ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 18ին հանդիսաւոր արարողութեամբ նշուած է Ազգային անվտանգութեան մարմիններու աշխատողի օրը, որուն ներկայ եղած են ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան եւ այլ պաշտօնատար անձեր:
ԱԱԾի աշխատակիցներուն շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ նշելով, որ հայրենիքի անվտանգութեան ապահովաման գործը սուրբ պարտականութիւն է: «Այդ պատասխանատու աշխատանքում դուք դրսեւորում էք անհրաժեշտ կամք եւ բարձր մասնագիտական որակ: Ժամանակակից փոփոխուող աշխարհում եւ առկայ մարտահրաւէրների պայմաններում հետախուզական եւ հակահետախուզական գործունէութեան, սահմանադրական կարգի պահպանութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, պետական սահմանի պահպանութեան, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան ապահովման այլ ոչ պակաս կարեւոր ուղղութիւններում ձեր դրսեւորած սրտացաւ վերաբերմունքով է մեծապէս պայմանաւորուած ապագայում մեր պետութեան եւ հասարակութեան անվտանգութեան կենսագործունէութիւնը: Միաժամանակ բոլորը պէտք է քաջ գիտակցեն, որ անվտանգութեան երաշխիքների ստեղծման ճանապարհին, չբաւարարուելով ունեցած ձեռքբերումներով, այսօր կարեւոր եւ առաջնային խնդիրներ ունենք լուծելու կոռուպցիոն եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարում», նշուած է նախագահի ուղերձին մէջ:
ԱԱԾի տնօրէն Գորիկ Յակոբեանի խօսքով, ԱԱԾի աշխատողի օրը մեծ խորհուրդ ունի: Ըստ իրեն, այդ օրը հանրագումարի կը բերուին վերջին շրջանին կատարուած աշխատանքները, կը վերլուծուին չկատարուած աշխատանքներուն պատճառները եւ կը նախանշուին համակարգի հիմնախնդիրները:
«Մեր ամենօրեայ գործունէութիւնն ուղղուած է ՀՀ սահմանադրութեան, ՀՀ քաղաքացիների անվտանգութեան եւ պետութեան դէմ ոտնձգութիւնների կանխարգելմանը, այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք է կատարել ԱԱԾի համապատասխան վարչութիւնը: ՀՀ ներքաղաքական իրավիճակի ապակայունացման եւ օրէնքի շրջնականերից դուրս բերելու ցանկացած փորձ, երկրի անվտանգութեանը սպառնացող իւրաքանիւր վտանգաւոր զարգացում անուշադրութեան չի մատնուի», նշած է Գ. Յակոբեանը:
Ըստ իրեն, տարուան ընթացքին զգալի աշխատանքներ կատարուած են պետական սահմանի պահպանման, ինչպէս նաեւ փտածութեան (կաշառակերութեան) դէմ պայքարի ուղղութեամբ: «Այսօր հանրապետութիւնում ստեղծուել է այնպիսի իրավիճակ, որ որոշ ընդդիմադիր ուժեր, չենթարկուելով քաղաքական պայքարի քաղաքակիրթ կանոններին, լծուել են մեր երկրի ապակայունացման, անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ ստեղծելու գործին: Փորձում են ամէն կերպ վարկաբեկել ԱԱԾ, ոստիկանութիւնը, դատախազութիւնը: Իւրաքանչիւր պայքար չպէտք է դուրս գայ քաղաքակիրթ սահմաններից: Եւս մէկ անգամ յայտարարում եմ, որ չենք հանդուրժի սահմանդարական կարգի դէմ որեւէ ոտնձգութիւն»,- նշած է Գ. Յակոբեանը:
Անդրդառանալով հայ-թրքական արձանագրութիւններուն հետ կապուած մամուլին մէջ տեղ գտած մեկնաբանութիւններուն, ըստ որոնց սահմանի բացման իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մէջ գործունէութիւն կրնան կատարել օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնները, Գ. Յակոբեանը պաշտօնապէս յայտարարած է. «ԱԱԾի եղած ուժերը հնարաւորութիւն են տալիս լիովին վերահսկել իրավիճակը, ձեռնարկել համապատասխան միջոցներ, ինչի արդիւնքում ՀՀի դէմ ձեռնարկուած ցանկացած գործողութիւն կը կանխուի հէնց սկզբնական փուլում», ըսած է ԱԱԾի տնօրէնը։
Իր հերթին շնորհաւորելով ԱԱԾի աշխատակիցները, Ա. Բաղդասարեան նշած է, որ անոնք, դժուար պայմաններու մէջ, պատուով եւ անմնացորդ նուիրումով կը կատարեն իրենց աշխատանքը:
Իսկ Ա. Յովսէփեանը կարեւոր նկատած է ԱԱԾի եւ այլ մարմիններու միջեւ համագործակցութիւնը, նշելով, որ անիկա դրուած է բարձր հիմքերու վրայ։
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 17ին, Հայաստանի նախագահին որոշումով՝ ԱԱԾի տնօրէն, հրամանատար Գ. Յակոբեանը ստացած է գնդապետի կոչում, կոչումներ ստացած են նաեւ ԱԱԾի այլ աշխատակիցներ: