ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ներկայացուցիչներու Տան անդամ, հանրապետական Ճորճ Ռատոնովիչ, որ միշտ նեցուկ կանգնած է Քոնկրեսի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերուն եւ որ գործօն կերպով աջակցած է կեդրոնական հովիտի շրջանի հայութեան խնդիրներու լուծման աշխատանքներուն, անցեալ Երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ իր պաշտօնավարութեան այս շրջանի աւարտին պիտի հեռանայ Քոնկրեսէն ու հանգստեան կոչուի:
Այս առթիւ, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր անդրադարձած է Ռատոնովիչի հայանպաստ գործունէութեան, գնահատած է այդ ուղղութեամբ անոր հարուստ վաստակը եւ յաջողութիւն մաղթած է անոր:
Ռատոնովիչ հանգստեան կոչուելու իր որոշումը առած է, որպէսզի կարենայ աւելի շատ ժամանակ տրամադրել քաղցկեղէն տառապող իր կնոջ խնամքին:
2000 թուականին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի Քոնկերսի կողմէ հաստատման աշխատանքի գլխաւոր մղիչ ուժերէն մէկը հանդիսացող Ռատոնովիչ զինք փոխարինելու համար պայքարող թեկնածուներէն Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Ճեֆ Տէնհըմը կը նկատէ յարմարագոյն թեկնածուն, որուն շնորհած է իր զօրակցութիւնը: