Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Վահանագեղձը կը գտնուի վիզին յառաջամասը։ Ան կազմուած է երկու բաժիններէ՝ աջ եւ ձախ, որոնք միացած են իրարու վահանագեղձային վզիկով մը (isthmus), եւ որոնք կը շրջապատեն խռչափողը առջեւէն եւ երկու կողմերէն: Վահանագեղձը կ՛արտադրէ երկու կարեւոր ներազդակներ (hormones)՝ thyroxine-T4 եւ triiodothyronine-T3, որոնք կը գործեն մարմնի բոլոր հիւսկէններու բջիջներուն վրայ: T3 եւ T4 ներազդակները մեծ դերակատարութիւն ունին սաղմի եւ նորածինի աճման եւ զարգացման գործընթացին մէջ, ի մասնաւորի ուղեղային եւ մարմնական (somatic) հիւսկէններու պարագային: Անոնք մարդու կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը կանոնաւորեն բնասպիտի, ածխաջրատներու եւ ճարպերու նիւթափոխանակումը (metabolism): T3 ներազդակը ամենէն աւելի գործողն է: T4 ներազդակը երկարակեաց է եւ կրնայ փոխուիլ T3 ներազդակի գրեթէ բոլոր հիւսկէններուն մէջ՝ պահանջի համաձայն: Հետեւաբար T4ը կարելի է նկատել որպէս T3 ներազդակի շտեմարան: Վահանագեղձը կ՛արտադրէ նաեւ calcitonin ներազդակը, որ կը կանոնաւորէ մարմնի կիրի համաչափութիւնը, այսինքն՝ գերարիւնակրութեան (hypercalcemia) պարագային ան կը նուազեցնէ արեան կիրի քանակը:
T3 եւ T4 ներազդակներու արտադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ վահանագեղձի մէջ, շնորհիւ մանիշի (iodine) գոյութեան եւ ներգործութեան: Սննդանիւթերու մէջ գտնուած մանիշը կը ներծծուի աղիքներու պատերուն կողմէ եւ կը հասնի վահանագեղձ՝ արեան շրջանառութեան միջոցաւ: Վահանագեղձին մէջ մանիշը որոշ փոխանակումներու ենթարկուելէ ետք՝ կարտադրուին T4 եւ T3 ներազդակները, որոնք շուտով կը մտնեն արեան շրջանառութեան մէջ: Անոնց մեծ տոկոսը կը միանայ արեան մէջ գտնուող յատուկ բնասպիտներու հետ եւ կը փոխադրուի մարմնի զանազան հիւսկէններուն, իսկ պզտիկ մէկ տոկոսը՝ առանց միանալու բնասպիտներուն՝ դա՛րձեալ կը հասնի մարմնի զանազան հիւսկէններուն: Այս ազատ ներազդակներն են, որ կը գործեն մարմնի բջիջներու վրայ: T4 եւ T3 ներազդակներու արտադրութիւնը վահանագեղձին մէջ կը ղեկավարուի մակուղեղի (pituitary gland) յատուկ մէկ ներազդակով, որ կը կոչուի՝ TSH ներազդակ: Արեան մէջ T4 եւ T3 ներազդակներու նուազումով՝ TSH ներազդակը առատօրէն կ՛արտադրուի մակուղեղին մէջ։ Մեծ քանակութեամբ արտադրուած այս TSH ներազդակը վահանագեղձը կը մղէ յաւելեալ աշխատանքի, որպէսզի պահանջուած T3 եւ T4 ներազդակները արտադրուին: Արեան T3 ներազդակի 3/4ը կը յառաջանայ գեղձէն դուրս, իսկ մնացեալ 1/4ը կ՛արտադրուի ուղղակի գեղձին մէջ:
Վահանագեղձի T3 եւ T4 ներազդակներու նուազումը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ վահանագեղձի զանազան հիւանդութիւններու հետեւանքով, սակայն անոնք կրնան նուազիլ նաեւ ոչ-վահանագեղձային կարգ մը սուր եւ մնայուն հիւանդութիւններու հետ միատեղ, օրինակ՝ սուր ծոմապահութիւն (starvation), յոռի սննդառութիւն (malnutrition), մարմնական մեծ արկածներ, սրտի կաթուած (myocardial infarction) եւ երիկամունքի ու լեարդի ձախողանք:
Վահանագեղձը կը յայտնուի հետեւեալ հիւանդագին վիճակներով.
Ա. Վահանագեղձի գերարտաթորում, կամ գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism), ուր T3 եւ T4 ներազդակներու արտաթորումը բնականէն շատ աւելի կ՛ըլլայ։
Բ. Վահանագեղձի ենթա-արտաթորում, կամ ենթավահանագեղձութիւն (hypothyroidism), ուր T3 եւ T4 ներազդակներու արտաթորումը բնականէն շատ աւելի նուազ կ՛ըլլայ։
Գ. Վահանագեղձատապ – բորբոքում (thyroiditis)։
Դ. Հաշիմոթոյի հիւանդութիւն։
Է. Յետ-ծննդաբերութեան վահանագեղձաբորբ։
Զ. Վահանագեղձի պարզ ծաւալում (simple goiter)։
Է. Վահանագեղձի հանգուցաւոր ծաւալում (nodular goiter)։
Ը. Վահանագեղձի լաւորակ ուռեր (benign tumors)։
Թ. Վահանագեղձի չարորակ ուռեր (malignant tumor)։
Ա. Գերվահանագեղձութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով եւ հիւանդութիւններու պարագային.
1. Վահանագեղձի T3 եւ T4 ներազդակներու առատ արտադրութիւն։
2. Վահանագեղձի ընդհանուր համահաւասար ծաւալում։
3. Վահանագեղձի հանգուցաւոր ծաւալում։
4. Վահանագեղձատապ – բորբոքում։
5. Մակուղեղի TSH ներազդակի առատ արտադրութիւն։
6. Յղութիւն։
7. Որոշ դեղերու գործածութիւն։
8. Մեծ քանակութեամբ մանիշի սպառում, որ տեղի կ՛ունենայ ծաւալուն վահանագեղձի դարմանման ընթացքին մանիշ պարունակող դեղերու գործածութեամբ եւ կամ շողագործօն մանիշի (radioactive iodine) գործածութեամբ։
Գերվահանագեղձութան ախտանշաններն են վահանագեղձի ծաւալում (goiter) եւ հանգուցաւորում (nodulatory), ջղագրգռութիւն, սրտի արագ զարկ եւ բաբախում, արագաշարժութիւն, առատ քրտինք եւ արցունք, տաքի անհանդուրժողականութիւն, յոգնածութիւն, շատակերութիւն, կշիռքի կորուստ, անքնութիւն, փորհարութիւն, մարմնական տկարութիւն, աչքերու սեւեռում (stare), կոպերու թուլութիւն եւ կախուածութիւն, ակնազօդի (conjunctiva) կարմրութիւն, ցցուն ակնագունդեր (exophthalmia), երկտեսողութիւն:
Գերվահանագեղձութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի արեան T3 եւ T4 ներազդակներու բարձրացումով եւ վահանագեղձի գերարտաթորումի ախտանշաններու գոյութեամբ: Տեսնուած է որ T3 ներազդակը ընդհանրապէս աւելի կը բարձրանայ քան T4 ներազդակը: Գերվահանագեղձութեան դարմանումը կ՛ըլլայ հակավահանագեղձային դեղերու, եւ շողագործօն մանիշի կիրարկումով:
Յաճախ վահանագեղձի գերաշխատանքը եւ T3 եւ T4 ներազդակներու գերարտաթորումը չափազանցօրէն անընդունելի սահմաններու կը հասնին եւ կը ստեղծուի վտանգաւոր հիւանդագին կացութիւն մը, ուր հիւանդը կ՛ունենայ շատ բարձր ջերմ, գերյոգնութիւն, մկանային կորուստ, զգացական խանգարում, չափազանց անհանդարտութիւն, շփոթ, հոգեկան վերիվայրումներ, նողկանք, փսխուք, փորհարութիւն, դեղնութիւն, մահաքունակ վիճակ: Այս պարագային հիւանդը կը կարօտի շտապ օգնութեան եւ հիւանդանոցային խնամքի:
Բ. Ենթավահանագեղձութիւնը կը յառաջանայ երկու ձեւերով.
ա. Հիմնական (primary), որ կը յառաջանայ
1. Վահանագեղձի բորբոքումով։
2. Հաշիմօթօ հիւանդութեամբ։
3. Գերվահանագեղձութեան դարմանումի ընթացքին, որ կը պատահի շողագործօն մանիշի եւ այլ դեղերու գործածութեամբ, եւ կամ վահանագեղձի վիրահատումով։
4. Մանիշի անբաւարար սպառումով։
բ. Երկրորդական (secondary), որ կը յառաջանայ մակուղեղի TSHի անբաւարար արտադրութեամբ: TSH ներազդակը կը գործէ վահանագեղձին վրայ եւ կը յառաջացնէ անոր ծաւալումը: Երկրորդական ենթավահանագեղձութիւնը հազուագիւտ երեւոյթ մըն է, ուր կը տեսնուին մորթի եւ մազի չորութիւն, մորթի տժգունութիւն, կրծքագեղձի հիւծում եւ արեան ճնշումի նուազում:
Վահանագեղձի ենթա-արտաթորումը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ առանց սեռի խտրութեան, սակայն ան աւելի կը պատահի տարեցներու եւ իգական սեռին մօտ:
Անոր ախտանշաններն են պաղի անհանդուրժողականութիւն, պնդութիւն, մոռացկոտութիւն, շատակերութիւն, ճարպակալում, ոտքերու թմրութիւն եւ զգացողականութեան նուազում, դաշտանային խանգարում, դէմքի տափակ-մելամաղձոտ արտայայտութիւն (dull face), ձայնի խռպոտութիւն, դանդաղ խօսակցութիւն, ուռած դէմք, կոպերու յոգնածութիւն-կախուածութիւն (drooping), հերաթափութիւն, մորթի չորութիւն, սրտի զարկի նուազում, նիւթափոխանակումի նուազում, արեան գերքարօթինութիւն (hypercarotenemia), որ կը յայտնուի ափերու եւ ներբաններու դեղին-նարնջագոյն ուռեցքներով, ինչպէս նաեւ լեզուի եւ սրտի ծաւալում:
Ախտաճանաչումը կը փաստարկուի արեան քոլեսթերոլի եւ TSH-ի բարձրացումով, ինչպէս նաեւ վահանագեղձի ներազդակներու նուազումով:
Ենթավահանագեղձութեան դարմանումը կը կատարուի T4 եւ T3 ներազդակներու գործածութեամբ:
Երբեմն ենթավահանագեղձութենէ տառապող հիւանդին կացութիւնը անակնկալօրէն կը վատթարանայ, եւ ան կ՛ունենայ ենթաջերմութիւն, շնչառութեան դանդաղում, մարմնական ցնցումներ եւ մահաքունակ վիճակ: Այս պարագային հիւանդը կը կարօտի շտապ օգնութեան եւ հիւանդանոցային խնամքի։ Հիւանդին կը ներարկուի մեծ քանակութեամբ քորթիզոն եւ T3 ու T4 ներազդակներ:
Գ. Վահանագեղձատապ-բորբոքում (thyroiditis).
Ան ժահրային ժամանակաւոր բորբոքում մըն է ուր հիւանդը կ՛ունենայ բարձր ջերմ, ցաւ, վահանագեղձի գերաշխատանքային ժամանակաւոր ախտանշաններ եւ, երբեմն, վահանագեղձի ծաւալում: Այս պարագային դարմանումը կ՛ըլլայ ցաւաբեկ դեղերով եւ քորթիզոնի գործածութեամբ: Ընդհանրապէս հիւանդը մի քանի շաբաթներ ետք կը վերադառնայ իր առողջ վիճակին:
(Շար. 1)