ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին ըսաւ, որ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին հիւլէական զէնքեր կրճատելու շուրջ ամերիկացի եւ ռուս բանակցողներու միջեւ տարակարծութիւնները դանդաղեցուցած են համաձայնութեան մը հասնելու ջանքերը։ Ան համաձայն գտնուեցաւ Սպիտակ տան այն գնահատականին, թէ չի սպասուիր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ այս շաբաթ Քոփենհակընի մէջ հիւլէական զէնքերու նոր ուխտ մը ստորագրեն։
Սակայն, Լաւորով յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա պիտի շարունակեն Ռազմավարական զէնքերու նուազեցման ուխտը (ՍԹԱՐԹ 1) փոխարինող համաձայնութեան մը շուրջ բանակցութիւնները եւ յոյս յայտնեց, որ մօտ ատենէն համաձայնութիւն կը գոյանայ։
Լաւրով նաեւ ամերիկեան պատուիրակութիւնը ամբաստանեց անցնող քանի մը օրերու ընթացքին բանակցութիւնները դանդաղեցնելու յանցանքով։ «Ժամանակը հասած է չափազանց կասկածամտութենէն ձերբազատելու, մանաւանդ, որ երկու նախագահները շարունակ ըսած են, որ կ՛ուզեն վստահութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած յարաբերութեանց նոր մակարդակ մը տեսնել», ըսաւ Լաւրով։