Անցնող տասնամեակներուն, Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման հարցերը, տարագիր հայութեան համար եղան անքակտելի մէկ մասնիկը Սփիւռքի ազգային քաղաքականութեան եւ հանդիսացան հայկական տարբեր հատուածները կամրջող ու շաղկապող օղակը: Իսկ Եղեռնի յիսնամեակէն ի վեր, արտերկրի տարբեր գաղթօճախներու մէջ, հայ աւանդական երեք քաղաքական կուսակցութիւնները, Մեծ Եղեռնի յիշատակման ու ոգեկոչման ձեռնարկներն ու հանդիսութիւնները միասնակամ ճիգերով կազմակերպելու ուղղութեամբ՝ ազգային համագործակցութեան առողջ ընթացակարգ մը հաստատեցին:
Այսօր, երբ արժեւորումը կը կատարենք 1895-1923 Հայկական ջարդերու, սպանդներու եւ կոտորածներու համագումարին, այն եզրակացութեան կը յանգինք, որ հայութիւնը բնաջնջելու գործընթացը ունէր ամբողջական բնոյթ եւ կը նպատակադրէր անդամահատել հայ ժողովուրդը՝ ազգային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Իրողութեան մէջ, 19րդ եւ 20րդ դարու թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններու կողմէ գործադրութեան ընթացքի մէջ կը դրուէր «Հայաստանը բնաջնջելու եւ նոր Թուրքիան ստեղծելու» ծրագիրը:
Այսօր, կը գտնուինք նոր մարտահրաւէրներու սեմին: Թրքական պետականօրէն ֆինանսաւորուած ու կազմակերպուած ուրացման քաղաքականութիւնը՝ յաւելեալ թափ ստացած է եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման ուղղութեամբ՝ քարոզչական, ակադեմական եւ քաղաքական նոր խոչընդոտներ յառաջացուցած է: Ժամանակն է, որ համայն հայութիւնը վերագտնէ յարատեւ պայքարի տրամաբանութիւնը եւ ըստ արժանւոյն դիմակայէ այս սադրանքները:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Գանատայի կառոյցներու կազմակերպութեամբ, 2010ին, տարբեր քաղաքներու հայ գաղութներուն մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակի հանդիսութիւնները պիտի նշուին միասնական շարքերով:
Այսու, կոչ կ՛ուղղենք համայն գանատահայութեան՝ համախումբ ու միակամ ոգեկոչելու Մեծ Եղեռնի 95ամեակը, ցոյց տալու աշխարհին, որ հայը անխարիսխ բեկոր չէ, այլ իրմէ բռնագրաւուած իր հնադարեան պապենական հողին պահանջատէրն է ու կը մնայ պատնէշի վրայ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Ս. Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Դեկտեմբեր 7, 2009
Գանատա