Նախորդ թիւով յայտնած էինք յարաբերութիւններու յաջողութեան եւ անշահախնդիր մօտեցման մասին։ Իւրաքանչիւր յարաբերութեան յաջողութեան գրաւականը կը կայանայ անկեղծութեան եւ հաւատարմութեան մէջ։ Իսկ որպէսզի ենթական կարենայ անկեղծօրէն ինքզինք դրսեւորել պէտք է չափազանց ինքնավստահութեամբ օժտուած ըլլայ ու սիրէ իր անձը, «ինչպէս որ է», այսինքն առանց այլեւայլի կամ չափազանցութիւններու։ Սիրէ իր անձը ինքզինք լաւ ճանչնալէ ու հասկնալէ ետք եւ մանաւանդ իր սխալները իմանալէն ու հասկնալէն ետք։
Երբ յարաբերութեան կը սկսինք եւ մեր անձին հանդէպ որոշ վերապահութիւններ կամ անհանդուրժելի մասնիկներ ունինք, բնականաբար չենք կրնար ակնկալել, որ մեր անձերուն մէջ, մեր իսկ չսիրած գիծերը, կրնան դիմացինին կողմէ սիրելի եւ ընդունելի ըլլալ։ Ուրեմն առաջին հերթին գոհ ու շնորհակալ պէտք է ըլլանք մեր անձերէն եւ ապա բոլորէն։ Մեր նախապատուութիւններուն եւ անհանդուրժողութիւններուն նկատմամբ շատ կտրուկ մօտեցում պէտք չէ ցոււցաբերենք։
——————————————————————————————————-
Տօնական Օրերու Զարդարանքը Տուներէն Ներս – Բ.
Ինչպէս յայտնած էինք նախապէս, Դեկտկմբեր ամսուան տեւողութեան պիտի ներկայացնենք Տօնածառերու եւ տան յարդարանքի զանազան ձեւեր, որոնք կրնան ձեր տան աւելի սիրուն ու ջերմ երեւոյթ տալ։
Նախորդող երկու թիւերով ներկայացուցինք այն պատկերները, ուր կարելի էր գտնել զանազան գոյներով ու ճաշակներով յարդարուած ծառեր, սեղաններ եւ տան անկիւններ։
Այս թիւով եւս կը ներկայացնենք քանի մը նմոյշներ եւս, յուսալով որ անոնք կը համապատասխանեն ձեր ճաշակին ու կը յարմարին ձեր տան հնարաւորութիւններուն։
Կրկին կը յիշեցնենք թէ, բոլորն ալ սիրուն են եւ գեղեցիկ, սակայն ձեր տան ու ճաշակին յարմարողը ընտրեցէք ու զարդարեցէք այդպէս։