ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յոյներու Պարթոլոմէոս պատրիարքը ամերիկեան «Էս.Պի.Էս.» կայանի մէկ յայտագրին կողմէ հիւրընկալուելով ըրած է ցնցիչ յայտարարութիւններ, ըսելով, որ Թուրքիոյ մէջ «մենք կը խաչուինք, այնուհանդերձ կը նախընտրենք հոն մնալ, որովհետեւ մեր կրօնքը մեզի կը հրահանգէ որ մենք ալ տառապինք Քրիստոսի համար»։
Յունաց պատրիարքը ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ յոյները երկրորդ կարգի քաղաքացիի վերաբերում կը տեսնեն, ու աւելցուցած է. «Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւն ըլլալը յանցանք մը չի նկատուիր, բայց մեզի կը նայուի որպէս երկրորդ կարգի հայրենակից։ Այնպէս կը տպաւորուինք, որ որպէս թուրք հայրենակից մենք չենք կրնար օգտուիլ մեր բոլոր իրաւունքներէն»։
«Ուրեմն ինչո՞ւ կը շարունակէք հոն մնալ եւ Յունաստան չէք երթար», հարցումին պատրիարքը պատասխանած է. «Չենք երթար, որովհետեւ մեր երկիրը շատ կը սիրենք, հոս ծնած ենք եւ հոս կ՛ուզենք մեռնիլ»։
Բաւական ցնցիչ յայտարարութիւններով լեցուն այս հարցազրոյցի ընթացքին պատրիարքը նաեւ ըսած է հետեւեալը. «Թուրքիոյ կառավարութիւնը շատ պիտի երջանկանայ, եթէ պատրիարքարանը ոչնչանայ եւ կամ փոխադրուի արտասահման, բայց մենք կը հաւատանք, որ այսպիսի բան մը երբեք պիտի չիրականանայ»։
Ինչպէս կը սպասուէր, պատրիարքին հաստատումները Թուրքիոյ մէջ ժխտական մթնոլորտ ստեղծեց անոր դէմ։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու մէկն էր անոնցմէ, որոնք շատ զայրացան պատրիարքին խօսքերէն: Ան ըսաւ, որ ծայր աստիճան անպատեհ յայտարարութիւն կը նկատէ այդ խօսակցութիւնը։ «Մեր աւանդութիւններուն մէջ խաչելութիւն ըսուածը գոյութիւն չունի, գոյութիւն ալ պիտի չունենայ, այսպիսի յայտարարութիւն մը բնաւ վայել չէ Պարթոլոմէոս պատրիարքի նման հասուն անձնաւորութեան մը։ Կը յուսամ, որ այս յայտարարութիւնը պիտի տեսնուի որպէս լեզուական վրէպ։ Բայց մենք չենք կրնար ընդունիլ, որ մեր մասին ընեն այսպիսի անիրաւ բաղդատութիւններ»։
Պարթոլոմէոս սրբազանի փաստաբանը Քեզպան Հաթեմի յայտնեց, որ պատրիարքը յառաջիկայ շաբաթ լուսաբանութիւն մը պիտի ընէ։ Հաթեմի դիտել տուաւ որ այս հարցազրոյցը Մայիսին կատարուած էր: Ան աւելցուցած է, թէ թղթակիցը հարցուցած էր. «Դուք ձեզ խաչուած կը զգա՞ք», իսկ պատրիարքը պարզապէս «այո» պատասխանած էր։ «Պէտք չէ՞ իրապէս այդպէս ըսէր։ Եթէ տակաւին պատրիարքարանի փողոցը կը կրէ պատրիարք մը կախաղան հանած Եպարքոսին անունը ու եթէ այդ ցուցատախտակը ամէն օր կախուած կը մնայ պատրիարքարանի պատին վրայ, այն ատեն բնական չէ՞, որ պատրիարքը ինքզինքը պիտի զգայ փուշի վրայ», ըսաւ Հաթեմի։