ՓԱՐԻԶ.- Փարիզէն, Ժան Էքեան կը տեղեկացնէ, թէ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կառոյցի նախագահ Մուրատ Փափազեան կը ձեռնարկէ Մարսէյլի մէջ բանալ լրագրութեան եւ հաղորդակցութեան դպրոց մը: Սոյն ծրագիրը իրականացնելու համար անոր միացած են 2 ֆրանսացի աստղեր՝ հեռատեսիլի հաղորդավար Փիէռ Ֆոգօ եւ Մարսէյլի Օլիմփիքի նախկին կազմակերպիչ Պէպէ Տիուֆ: Մուրատ Փափազեան Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի մէջ նախապէս բացած է նոյնանման 4 դպրոց: Դպրոցը իր բացումը պիտի կատարէ Հոկտեմբեր 2010ին: