Վերջերս Ֆրեզնոյի (Քլովիս) Չարլի Քէյեան համագաղութային հայկական վարժարանը այցելած է պասքեթպոլի հռչակաւոր մարզիչ Ճէրի Թարխանեանը, որ հանդիպում մը ունեցած է աշակերտութեան եւ անձնակազմին հետ, ինչպէս նաեւ այցելած է վարժարանին զանազան բաժինները:
Տնօրէնուհի Սոֆի Մխիթարեան յայտնեց, թէ այցելութիւնը լաւ առիթ մըն էր աշակերտներուն, ծանօթանալու մարզական աշխարհին մէջ հռչակաւոր հայ անձնաւորութեան մը, միաժամանակ առիթ ընծայելով անոր, որ ստուգէ վարժարանին պասքեթպոլի նոր դաշտերը:
Յայտնենք, թէ վարժարանին պասքեթպոլի նոր դաշտերը տեղադրուեցան այս տարուան սկիզբը, շնորհիւ «Լինսի» հիմնադրամին նուիրատուութեան:
Յայտնենք, թէ 1973-1992ի միջեւ, «Թարք տը շարք» անունով ծանօթ Ճէրի Թարխանեան մարզած է UNLVի «Running Rebels» խումբը, անոր հետ շահելով համալսարանական խումբերու ախոյեանութեան բաժակը (1990): 1995էն 2002 ան նաեւ մարզած է Ֆրեզնոյի համալսարանի խումբը: Ան կը նկատուի ամերիկեան համալսարանական պասքեթպոլի պատմութեան լաւագոյն մարզիչներէն մէկը: