ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
69 տարի առաջ, 1940ի Դեկտեմբեր 29ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի թոհուբոհով կլանուած Փարիզի մէջ, համազգային յուղարկաւորութեամբ եւ քաղաքական հանդիսաւորութեամբ օտարութեան ցուրտ հողին յանձնուեցաւ վահագնատիպ, այլ յոգնաբեկ ու անկենդան մարմինը հայ ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներէն Արշակ Ջամալեանի։
Հայաստանի Անկախութեան Սերունդի ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն ու վաստակաշատ նուիրեալներէն եղաւ դաշնակցական այս հսկան, որ շուրջ քառասուն տարի իր իւրայատուկ դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի ազգային–քաղաքական կեանքի հունաւորման վրայ։
Հայ մտքի եւ քաղաքական կամքի փոթորկաշունչ դարբինը դառնալու ճակատագրուած էր Գանձակի մէջ 22 Սեպտեմբեր 1882ին ծնած բազմաշնորհ Արշակը։ Հայրը՝ բարեկեցիկ ոսկերիչ æամալ Իսահակեանը (որուն անունով Արշակ ընտրեց æամալեան մականունը հետագային, երբ դաշնակցական յեղափոխական դարձաւ) յատուկ պատճառ ունէր իր զաւկին ուսումնառութիւնը քաջալերելու եւ ապահովելու, որովհետեւ ոչ միայն Արշակ ինք ընդունակ աշակերտ էր, այլեւ՝ Արշակի վաղամեռիկ մօր կտակն էր, որ իր տղան անպայման ուսանի եւ բարձրագոյն կրթութեան տիրանայ։
Արշակ Իսահակեան իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ Գանձակի հայոց ծխական դպրոցին մէջ, ապա՝ երբ 1892ին ցարական հրամանագրով փակուեցան հայոց ծխական վարժարանները, յաճախեց Գանձակի ռուսական գիմնազիան։ Ռուսացման ալիքը ուժեղ էր այդ շրջանին եւ Արշակ սկսաւ տարուիլ հոսանքէն, բայց հայրը հոսանքին դէմ պայքարող մարդ էր եւ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեցի կրթութիւն ապահովէ իր տղուն։ Զուգադիպութիւն մը օգնեց, որպէսզի Արշակի կեանքը հիմնովին նոր ուղղութիւն մը ստանայ։ 1896ի Վանի կոտորածներէն ետք, Ս. Էջմիածին ապաստանած գաղթական բազմութեան հետ էր ազգային հեղինակաւոր մանկավարժ Պլուզ Կարօ, որ Խրիմեան Հայրիկի կողմէ անմիջապէս ղրկուեցաւ Գանձակ՝ հայ դպրոցէ զրկուած սերունդին ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու առաքելութեամբ։ æամալ Իսահակեան Պլուզ Կարոյէն խնդրեց, որ իր տղուն հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մասնաւոր դասեր տայ։ Այդպէս ալ եղաւ։ Արշակի ընդունակութիւններուն ծանօթանալով՝ Պլուզ յորդորեց ու համոզեց æամալին, որ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը ղրկէ Արշակին։ Եւ այդպէս, 1897ին, Արշակ ընդունուեցաւ Գէորգեան Ճեմարանը։
Հայ ազգային–ազատագրական շարժման եռուն ժամանակաշրջանն էր, իսկ Գէորգեան Ճեմարանը, հակառակ հոգեւոր հաստատութիւն մը ըլլալու իր պաշտօնական հանգամանքին, փաստօրէն
վերածուած էր յեղափոխական շարժման հնոցի մը, ուր կը տիրէր յատկապէս դաշնակցական ոգին։ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Ա. Վռամեանի օրինակով դաշնակցական մեծութիւններու հոգեմտաւոր կազմաւորման օրրանը դարձած Ճեմարանը իր բարեբեր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ ու մանաւանդ Արշակ æամալեանի վրայ, որ իր սերունդին յեղափոխական խմորումներուն եւ աշակերտական ըմբոստացումներուն մղիչ ուժն ու յառաջապահը եղաւ շուտով։ Իր կենսագիրներուն վկայութեամբ՝ æամալեան գաղափարական շարժման փոթորիկ մը առաջացուց Ճեմարանի մէջ՝ ձեռագիր «Նաւակ» աշակերտական թերթի խմբագրումէն մինչեւ հայաստանեայց եկեղեցին ծիսապաշտութենէ դուրս բերելու եւ բարեկարգելու պայքարին ծաւալումը։ Բայց յատկապէս Երկրի մէջ սաստկացած յեղափոխական կենդանի կռուին անձնապէս նուիրուելու իր կոչերով՝ արդէն դաշնակցականի իր ուղին գտած æամալեանը իր դէմ լարեց Ճեմարանի պահպանողական պատասխանատուներուն դժգոհութիւնը։ Եւ հակառակ իր աշակերտական փայլուն արդիւնքներուն, Ճեմարանի լսարանական (համալսարանական) բաժնի առաջին տարին հազիւ աւարտած, 1902ին, æամալեան տուն ճամբուեցաւ եւ Ճեմարանի դռները իր առջեւ վերջնականապէս փակուեցան։
Քսանամեայ երիտասարդ՝ æամալեան քանի մը տարի մնաց իր ծննդավայրին՝ Գանձակի մէջ, ուր ծաւալեց դաշնակցական աշխոյժ գործունէութիւն՝ գաղափարական մթնոլորտ ստեղծելու եւ տեղւոյն երիտասարդութիւնը կազմակերպելու ուղղութիւններով։ Եւ երբ վրայ հասան 1905ի հայ–թաթարական ընդհարումները եւ բացայայտ դարձաւ ցարական ոստիկանութեան գրգռիչ դերակատարութիւնը, æամալեան մասնակցեցաւ ոստիկանապետի մը դաշնակցական ահաբեկումին, որուն հետեւանքով 7 ամիս բանտարկուեցաւ, իսկ ազատ արձակուելէ ետք՝ անցաւ Եւրոպա, ուսումը շարունակելու համար։
Ճեմարանական տարիներէն իսկ, Արշակ æամալեան շեշտակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր հայ հասարակագիտական մտքի զարգացման եւ հարստացման ուղղութեամբ։ Լսարանական առաջին տարուան իր ծաւալուն շարադրութիւններէն մէկը, որ կը վերաբերէր Րաֆֆիի պատմավէպերուն մէջ արծարծուած հասարակական խնդիրներու ուսումնասիրութեան, արժանացաւ Ճեմարանի ատենի ուսուցչական կազմին բարձր գնահատանքին։ Հետեւաբար, երբ æամալեան հասաւ Եւրոպա եւ արձանագրուեցաւ Պերլինի համալսարանը, աւելի քան բնական էր, որ ընկերային գիտութեանց վրայ կեդրոնացաւ անոր բարձրագոյն ուսումը։
Եւրոպայի մէջ ուսանողական տարիները æամալեանի առջեւ բացին ոչ միայն գաղափարական իր հետաքրքրութեանց ու ծանօթութեանց հորիզոնը ընդարձակելու, այլեւ կազմակերպական իր բնածին տաղանդը մշակելու եւ զարգացնելու լայն հորիզոններ։ Եղաւ հիմնադիրներէն մէկը Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան եւ անոր պաշտօնաթերթ «Ուսանող»ին, որուն էջերէն Արիսեան ստորագրութեամբ հանդէս եկաւ հայ միտքը աշխուժացնող եւ ազգային ու հասարակական խնդիրներու գիտական քննարկումը հարստացնող յօդուածներով եւ աշխատասիրութիւններով։
Արդէն գաղափարական ու կազմակերպական իր դէմքը հաստատած էր Արշակ æամալեան 1907ին, երբ Եւրոպայի Հայ Ուսանողութեան կողմէ պատգամաւոր ընտրուեցաւ ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Այդ ժողովին էր, որ Դաշնակցութիւնը սուր կերպով դիմագրաւեց երկփեղկման վտանգը։ Մէկ կողմէ արեւմտահայ մարտական գործիչները վարակած Միհրանական շարժումը կատաղի պայքար բացած էր Դաշնակցութեան ընկերվարական գործունէութեան դէմ՝ դատապարտելով համառուսական յեղափոխական շարժումներուն մասնակցութիւնը։ Իսկ միւս կողմէ արեւելահայ մտաւորականութիւնն ու ուսանողութիւնը վարակած ձախապաշտ հակումները յանգած էին Դաշնակցութեան մէջ անջատողական շարժման մը առաջացումին՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ դատերը իրարմէ անջատ կուսակցութիւններով ղեկավարելու պահանջով։ Ահա ա՛յդ մթնոլորտին մէջ ուղղակի փրկարար դեր կատարեց æամալեան՝ դաշնակցական երիտասարդ ուսանողի դիրքերէն պահապան կանգնելով կուսակցութեան ներքին միասնութեան եւ ազգայինն ու ընկերվարականը համադրելու դաշնակցական աշխարհայեացքին։
1908ին æամալեան վերադարձաւ Կովկաս եւ հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր Ներսիսեան վարժարանի մէջ իր ստանձնած ուսուցչական պաշտօնի կողքին դաշնակցական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց՝ Աղբալեանի հետ «Հորիզոն»ի խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելով։ Ռուսերէնի, գերմաներէնի եւ ֆրանսերէնի իր տիրապետումը մեծապէս օգնեց, որ այդ ժամանակներէն իսկ æամալեան կեդրոնական դէմքերէն մէկը դառնայ ռուս, վրացի եւ թաթար յեղափոխական շրջանակներու հետ Դաշնակցութեան հաստատած յարաբերութեանց։ Թէ՛ հայ մտքի արդիականացման, թէ՛ համառուսական միջավայրի մէջ հայ քաղաքական կամքի արմատաւորման ի խնդիր æամալեանի թափած ճիգերը եւ կատարած մեծ ներդրումները բաւարար նկատուեցան, որպէսզի 1914ի ՀՅԴ 8րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ ի բացակայութեան ան ընտրուի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ շարունակէ մնալ այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1933, երբ ՀՅԴ 12րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով ան կոչուեցաւ Դաշնակցութեան մնայուն քաղաքական գործիչի աշխատանքին ու պատասխանատուութեան։
1914էն 1921 երկարող եւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանը հանդիսացած տարիներուն, Արշակ æամալեան բառին բուն իմաստով փոթորկաշունչ ներկայութիւն եղաւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան, Հայաստանի անկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ամրապնդման յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Եղաւ Հայ Կամաւորական Շարժման ղեկավարներէն։ 1917ի համառուսական յեղափոխութեան երկար ամիսներուն, ներկայացուց Դաշնակցութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ։ Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մաս կազմեց եւ Երզնկայի մէջ հաշտութեան բանակցութիւնները վարեց թուրքերուն հետ՝ յանուն Սէյմի։ Նշանակուեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վրաստանի մօտ։ Ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Երեւան տեղափոխուեցաւ Թիֆլիսէն։ 1919ի հայ–վրացական պատերազմին շուտափոյթ դադրեցումը ապահովող գլխաւոր դերակատարը եղաւ։ 1920ին մաս կազմեց Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ–կառավարութեան, իբրեւ հաղորդակցութեան նախարար։ Իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1922ին, պոլշեւիկներու հետ Դաշնակցութեան բանագնացը եղաւ Րիկայի խորհրդակցութեանց ժամանակ։
Յուշատետրի նեղ սիւնակը հնարաւորութիւնը չ՛ընծայեր այս առիթով անդրադառնալու առանձին էջ ներկայացնող æամալեանի գործունէութեան այս կարեւոր հանգրուաններուն։ Բայց անպայման առիթը կը ստեղծուի՝ առանձին յուշատետրի արժանացնելու զանոնք։
Տեղը չէ ծաւալելու նաեւ ու մանաւանդ տարագրութեան մէջ æամալեանի շուրջ քսանամեայ ղեկավար դերակատարութեան, բայց անպայման պէտք է ընդգծել, որ Արշակ æամալեան վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ սփիւռքեան պայմաններու մէջ եւ հակադաշնակցական բուռն պայքարի այդ տարիներուն Դաշնակցութեան գաղափարական վերաշխուժացումը նուաճելու եւ դաշնակցական ներքին միակամութիւնը ամրապնդելու ճակատներուն վրայ։
Յատկապէս կարեւոր եղաւ æամալեանի ներդրումը Եւրոպայի տարածքին Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադրութեան, տարածման եւ ժողովրդականացման գործին մէջ։ Իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեան յատուկ կարեւորութեամբ եւ անձնական վկայութեամբ կը հաստատէ, թէ մանաւանդ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի զարգացման հոլովոյթին մէջ հիմնական եղած է æամալեանի ներդրումը՝ պարբերական այցելութիւններով։
Այսպիսի՛ տարողութեամբ մեծ դէմք եղաւ Արշակ æամալեան եւ բնաւ պատահական չէր, որ 69 տարի առաջ, երբ յետ կարճատեւ հիւանդութեան առյաւէտ փակեց աչքերը Դեկտեմբեր 27ին, անոր յուղարկաւորութեան օրը՝ Դեկտեմբեր 29ին, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու եկան ոչ միայն հայ կեանքի գլխաւոր հոսանքներու ներկայացուցիչները, այլեւ՝ արտասահման աքսորուած ռուս, վրացի եւ ատրպէյճանցի ծանօթ հեղինակութիւններ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականը ներկայացնող ֆրանսացի եւ եւրոպացի ականաւոր գործիչներ։
Հայ մտքի եւ քաղաքական կամքի փոթորկաշունչ այս դարբինին՝ Արշակ æամալեանի մահուան տարելիցին առիթով, կը մնայ արձագանգել իր յուղարկաւորութեան ընթացքին դամբանախօսի մը այն մտածումին, թէ մեր պարտքն է իր պաշտած հողին վերադարձնել եւ յաւիտենական հանգիստի արժանացնել æամալեանի աճիւնները։