Ն. Բ.
ՊԷՐՈՒԹ, «Ազդակ».- «Լիբանանի մէջ տուած համերգներս յարգանքի տուրք են հանդէպ լիբանանահայութեան, որ եղած է կերտիչը ազգային դաստիարակութեան։ Լիբանանի մէջ կը զգամ, որ տանս մէջն եմ»։ Ռուբէն Հախվերտեանի այս խօսքերով աւարտեցաւ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին հեղինակային երգերու անզուգական մեկնաբանին երգահանդէսը, որուն ամբողջ տեւողութեան ան ապրեցաւ ու ապրեցուց… Լիբանանահայութիւնը շատ լայն բացած էր իր սրտերն ու գիրկը ընդունելու 12 տարուան բացակայութենէ ետք Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած Ռուբէն Հախվերտեանը, իսկ նշանաւոր մեկնաբանը լիբանանահայերուն ընդունելութեան դիմաց տուաւ ամէնէն լաւն ու կատարեալը, ո՛չ մէկ ձեւով յուսախաբ ընելով տարբեր տարիքի իր սիրահարները, որոնք լեցուցած էին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը։
Ռ. Հախվերտեան երգեց ու անոր հետ երգեցին ներկաները, ան յուզուեցաւ ու յուզեց, ընդվզումով արտայայտուեցաւ հայրենասիրութիւն խաղացող իշխանաւորներուն նկատմամբ՝ իր զգացումները, ցասումն ու յոյզերը վարակիչ դարձնելով «ռուբիկասէրներուն», որոնք իրենց ամբողջ էութեամբ այս բոլորը բաժնեկցեցան հեղինակային երգերու մեկնաբանին հետ։
Մեկնաբանելու ուրոյն կարողականութեամբ օժտուած, երգարուեստին մէջ նոր ճիւղ ու դպրոց բացած երգիչը իր համերգը սկսաւ երկու նոր երգերով՝ «Յիսունից յետոյ» եւ «Կտակ»։ Ապա ան աւելի քան 2,5 ժամ տեւողութեամբ երգեց իր սիրուած երգերէն բաւական վարպետութեամբ ընտրուած փունջ մը, ուր կային սէրն ու սիրուհին, Երեւանն ու հարազատ տունը, ընկերներն ու բարեկամները, իշխանաւորներն ու իշխելու մարմաջով տարուածները, կային տարուան եղանակները, անոնց ընթացքին ապրուած օրերը, հոն էին զոհուած ընկերները, մարտիկները։ Ռուբիկի երգերուն մէջ ամփոփուած է կեանք մը ամբողջ, իրականութիւն մը, որուն անդրադառնալու կրնան տատամսիլ շատեր, սակայն Հախվերտեան իր երգերով լուսարձակի տակ առած է անձնականն ու ազգայինը՝ քննադատութեան առարկայ դարձնելով ամէն տեսակի սխալ ու ազգին վնասող երեւոյթ։
Տարիներու խորերէն եկող ձայնով եւ կիթառի թելերու «պարերով» Ռուբէն Հախվերտեան անգամ մը եւս եկաւ փաստելու հեղինակային երգարուեստին մէջ իր անզուգական ըլլալը, ինչպէս նաեւ ան ուրոյն եւ անմոռանալի երեկոյ մը պարգեւեց սրահը լեցուցած հանդիսատեսներուն, որոնց կարգին կային Ռուբիկի երգերով հասունցած սերունդն ու տակաւին Ռուբիկի շունչին տակ ազգային նկարագիր կերտողները։