» Գահիրէի «Յուսաբեր»ի (4 Ապրիլ, 1945) դիպուկ բնորոշումով, այլեւս տարբեր տիտղոսներ անտեղի էին որովհետեւ կարելի չէ «մեծագոյն»ը գերազանցել։
Հեղինակը՝ Յակոբեան, երաժշտական պատկերով կը բացատրէ Թէքէեանի վաստակը, որպէսզի կարենայ «ճշդել իր, Թէքէեանի, տեղը գիրի հայ քնարահարներու» խմբակին մէջ եւ կը թելադրէ թաւջութակի բաժինը որուն մէջէն է որ բանաստեղծը կ՛արձագանգէ։
***
Առաջին այս հատուածին մէջ հեղինակը ինքն իրեն առաջադրանք է դրած պատասխանելու կողմնորոշող հարցումի մը, որ կրնայ եւ առանցքային ըլլալ իր մեկնաբանութեան մէջ։ Հարցումը, դրուած երկու տարբեր ձեւով, կը միտի նոյն եզրակացութեան հասնիլ։ Ահաւասիկ այդ տարբերակները.
* Ինչպէ՞ս կը տեսնէ զԱստուած կամ.
* «Ի վերջոյ ի՞նչ է Վահան Թէքէեան. հաւատացեա՞լ է թէ չէ»։
Սկիզբը ըսի թէ ինքնուրոյն մօտեցում կայ Թէքէեանը ներկայացնելու փորձին մէջ, եւ այդ ինքնուրոյնութիւնը կու գայ ճիշդ այս դիրքէն։ Չեմ յիշեր կարդացած ըլլալ մենագրական աշխատանք մը Թէքէեանի մասին, որ այսքան հանգամանօրէն անդրադարձած ըլլայ բանաստեղծին կրօնական ըմբռնումներուն ու հաւատալիքներուն։ Ըսեմ թէ Ժագը կը յանգի հոն, որ հակառակ Թէքէեանի յաճախակի «Աստուած» ու «Տէր» բառերու գործածութեան, ան խորքին մէջ հաւատացեալ մը չէ եղած այնպէս ինչպէս ինք՝ Յակոբեանը կ՛ըմբռնէ։
Կ՛ուզեմ այստեղ ներկայացնել Թէքէեանի կրօնաշունչ ու կրօնական ըմբռնողութեան մեկնաբանութիւն մը որ տարբեր է հեղինակին՝ Յակոբեանի տուածէն։ Պիտի անդրադառնամ երկու հակոտնեայ կեցուածքի նոյն հարցումին հանդէպ եւ այս անգամ խնդրոյ առարկայ մարդիկը հայեր չեն, բանաստեղծներ ալ չեն, այլ ժամանակակից կենսաբանութեան ամէնէն տիրական գիտնականներէն են։ Առաջին կեցուածքը կու գայ Ճէյմս Ուաթսընէն որ անգլիացի Ֆրանսիս Քրիքի հետ 1958ին վերծանեց միջուկային թթուի (DNA) կառուցային բնութագրումները։ Ուաթսըն յստակ կերպով յայտարարած է «մեր՝ Քրիքի ու Ուաթսընի նպատակն էր Աստուած դուրս հանել եղափոխական կենսաբանութենէն կամ evolutionary biology-էն»։
Երկրորդ կեցուածքը կու գայ նոյնքան վաստակաւոր ու հեղինակաւոր գիտնականէ մը՝ Ֆրանսիս Քոլլինզէ, որ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու Առողջապահական Ազգային Հաստատութիւններու Ծնաբանական (Genetic) Ուսումնասիրութեանց բաժինը։ Ինքն ու իր ղեկավարած խումբը եւ ոչ պետական տարբեր հաստատութեան մէջ աշխատող գիտնական մը, 1992ին միասնաբար հրապարակեցին իրենց աշխատանքին արգասիքը՝ մարդկային գունամարմիններու (chromosomes) ամբողջական կառոյցը, այլ խօսքով յաջողեցան լոյսին բերել միջուկային թթուն բաղադրող օրկանական հիւլէներու շարահարումը՝ կարելի դարձնելով ճշդելու ժառանգական որեւէ հիւանդութեան պատճառ հանդիսացող ծինի տեղը միջուկային թթուի ընդհանուր ու ահռելիօրէն բարդ կառոյցին մէջ։ Ըսեմ, Քոլլինզը նոյնքան յարգուած գիտնական է որքան որեւէ տիրական դէմք գիտական որեւէ մարզի մէջ։ Ահա իր անդրադարձն ու դիտարկումը իր իրագործումին ի տես.
«Ես միայն շնորհակալ ու երախտապարտ եմ մեր Տիրոջ որ ինծի առիթ ընծայեց դիտարկելու, տեսնելու մէկ փոքր մասը իր հսկայական արարչագործութեան»։
Երկու հսկայ գիտնականներ մին՝ հաւատացեալ, միւսը՝ ոչ։ Հաւատացեալը իր հաւատքը կը յայտնէ խոհական ու իմաստալից մէկ նախադասութեամբ, շատ յստակ, առանց տատամսումի, առանց փորձի զայն կրկնելու կամ պարտկելու։
Գալով Թէքէեանին, մեր ազգային մշակոյթի ազդեցութիւններու ենթակայ է ան ինչպէս մեր եկեղեցական դաստիարակութեան, ճիշդ այնպէս ինչպէս մեզմէ շատեր, օրինակ՝ ես, Մխիթարեանի մէջ աշակերտելով Հայր Համազասպ Ոսկեանի ու յետագային Յովակիմեանի մէջ աշակերտելով Հայր Շահէին, Հայր Մեսրոպին (երկուքն ալ յետագային արքեպիսկոպոս) ու Հայր Ներսեհին. մեզի ըսուածը, մեզի ինչ որ սորվեցուցին, հետեւեալն էր, թէ պէտք է հաւատանք Աստուծոյ եւ սակայն անհրաժեշտ չէ զԱյն կրել մեր թեզանիքներուն վրայ մանաւանդ, որ անհրաժեշտ չէ Տիրոջ անունը հարկ եղածէն աւելի յաճախակիօրէն գործածել։
Թէքէեան այս վերջին պատուէրին շատ լաւ չէ հետեւած։ Ահա քանի մը տող կ՛ուզեմ մէջբերել ըսուածը, ըսելիքս հիմնաւորելու եւ եզրայանգումի գալու համար.
Եկեղեցին Հայկական մեծ վարագոյր մ՛է բանուած՝
Որուն ետեւ սկիհին մէջ կ՛իջնէ ինքը Աստուած
«Եկեղեցին Հայկական» պատկերը այստեղ կոթողական է, որ առանց հաւատքի անկարելի պիտի ըլլար զայն յղանալ.
Այդպէս եւ ե՛ս ո՛վ Մեծ Սուրբ, հաւատարծարծ կանթեղիդ
Ըզգացի որ հոգւոյս մէջ կը ծագէր շողը վըճիտ
Եւ կը մեծնար, կը մեծնա՜ր, մինչեւ կ՛ըլլար Այգ մը նոր…։
«Լուսաւորչի Կանթեղը»
…….
…Բայց այս շընորհն, այս շընորհն ի՞մս է արդէն…
Ինձ կը թըւի, Աստո՛ւած իմ,
Որ աղօթքիս ծիածանեալ կամուրջէն
Քեզի, մեղմիւ, կը հասնիմ…
«Աղօթք»
……..
Նայէ՛ մարմինիս՛ այրելու մօտ ծառ,
Նայէ՛ հոգիիս՝ մարելու մօտ կայծ
Եւ ինծի օգնէ՛ հիմա, ո՛վ Աստուած
«Ահա Ես Ով Տէր»
……..
Պիտի ըսենք, «Մեզ դըժոխք, դըժո՜խք ղրկէ՛ անգամ մ՛ալ,
Չէ՞ որ զայն լաւ կը ճանչնանք, զայն ճանցչուցիր մե՜զ շատ լաւ,
Եւ Թուրքերուն յատկացո՛ւր արքայութիւնըդ անբաւ…
«Պիտի Ըսենք Աստուծոյ»
Հիմնական կապը այս բոլորին մէջ Թէքէեանի ե՛ւ փնտռտուքը եւ հաստատումն են, ինքն իր ձեւով, գերակայ էութեան մը՝ Աստուծոյ գոյութեան։ Կը հաւատա՞յ թէ ոչ, հոս հարցադրումի ենթակայ չէ՝ այլապէս, եթէ չհաւատար ինչո՞ւ դիմել ու գանգատիլ եւ ըմբոստանալ անոր դէմ։ Հեղինակը, Յակոբեան այս բոլորը գիտէ, տեղեակ է այս բոլորէն եւ այս բոլորը զինք մղած են ըսելու թէ Թէքէեան Աստուածախոյզն է, զԱստուած փնտռողը՝ ի հակադրութիւն Նարեկացիին որուն կը ներկայացնէ իբրեւ Աստուածասոյզ եւ «ուստի առանց վարանելու, կարելի է աստուածախոյզ Թէքէեանը քո՛վը դնել աստուածասոյզ Նարեկացիին, աստուածախնդիրի իրենց հոգեկցութեամբ»։ Հոս բառախաղով մը բայց յստակօրէն կը զօդէ երկու հսկաները մեր գրականութեան։
Յատկանիշ մը աչքաթող պէտք չէ ընենք որ հետեւեալն է։ Ակնարկեցի Յակոբեանի հաստատումին թէ երաժշտական պատկերով մըն է որ կը ներկայացնէր, կը բացատրէր Թէքէեանի արուեստը։ Առնելով պատկերը եւ վերադարձնելով իրեն, Յակոբեանը կը յայտնուի իբրեւ սքանչելիօրէն վարպետ երգեհոնահար մը, պախեան ճարտարութեամբ գրեթէ, ու իր երգեհոնը Թէքէեանի վաստակը եւ իւրաքանչիւր քերթուածը անոր, անհատական ստեղներն են այդ երգեհոնին եւ երբ Յակոբեան կը խօսի, կը գրէ ինչ որ կը մտածէ, ինչ որ զինք կը մղէ ներկայացնելու Թէքէեանի հաւատքը, իր մատներուն լոյսի արագութեամբ սահանքը ստեղներու վրայէն հրաշալի ու առոյգ կշռոյթով մը շունչ ու ձայն կ՛առնեն Թէքէեանի քերթուածներէն եւ այնքան արագ, երբեմն ընթերցողը դժուարութիւն կ՛ունենայ հետեւելու։ Զարմանալի բնաւ չէ ուրեմն, որ ոսկեբարբառն Թէքէեան, Յակոբեանի մէջ է գտած էր ճշգրիտ անհատը զինք կեանքի կոչելու էնդիի աշխարհ մեկնելէ 64 տարի ետք։ Հոս, անվիճելիօրէն տաղանդաշատ քերթողը իր բարոյական տուրքը կը վերադարձնէ Թէքէեանին՝ այն հասակին, երբ արդէն եղած է Թէքէեանի երէց ընկերը հիմա, ըլլալէ ետք կրտսեր երկրպագուն մեծ ննջեցեալի կենդանութեան։
Վերջին անդրադարձ մը եւս Յակոբեանի մէկ քրոնիկագրումին, թէ՝ Թէքէեանի արտասանած վերջին երկու բառերը եղած են «Տէ՜ր իմ» ըստ այն ականատեսներուն որոնք ներկայ են եղած անոր շիջումին։ Յակոբեանը չէ վկայած այդ պահը՝ մեկնած էր տուն քիչ մը հանգչելու, յաջորդ օր կրկին վերադառնալու մտադրութեամբ։ Բայց իրեն չէր վիճակուած տեսնելու շիջումը իրեն շատ սիրելի երէց վարպետին, թերեւս նախախնամօրէն, որպէսզի ինք կարենար միշտ ինքզինքին հաւատացնել փորձել թէ Թէքէեանը տակաւին կը շնչէ։
Հետեւեալ փոխասացութիւնը տեղի է ունեցած երկու Հոգիի միջեւ.
– Յիշեա զիս, Տէր, յորժամ գայցես արքայութեամբ քոյ։
– Այսօր ընդ իս իցես ի դրախտին։
Ընթերցողը կը յիշէ հաւանաբար Շնորհալիի սքանչելի շարականը՝ «Տարածեալ»ը ուր կ՛ըսէ «Ի մէջ երկուց անօրինաց կար մերկացեալ տուողն օրինաց» եւ ուրեմն պէտք է կարենայ գուշակել թէ ուրկէ կու գայ մէջբերումը։ Դիտաւորեալ է այս անդրադարձը որպէսզի հաստատենք թէ արհեստավարժ «անօրէն»ը կը սրբուի մեղքերէն այն ատեն միայն երբ կը սաստէ ընկերոջ՝ չծաղրելու իր Տէրը որուն անմեղութեան ինք հաւատացած էր։ Թէքէեան անօրէն մը չէր, բայց հաւատացեալ մը՝ վստահօրէն, այլապէս ինչո՞ւ վերջին պահուն դիմել Տիրոջ մը որուն չէր հաւատար։
Հասարակ տեղիքի չէ որ կ՛ուզեմ վերածել այս երեւոյթը, որ Յակոբեան սքանչելիօրէն պեղած է ու ներկայացուցած հանրութեան։ Ուրկէ՞ սակայն Թէքէեանի հաւատքին ակունքները կամ սկզբնաղբիւրը։ Հետեւեալ քանի մը տողերը բաւ են պատասխանելու հարցումին.
Մեր հայրենի պալատէն, պարտէզներէն մընացորդ՝
Դալարագեղ դուն պուրա՛կ, որ դիմացար դարերու
Եւ կը մընաս միշտ առոյգ, հին աւիշով կենսայորդ… «Տաղ Հայերէն Լեզուին»
………
Տարբե՜ր ես դուն մեր երազէն. աւելի՛ լաւ…
Աւելի լա՛ւ կ՛ըսեմ այո՛, անզիղջ, անգութ,
Զի դատակնիքն է «չեղածին» փա՛ստն «ըլլալուդ»…
«Ներկայ Հայաստանին. Ա.»
Եւ շղթային՝ Արեւմուտքէն Արեւելք
Վերակապուող կեանքի ամո՛ւր շղթային՝
Կ՛ըլլայ մեր պինդ Ազգը օղա՜կը նախկին…։
«Ներկայ Հայաստանին.- Գ.»
……….
Երբ հիմա մօտ, մօտեցա՜ծ այդ Արշալոյսը ծագի՝
Գիտեմ ես Ցեղ մը ցրուած ամբողջ երեսը երկրի,
Որուն բոլոր դամբաններն ու օրրաները բոլոր
Պիտի յանկարծ արթննան, պիտի գոչեն հրճուանքով,
Երդէ երդիք, փոսէ փոս, հայրը որդւոյն, որդին հօր,
Թէ ա՛լ կրնայ՝ մին աճիլ ու միւսն հանգչիլ ապահով…։
«Երբ Օրը Գայ Վերջապէս»
Այս քերթուածներուն մէջն է Թէքէեանի ազգային հաւատալիքներու փաստը եւ իր հաւատացեալի իրականութիւնը պիտի բիւրեղանար ու բիւրեղացաւ այս քերթուածներու ոգիին պարտադրած սահմաններուն մէջ։ Ճիշդ է, Յակոբեանը կ՛ակնարկէ մեր եկեղեցւոյ ազգային հանգամանքին, թէ կը շեշտենք անոր ազգայինը։ Ատենին Աղբալեանը, Յակոբեանի ու Չարենցի գրական կնքահայրը, ըսեր էր թէ «հայ ժողովուրդը կ՛ազգայնացնի կոմունիզմը ճիշդ այնպէս ինչպէս արեց քրիստոնէութեան պարագային»։ Բարեբախտաբար ժամանակները եկան ցոյց տալու թէ կոմունիզմը այնքան ալ ազգայնացուելիք բան մը չէր ու մանաւանդ չտեւեց։ Արդ, Թէքէեան ըլլալով ահռելիօրէն կամ ինչպէս Չարենց պիտի ըսէր ամեհիօրէն հա՛յ բանաստեղծ, չէր կրնար մեր ազգային ըմբռնումներէն ու առհաւութիւններէն ու գաղափարախօսութենէն զերծ մնացած ըլլալ եւ իր պատկերը «Վարդանանք»էն մէջբերուած
«Յաղթեցի՛նք, կ՛ըսէ, Պարսիկը փախաւ…»
… Հաւատքի հուրը նորէն կը շողայ։
«Խորհուրդ Վարդանանց»
Փաստն է այս հաստատումներուն։ Խրոխտ, ինքնատիպ ու արու կեցուածք օրինակ՝ սերունդներուն փառասիրելու միեւնոյն սխրանքը միեւնոյն նպատակները։
Թէքէեանի հզօրութիւնը կու գայ իր համոզումներէն, իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած հաւատքէն ու այդ հաւատքին վրայ խարսխուած իր եկեղեցւոյ հաւատամքէն։ Եւ հետեւաբար իր հաւատքը այնքան է խոր է եւ ուժեղ, որքան իր ժողովուրդը կառչած էր այդ հաւատքին։
Ճիշդ է հեղինակը որուն հետ կարելի չէ տարակարծիք ըլլալ երբ կը հաստատէ «Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին ազգայնական բնոյթ կամ դէմք չունի» ինչպէս ճիշդ է նաեւ երբ կը հաստատէ կրկին, թէ «մե՛նք, հայե՛րս սակայն, ազգայնացուցած ենք զայն» բայց այդ արարումը մեր պապերուն պէտք է՞ սխալ համարել, վերջին հաշուով ազգային եկեղեցին չի ժխտեր որեւէ անհատի հաւատացեալ ըլլալու եւ այս իբր բացատրութիւն եւ պատասխան հեղինակին եզրակացութեան.
Հաւանական է որ «Եկեղեցին Հայկական»ի հեղինակը կը շփոթէ Աստուած կղերին հետ, չի զանազաներ զԱստուած կղերէն։ Եւ ուրեմն, իր հաւատքին տկարութիւնը կամ պակասը կը բխի՛ այդ շփոթէն։
Յայտնօրէն տարակարծութիւն մը կայ Թէքէեանի ըմբռնումերուն շուրջ, բայց կարելի չէ հետեւցնել թէ Թէքէեան յուսախաբ՝ հայ կղերէն նաեւ հաւատացեալ մը չէ։ Երբ հեղինակը կը բացատրէ թէ Թէքէեան «միա՛յն փունջ մը հանրայայտ, «Եկեղեցին Հայկական»ին պէս ժողովրդական իր քերթուածներով ծանօթ է բազմութիւններուն, այլապէս ան թերեւս ամէնէն անծանօթ քերթողն է իր ներաշխարհով որ «գաղտնի պարտէզ մը կը մնայ», ուրկէ ո՛չ ոք մտաւ ներս»։ Արդ, եթէ իր ոչ-ժողովրդական քերթուածները ընթերցողները կ՛արգելակեն խորանալու իր ներաշխարհէն ներս, որքա՜ն աւելի եւս դժուար պիտի ըլլայ բացայայտելը բանաստեղծին հաւատացեալ ըլլալը կամ ոչ, որ անոր ներաշխարհին հաւանաբար ամէնէն գաղտնի ծալքերուն մէջ կը մնայ եւ ուր հազիւ թէ կարելի ըլլար թափանցել։
Վերջացնելու համար այս հատուածի քննարկումը, Յակոբեան կը յայտնէ թէ Թէքէեան իր «Տաղարան»ը մակագրած է «բանաստեղծ բարեկամիս, ջերմ սիրով, Մարտ 20, 1945» ու հատուածը կը վերջանայ այսպէս.
Մինչեւ այսօր
Քու յիշատակդ զիս լալու չափ կը յուզէ…
Երանի՜ թէ գիտնայիր, թէ ո՜րչափ…
Սիրոյ այս հաստատումը՝ երիտասարդ բանաստեղծէն իր երէց գրչակիցին հանդէպ, կը կազմէ լէյթմօթիվը գրքին, զանազան մասերու, դրուագներու աւարտին բանաստեղծը հարկ կը նկատէ սիրոյ այդ հաստատումը կատարելու, կարծէք ինքզինքին առիթ տալու որ շունչ մը քաշէ եւ սանձէ յուզումնախառն զգայնութիւններու ալեբախումը իր յուշերու խարակներուն դէմ։
***
Երկրորդ մասը գրքին կը կրէ «Երկու Սիրավէպեր Իրական Կեանքէ» խորագիրը ու պատումը կը կատարուի 1937էն 1945 երկարող ժամանակահատուածին օրագրութիւններով ատենը մէկ ընդհատուած հեղինակին բացատրութիւններով։ Այդ էջերը «կ՛ընթանան զուգահեռ գիծերու պէս, ի վերջոյ իրարու միանալու համար շրջուած տելթայի մը պէս» կ՛ըսէ հեղինակը երկու սէրերու մասին որուն առաջինը իր իսկ բառերով «Օր. Ազատուհի Սեւյօնքեանի հետ հետզհետէ ուռճացող իմ ընկերական կապը եւ ինչո՞ւ չէ բիւրեղաջինջ, վիպային ու բանաստեղծավայել սիրոյ կայծի մը բողբոջումը, ապա բորբոքումը, ի վերջոյ՝ փոթորկումը»։ Սիրոյ մը ծաղկումը որուն խայտանքը ուրիշ երիտասարդներ եւս կը զգան, զգացած են, բայց անոնցը կը մնայ զերծ բանաստեղծական զեղումներէ, բանաստեղծութեամբ կամ քերթուածներով ու անշարժացուած պահերով եւ վկայութեամբ։ Զուգահեռ սէրը օրագրական էջերուն կը կազմէ սէրը Վահան Թէքէեանի հանդէպ որ այդ օրագրական էջերը լոյսին կը բերեն «եօթ-ութ տասնամեակ ետք» իրենց գրառումէն եւ ուր սեւեռուած են զանազան դրուագներ «գոյնզգոյն թիթեռնիկներու նման գնդասեղուած»։ Այս բոլորին հետ սակայն ընթերցողը կը ստանայ բաւականին հարուստ տեղեկութիւն հեղինակին կենսագրութենէն։ Ինչպէս ինք կ՛ըսէ, այս էջերէն մելանով գրուածները տժգունած են տարիներու ծանրութենէն, բարեբախտաբար մատիտով գրուածները պահած են ընթերնելիութիւնը փաստելով կրկին ու կրկին անգամ թէ միշտ չէ որ գիտական յառաջդիմութիւնները… օգտակար կ՛ըլլան։ Օրագրութիւնները տպուած են նոյնութեամբ բացի երբեմն անհրաժեշտ սրբագրութիւններէ կարգ մը ճշդումներ կատարելու կամ ժամանակակից բացատրութիւններ տալու ընթերցողին, ինչպէս կը նշէ հեղինակը իբրեւ ծանօթութիւն։
Բաւականին ընդարձակ է օրագրութիւնը՝ գրուած բանաստեղծին հօրենական տան մէջ Գահիրէ, իր աշխատասենեակ՝ մայրանոցին մէջ, եւ իր բառերով՝ «շոգեկառքի կայանին մէջ՝ ճեպընթացին սպասելու ատեն»։ Այլ խօսքով՝ նախանձելիօրէն, ժամանակ չէ վատնած բնաւ։ Այդ օրագրութիւնները, հեղինակին համաձայն «հոգիի եւ միտքի աշխարհներ իրենց բոլոր երեսներով ու գոյներով որոնք մարդ արարածի մը բովանդակ կեանքը կը կազմեն»։ Ճիշդ է պահուած են բոլոր էջերը, բայց հեղինակը «մարդկօրէն ջանացած» է «սրբել ու ջնջել ամօթի ու անխոստովանելի էջերը… որոնք տակաւին փակչած պիտի մնային թուղթին ու սիրտիս եթէ երեսունը մէկիս, օգոսոսի առաջին օրը, հոգիիս արմատական եւ կտրուկ շրջադարձով, անոնք Յիսուս Քրիստոսի մաքրարար ու փրկարար արիւնով ջնջուած չըլլային ընդմիշտ»։ Այլ խօսքով փճացուցած է այն բոլոր էջերը որոնք ժամանակակից դէմքերու երկերուն ամէնէն յատկանշական բաժինները կը կազմեն մեր օրերու պրիսմակէն դիտուած։
Օրագրութենէն կ՛իմանանք թէ ինք սկսած է գրել ֆրանսերէնով՝ տպաւորութեանը տակ իրեն շատ սիրելի ֆրանսերէնի ուսուցչին եւ իր առաջին ֆրանսերէն քերթուածը լոյս կը տեսնէ Recueil Des Jeux Floraux-ի մէջ 7 Ապրիլ 1937ին իրեն հասած։ Կ՛անդրադառնայ իր դասերուն եւ կ՛իմանանք թէ հեղինակը ուսողութեան (mathematique) դասէն շատ չախորժիր եւ իրաւունք կու տայ Յակոբ Պարոնեանին՝ այդ դասը «դիւաբանութիւն» կոչած ըլլալուն։ Սկիզբէն իսկ հեղինակը խառնած է բանաստեղծութիւնն ու ուսողութիւնը ի վերջոյ բաժնելով մէկը միւսէն ամբողջացնելու համար համալսարանական դասընթացքը եւ անոնց ապահոված ասպարէզը՝ դեղագործութիւն, գործածած իր մուսաները դարպասելու, վերածուելու համար սփիւռքի տիրական դէմքերէն մէկուն՝ մեր քերթողութեան մէջ։
Իր առաջին քերթուածը, ֆրանսերէնով լոյս կը տեսնէ դպրոցի տարեգիրքին մէջ «Au Bord du Lac» (Լճի Եզերքին) վերնագրով։ Հետաքրքրական է թէ ֆրանսերէն իր մէկ քերթուածին հայերէնի թարգմանութիւնը (Սահակ Պալըգճեանի կողմէ) լոյս է տեսած «Յուսաբեր»ին մէջ 1936ին եւ կը հանդիսանայ իր առաջին հայատառ քերթուածը եւ միայն ամիս մը ետք նոյն տեղ լոյս կը տեսնէ իր ինքնագիր հայերէն առաջին քերթուածը «Մշուշին Մէջ» վերնագրով։ Բարեբախտաբար, շուտով հեղինակին «հայ արիւնի հայութիւնը» կը նուաճէ «սիրտն ու միտք»ը ու մայրենիով իր ապրումները կ՛երկնէ։ Կանուխէն, սկզբնական փորձերէն իսկ, Գահիրէի հայ մամուլը՝ թէ «Յուսաբեր»ը եւ թէ «Արեւ»ը չեն զլանար իրենց լիաբուռն քաջալերանքը նորաբողբոջ բանաստեղծին։ Օրագրութենէն կ՛իմանանք նաեւ թէ «հաւանաբար, ամէնէն ծեր ու ամէնէն տարեց ՀՄԸՄականն» է (էջ 81) հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գոնէ եւ որուն անդամագրուած է տակաւին պատանի, իր եղբօր հետ 1930ին։ Այլ խօսքով 79 տարու ՀՄԸՄականն է ինք։
Թէքէեանի հետ ծանօթութիւնը կը սկսի 1938ին։ Օրագրական էջերը կը յատկանշուին իրենց պարզութեամբ։ Գրուած են արագ, անպաճոյճ, առանց մտածելու, հապճեպով՝ մղուած չմոռնալու հնարաւորութենէն, տրուող օրուան կարեւոր կամ ոչ շատ կարեւոր դէպքերու, պատահարներու, դէմքերու մասին, պարզ, անբռնազբօս, իւրայատուկ, հաճելի ոճով, առոյգ, արագընթաց կշռոյթով։ Լաւ զուգադիպութիւն մըն էր, երբ Կիրակի Սետեմբեր 6ի առաւօտ ընկեր մը կանչեց Պօսթընէն ըսելու թէ գիրքը ստացած էր եւ հարցումիս թէ հաւնեցա՞ւ գիրքը պատասխանեց.
– Հէչ մի ըսեր խայօ, հրաշալի է, հակառակ վերապահումներուս, գլուխ գործոց է, առի եւ արդէն գրքին կէսը կարդացի։
Զարմանալի չէ բնաւ այդ հակազդեցութիւնը գրքին որովհետեւ կարծէք իբրեւ «վերնագիր» դրուած յաջորդական թուականները կ՛որոշեն ընթերցումի արագութիւնը։ Այդ ընթացքը կը շեշտուի մանաւանդ երբ կը սկսի Թէքէեանի հետ ծանօթութիւնը եւ օրագրութիւնը կը թաւալի այդ ծանօթութեան/բարեկամութեան շուրջ՝ բարեկամութիւն մը որ շուտով կը վերածուի մօտիկ, տաք, հարազատ մտերմութեան։ Հո՛ն է որ կը տեսնենք Թէքէեանը ամբողջութեամբ իր գրական լեզուի հանդերձանքը մէկդի դրած, կը խօսի մեր արեւմտահայերէնը՝ Պոլսոյ, պարզ, իր ռամիկ ոճաբանութիւններով, ինչպէս Յակոբեան կ՛ըսէ թէքլիֆսըզ լեզու մը որ կրկնակիօրէն կը սիրցնեն զայն գործածող սֆինքսեան անմերձենալիութեամբ բոլոր ժամանակներու յաւիտենական բանաստեղծը։ Կը տեսնենք, մտիկ կ՛ընենք Թէքէեանին եւ անխուսափելիօրէն կը տարուինք մտածելու թէ «Ծօ՛ ի՜նչ խօշ է մարդը, եթէ հիմա ողջ ըլլար կը հրաւիրէինք ընթրիքի եւ մինչեւ ուշ գիշեր, մինչեւ առտու, զէվզէկութիւն կ՛ընէինք, իր ջերմութեամբ, սրամտութեամբ վստահաբար բոլորիս տեղը նստեցնէր» ու այս կ՛ըսեմ ոչինչ պակսեցնելու բանստեեղծին ողիմպոսեան արժանաւորութենէն պարզապէս շեշտելու Ժագ Յակոբեանի բերած անփոխարինելի նպաստը Թէքէեանը վերածելու մահկանացու մարդու ճիշդ մեզմէ իւրաքանչիւրին նման եւ մեզմէ իւրաքանչիւրէն զատորոշուելով իր պողպատէ ծանրութեամբ եւ եթերի նման շաղ եկող հեղինակութեամբ։ Ստորեւ քանի մը մէջբերում գրքէն Թէքեանի անդրադարձումներէն իր բառերով.
Հարցումին թէ առողջութիւնը ինչպէ՞ս է, կը պատասխանէ
– Է՜հ իշտէ՜
Ուրիշ առիթով մը՝ սինեմա պիտի երթան։ Թէքէեան անհանգիստ կը զգայ ու երբ Ժագ կը թելադրէ յետաձգել կը պնդէ.
– Չէ՛, չէ՛, երթանք, նստեր եմ հո՛ս կամ հո՛ն։ Նախ պարտքս վճարեմ (ակնարկելով տոմսի գինին)։
Երբ Յակոբեան կ՛առարկէ թէ պէտք չէ «իտէալիստ բարձունքներէն վար՝ գետինները» իջնել, Թէքէեան տեղի կու տայ.
– Քանի որ իտէալը մէ՛ջ կը մտնէ խօսքս ետ կ՛առնեմ։
Տարբեր առիթով մը քիչ մը խօսելէ ետք յանկարծ.
– Քանի տարիքս կ՛առնեմ՝ կարծես պօշ պողազ կը դառնամ։
Վերջացնելու համար ընթացքի/արագութեան մասին եղած ակնարկութիւնը, հարկ է հաստատել թէ իրենց հանդիպումները յաճախ կը վերջանան ընթրիքով մը, որու ընթացքին Թէքէեանի ընտրութիւնները ընդհանրապէս եղած են կաթնապուրը, կաթը, սահլէպը, էքմէք քատայիֆը, մահալլէպին, creme au chocolat-ն, մրգանոյշը (մեր գիտցած խօշաֆը) մանաւանդ կաթնապուրը։ Տարօրինակ հետեւանքը այն է այս բոլորին մէջ, թէ ընթերցողը առանց անդրադառնալու կ՛արագացնէ ընթերցումի ընթացքը որպէսզի տեսնէ թէ Թէքէեան ի՛նչ պիտի ապսպրէ յաջորդ հանդիպման։
***
Զուգահեռաբար Թէքէեանին, օրագրութիւնները մանաւանդ սկիզբը, հարուստ տեղեկութիւն կուտան հեղինակին՝ Յակոբեանի աստիճանական հասունութեան, ասպարէզի կրթութեան եւ բանաստեղծի կազմաւորման մասին։ Այս էջերէն է որ կ՛իմանանք թէ որքա՜ն փորձանք է եղած մաթեմաթիքը Ժագին համար՝ ձախողութեան տանելու գնով եւ որքա՜ն բարերար ազդեցութիւն է ունեցած այդ ձախողութիւնը յօգուտ… բանաստեղծութեան որուն ուղղակի արդիւնքն է եղած հեղինակին երախայրիքը հանդիսացող «Գաղտնի Ճամբան» հատորը, կը տեղեկանանք, թէ ինչպէ՜ս իր մայրը կը ցնծայ.
«Էզաճի՜» տղաս
ըսելով երբ վկայականը կը ստանայ եւ մանաւանդ կը տեսնենք, թէ ինչպէս երիտասարդական սնապարծութիւնը կը մղէ զինք «եզակի տիտղոս մը դարբնելուն միայն» իրեն համար՝ իրն են բառերը, եւ տիտղոսը կը կոչէ
Ph.Ch. Po.
որ կը թարգմանուի՝ Pharmaceutical Chemist Poet, եւ որովհետեւ տիտղոսը կը բաղկանար վեց գիրէ, ընթերցողը անմիջապէս կ՛անդրադառնայ անոր… կասկածելիութեան։ Միեւնոյն ատեն նաեւ կը վկայենք յառաջընթացը ծլարձակուող, նորաբաց յասմիկի մը նման թարմ ու բուրումնալից ու այնքան ջինջ ու մաքուր սիրոյ մը որուն ամբողջական ու վերջնական հասունացման, ականատեսները կ՛ըլլանք գրքի վերջաւորութեան։ Զարմանալիօրէն, առանց ծրագրումի, ներկայ ըլլալէ ետք պրն. Սեւյօնքեանի դուստր՝ Ազատուհիի ծննդեան տարեդարձին, շնորհակալական խօսքին հետ կը ներփակէ նաեւ քերթուած մը օրուան առթիւ.
Ձեր օրերուն պայծառ ծառն՝ արդէն շաքլած բազմերանգ՝
Աստղերուն չափ անհատնում թո՛ղ բողբոջի ամէն ժամ,
Ամէն վայրկեան աւելի՝ շափրակներով անթարշամ…
……..
Պիտի ներէ՞ք ինձ, Օրիո՜րդ, անկարելի՛ն թէ մաղթեմ,
Թող չթօշնի՜ երբեք ծառն օրերուն ձեր ծաղկեղէն,
Արեւն յաւէտ չմարի՜ իր ճիւղերուն երկնաճեմ…
Այս քանի մը տողերը բաւ՝ որպէսզի հաստատէք արեւմտահայերէնի վարպետ տիրապետումը, կամ աւելի ճիշդ, արեւմտահայերէնի կախարդ վարպետը, բանաստեղծական շունչի առկայութիւնն ու քնարական յուզականութեան կշռութաւոր ընթացքը քերթուածին։ Այս բոլորը միասնաբար կը բնորոշեն քերթողական իր գործը եւ որոնց մասին անդրադարձան առաջին անգամ ըլլալով Վահան Թէքէեանն ու Նիկոլ Աղբալեանը իր Ժագին հաստատումով Թէքէեան իր առաջին կնքահայրը իսկ Աղբալեան իր երկրորդ կնքահայրը ըլլալով:
***
Կեանքի ամբողջ եռուզեռին, թոհ ու բոհին մէջ, ժամանակագրութիւնը թէեւ քիչ մը զոհուեցաւ, օրագրական էջերը 13 Մարտ 1945էն մինչեւ 4 Ապրիլ, 1945ի վրայ տարածուող, պատումն են մեծ բանաստեղծի հոգեվարքին։ Խորհրդականշականօրէն, 22 օրուան գրառումնրը մանրամասն կը նկարագրեն բանաստեղծին տառապանքն ու ցաւերը հիւանդութեան պատճառաւ՝ շնչառութեան դժուարութենէ եկող։ Կը տեսնենք Ժագը՝ ի՜նչ բծախնդրութեամբ հոգ կը տանի։ Մայրանոցի մէջ աշխատող պարզ դեղագործը չէ այլեւս, այլ Թէքէեանի հարազատը, հար ու նման արիւնակից հարազատին որ անկարելի չէ երեւակայելը, բան մը որ այս վերջինը կրնար եւ չըլլալ, պահապան հրեշտակ մը թերեւս Ժագը այդ բախտորոշ օրերուն միշտ մօտիկը հիւանդին։ Այդ բոլորին մէջ Թէքէեան առիթ կը գտնէր բացատրելու.
– Ես ամէն կարելիս ըրի, ակնարկելով Ժագին ու Ազատուհիին կապին ամրապնդման։
Ձեւով մը ականտեսը կ՛ըլլանք բնութեան հիմնարար օրէնքին՝ ողիմպոսեան մեծ ու ծանրակշիռ քերթողը կը պատրաստուի մեկնիլ այս անցաւոր աշխարհէն մտնելու համար անմահութեան անդաստանէն ներս, եւ երիտասարդական աւիւնով ու կրակով լեցուն նոր բանաստեղծը հաստատօրէն կը մտնէ քերթողութեան դարպասներէն, ապահովելու շարունակականութիւնը մտքի ու ոգիի արարչական ստեղծագործութեան ու երկնումին։ Կը տեսնենք թէ ինչպիսի գուրգուրոտ Ժագը կը խնամէ՝ բարձը փոխել, նստեցնել հիւանդ բանաստեղծը, անկողինը շտկել, կեղծ ատամները լուալ, ճաշը կերցնել, մեկնիլ տուն քանի մը ժամուան հանգիստի համար ու կրկին վերադառնալ սնարին զայն առանձին չթողնելու, արձանագրելու Թէքէեանի տատանումը.
-Ի՞նչպէս հաւատալ… Ի՛նչ գիտնամ… Հաւատա՞լ, չհաւատա՞լ…
եւ
– Այո պէ՛տք է [հաւատալ] սիրելի՛ս։ Բայց ինչպէս։
Նաեւ արձանագրելու գանգատը… Ազատուհիէն
– Ո՛չ ըսինք եա… խե՞նթ է ինչ է այս աղջիկը պէ… մեռցնել կ՛ուզէ կոր։
Ու այս գանգատը կ՛ընէր որովհետեւ Ազատուհին հարցուցած էր թէ «cafe au lait» կ՛ուզէ՞ր մրգանոյշէն ետք։ Եւ վերջնական յանգումէն օր մը առաջ Ժագի անուան Ժագ Ս. Յակոբեանի մէջ գտնուող «Ս»ի շուրջ կատակը Միքայէլ Կիւրճեանի հետ երբ Թէքէեան հարց կու տար Ժագին «Ժագ Սէ. թէ Ժագ Սէ. Սէ.» ակնարկելով ծաւալի գիտական միաւորին centimetre cube։
Այդ վերջին օրը՝ երեկոյեան Թէքէեանի սնարին մօտ հինգ հոգին գիշերը կը մեկնի յաջորդ օր վերադառնալու համար։ Սակայն յաջորդ օր, Չորեքշաբթի Ապրիլ 4ին (1945) երեկոյեան, Ժագ կը ստանայ մահուան գոյժը։ Այդ ու յաջորդ օրերուն առնուած նօթերը սրտակից ընկերոջ մը մղկտացող ու մղկտացնող, աղիողորմ եղերերգութիւնն է որ կը հնչէ Ժագին անպարփակելի ու խռովայոյզ վիշտին ցայտքով։ Երկու տարի ետք ի մի կը բերէ իր յուզումներն ու ապրումները «Մարդ մը Մեռաւ» հատորին մէջ ուր իր ասքը՝ «Սրտի Գիր» վերնագրով կ՛ոգեկոչէ կորուսեալ բանաստեղծը եւ ակնարկելով անծանօթներու կը հաստատէ.
Պիտի կարծեն մեզ իրօք հայր ու զաւակ հարազատ…
եւ, թերեւս, որպէս տապանագիր տառ առ տառ հեղինակը իր հոգիին ընդերքէն կը պեղէ.
Հասա՛կ մը պերճ, որ թէեւ հողին վրայ կը կանգնէր,
Բայց կը հասնէր աստղերուն, եւ որուն շուքն երկրին վրայ՝
Ծիրանիի մ՛արքենի կարծես անծիր քղանցքն էր…
***
Գրքին վերջին մասը՝ «Մասունքի մը Պատմութիւնը» իրապէս հեքեաթային պատանութեան մը պատմութիւնն է։ Հերոսուհին ոչ այլ ոք է քան աշխարհահռչակ Գոհար Գասպարեանը՝ հայրենի երգչուհին։ Հոն պատումէն կ՛իմանանք պատանի Գոհարը՝ հմայուած է Ժագով ու սիրահարուած անոր՝ ինչպէս երեւան կու գայ իրեն ուղղուած քերթուածէն եւ սակայն առանց այդ սէրը բացայայտելու։ Այլ խօսքով, պատանեկան անմեղութեան ամէնէն անոյշ ու դիւթիչ պահը որ միայն չմոռցուող յիշատակ կը թողու։ Պիտի մէջբերեմ հանդէսի մը նկարագրականը, որուն հերոսուհին Գոհարն է Հայաստան ներգաղթելէ առաջ։ Խաղը նկարագրողը Ժագին եղբայրն է՝ Եդուարդը։ Ձեռնարկը «գեղարուեստական Երեկոյթ» մըն է Ժագենց տան մէջ։ Բեմը՝ անկողին մը իսկ վարագոյրը՝ սաւան մը։ Որպէսզի դադարները հաճելի ըլլային, շինած են խաւաքարտէ ֆօնօկրաֆ մը եւ նոյն նիւթէն շինած են նաեւ սկաւառակներ եւ բոլորը զետեղուած սեղանի մը վրայ եւ սեղանը մինչեւ ոտքերու վերջին սանթիմեթրը ծածկուած կերպասով։ Ու այդ խաւաքարտէ սկաւառակները ձայն կ՛առնեն ու կ՛երգեն անընդհատ մինչեւ ձեռնարկի վերջաւորութիւնը։ Իսկ կեանք տուողը ձեռնարկին եղած է Գոհարը, ծալլապատիկ նստած սեղանին տակ ու ձայնը ձգած կ՛երգէ՜ առանց շունչ քաշելու։
Սքանչելի խաղ մը, սքանչելի ապագայ արուեստագէտի մասնակցութեամբ եւ ասոնց վրայ աւելցնելով Ժագին քերթողական արուեստը եւ առնելով այդ պատանիներուն համագումար հնարամտութիւնն ու տաղանդը երբեք պէտք չէ զարմանալ Ժագ Ս. Յակոբեանի ինքնուրոյնութեան եւ քնարական քերթողութեան հոյակերտ փաստէն։ Եթէ Գոհար ձայն ու շունչ կու տար խաւաքարտին ապա Ժագը կրնար ու յաջողեցաւ իր բառերուն տալ հնչեղութիւնը իր ժամանակներուն ըլլալով այդ ժամանակներու տիրական դէմքերէն մէկը։ Իր քերթողութիւնը եղաւ կրանիտէ պատուանդանը ուր Ժագ Յակոբեան կ՛ըլլայ մեր մշակոյթի անդաստանի տիրական դէմքերէն մին քովն ի վեր Մեծարենցի, Տէրեանի եւ մանաւանդ Վահան Թէքէեանի։
***
Վերջացնելու համար ընդհանուր ակնարկ մը պէտք է նաեւ։ Եթէ օրագրական այս էջերը թատրերգութեան մը բնագիրը ըլլային ապա հոն կը տեսնենք իբրեւ հիւր դերակատարներ՝ Գահիրէի եւ Միջին Արեւելքի մեր հասարակական կեանքի, մտքի ու հոգեւոր նուաճումներու անցած երախտաւորներէն շատեր՝ Աղբալեան, Խաթանասեան, Վահան Նաւասարդեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Գասպար Իփէքեան, Շահան Պէրպէրեան, Վահէ-Վահեան, Յակոբ Օշական, Շաւաարշ Սեւյօնքեան, Շաքէ Տամատեան-Իփէքեան եւ ուրիշներ։ Տարբեր գաղափարականներու հաւատացող մարդիկ բայց բանաստեղծութեան ու Բանաստեղծին գնահատումին մէջ անքակտելիօրէն միացած ու նոյնացած, տալով հաստատումը երանելի օրերու, երբ այդ մարդիկը գիտէին ջոկել հիմնականը անհեթեթէն ու աններելի նանրամտութենէն։ Յակոբեանը երախտաշատ նպաստ է բերած նախանձելի այդ օրերու քրոնիկագրումով կրկին ու կրկին անգամ հաստատելով անհերքելի ճշմարտութիւնը Պէշիկթաշլեանի խօսքին.
Եղբայրներ որ մրրկաւ էին բաժնուած։
=================================================================================================================
— ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Նոր Համաձայնագիր՝ Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Կառավարութիւններուն Միջեւ
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 14–17 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է ռազմագիտական համագործակցութեան հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական՝ 4րդ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական ռազմական եւ ռազմագիտարուեստական համագործակցութեան յետագայ զարգացման առնչուող խնդիրներ:
Նիստի ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 16ին ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Ս. Օհանեանը եւ ՌԴ ռազմագիտարուեստական համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ, ռազմագիտարուեստական համագործակցութեան հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Կոնստանտին Բիրիւլինը ստորագրած են «ՀՀ եւ ՌԴ կառավարութիւնների միջեւ ռազմական նշանակութեան արտադրանքը երրորդ երկրներ արտահանելիս փոխգործակցութեան մասին» համաձայնագիրը, որմէ անմիջապէս առաջ՝ պաշտպանութեան նախարար Ս. Օհանեանը ընդգծած է, որ ՀՀ եւ ՌԴ կառավարութիւններուն միջեւ այս համաձայնագրին ստորագրումը կարեւոր նշանակութիւն ունի հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան խորացման համար, եւ անիկա պիտի նպաստէ երկու պետութիւններու զինուած ուժերու մարտունակութեան ամրապնդման: