ՎԱՆԱՁՈՐ.- Համագործակցելով Հայաստանի կառավարութեան եւ Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղին հետ (ԲՀՀ), «Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիր»ը՝ Լոռիի æրաշէն եւ Ծաղկաբեր համայնքներուն մէջ կ՛իրականացնէ անտառներ տնկելու ծրագիր, որուն նիւթապէս կ՛օժանդակէ գերմանական KFW դրամատունը: Ծրագիրը սկիզբ առած է 2008ի վերջը, եւ մինչ օրս հիմնադրամը տնկած է մէկ միլիոն տնկի Լոռիի 400 հեկտար անտառազուրկ տարածքներու վրայ, որոնք մօտ են Սպիտակ քաղաքին։
Նշենք, որ 1994էն ի վեր, Հայաստան «Ծառատունկ Ծրագիր»ը տնկած է աւելի քան 3,500,000 ծառ Հայաստանի աւելի քան 800 վայրերու մէջ։ Կազմակերպութեան երեք կարեւորագոյն նպատակներն են՝ ծառատունկը, համայնքներու զարգացումը եւ աղքատութեան կրճատումը, ինչպէս նաեւ բնապահպանական դաստիարակութիւնը: