Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Շատ դիւրին ու պարզ ձեւերով կարելի է երեխային ուղեղին աշխատանքը զարգացնել:
Երեխային ուղեղը ծնած ատեն կը պարունակէ 100 միլիառ նիւրոններ: Ան իր կեանքի առաջին տարիներու ընթացքին հազարաւոր միլիառներով ուղեղային բջիջներու կապեր պիտի հաստատէ, որոնք կը կոչուին neural synapses.
Ուղեղի հիւսուածքներուն եւ աշխատանքին գաղտնիքը զայն զբաղ պահելու մէջ կը կայանայ: Այն synaps-ները որոնք կապուած չեն իրար հետ եւ միասնաբար աճած ու զարգացած չեն, նախադպրոցական տարիներուն կը կորսուին: Հոս հարկ է նաեւ շեշտել թէ երեխաներուն ուղեղները աւելի շատ այս կապերով հարուստ են քան չափահասներունը: Այսպէս կը բացատրուի անոնց լեզու սորվելու կարողութիւնը:
Երբ ձեր երեխային սէր եւ գուրգուրանք կը ցուցաբերէք ինչպէս նաեւ անոր հետ խօսելով կը բացատրէք ձեր պահանջքներն ու գորովը ինքնաբերաբար կը նպաստէք այդ կապերու սերտացման եւ ուռճացման, որոնց կարեւորութիւնը անբացատրելի է այս իմաստով: Այսպէս շուտով ան պիտի սորվի լեզու, իմաստութիւն եւ ծրագրաւորում:
Ուրեմն ի՞նչ ընենք ի՞նչ բաներով զբաղցնենք մեր երեխան:
1- Նախքան ծնունդը առողջութեամբ մտահոգուեցէք: Յղութեան շրջանին առողջ մնացէք եւ վանեցէք բոլոր յոռի սովորոյթները, որոնք կը վնասեն ձեր երեխային ուղեղին՝ արգանդին մէջ գտնուած իսկ միջոցին: Փաստուած է թէ ծխող մայրերուն զաւակները ընթերցանութեան տկարութիւն կ՛ունենան: Իսկ անոնք, որոնք թմրեցուցիչ կ՛օգտագործեն յղութեան միջոցին, անոնց երեխաները սորվելու եւ ընբռնելու տկարութիւն կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ անբացատրելի ու յանկարծակի յարձակողական դիրքորոշումներ:
2- Իմաստալից խօսակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Ձեր երեխային հետ խօսած միջոցին միայն ձայներ եւ ճիչեր մի արձակէք, այլ յստակ եւ ձայնի բարձր թոնով հաստատումներ կատարեցէք:
3- Խաղերու ժամանակ ձեռքերը օգտագործեցէք: Փոքրիկները աւելի շուտ կ՛ըմբռնեն այն խաղերն ու շարժումները, որոնք կը կատարուին ձեռքերով:
4- Մասնակից դարձէք անոր մատնացոյց ըրածներուն ու հետաքրքրութիւններուն: Երբէք մի անտեսէք անոր ցոյց տուածները, այլ ընդհակառակը ձեր կարգին նաեւ իր ուշադրութեան առարկայով դուք ալ զբաղեցէք:
5- Գիրքերուն ծանօթացուցէք շատ կանուխ: Գունաւոր եւ պատկերազարդ գիրքերու օգնութեամբ զանազան ձայներ լսել տուէք ձեր երեխային, կենդանական աշխարհին ծանօթացնելով: Հիմնականը սկզբնական տարիներուն հասկացողութեան լեզուն զարգացնելն է, եւ ապա խօսելու լեզուն կը զարգանայ: Երեխան սկիզբը պիտի հասկնայ մեր ըսածները եւ ապա խօսելու փորձեր պիտի ընէ:
6- Շոյեցէք ու խօսեցէք անոր հետ: Փաստուած է թէ այն երեխաները, որոնք աւելի նուազ շոյուած ու փայփայուած են, անոնց ուղեղները աւելի փոքր են իրենց տարեկիցներու ուղեղներէն: Երեխաներու մաքրութեան ժամանակը օգտագործեցէք զգացական վերելքի աճին համար: Մանաւանդ նկատի առէք, որ այդ միջոցին շատ մօտ կ՛ըլլաք ձեր փոքրիկին եւ անոր աչքերը ձեր վրան յարած կը մնան ու ամբողջ ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը ձեր վրան կ՛ըլլայ:
7- Սերտուած ու ուղեղային աշխատանքը զարգացնող խաղեր ընտրեցէք: Խաղեր որոնք պատճառ եւ արդիւնք ընբռնումը կը զարգացնեն: Կամ փոքր խորանարդ մը մեծին վրայ դնելով երեխան կը սկսի գիտելիքներու միացման եւ ուղեղային այդ կապերու հաստատման:
8- Երեխային լացին ու պահանջքներու տրամաբանական եւ ճիշդ ձեւով պատասխանեցէք: Հանդարտեցնելով, շոյելով, հաս-կցնելով եւ իր հետ մասնակից դառնալով կրնաք դրական շրջանառութիւն զարգացնել երեխային ուղեղին զգացական բաժնին մէջ: Ամէնօրեայ ձեր հոգատարութիւնն ու ցուցաբերած սէրը անոր մէջ կ՛արթնցնեն զգացական ապահովութեան շատ կարեւոր յատկանիշ:
9- Ձեր երեխային վստահութիւնը շահեցէք ուշադիր հետեւելով եւ լսելով զինք: Այն երեխան, որ զգացականօրէն կապուած է իր մօր աւելի հանգիստ եւ ուրախ կ՛ըլլայ, ինչպէս նաեւ կարողութիւնը կ՛ունենայ աւելիով եռանդ ներդնելու իր հետազօտութեանց, սորվելուն եւ յայտնաբերումներուն նկատմամբ:
10- Մարձումին բարիքները: Յաճախ շոյեցէք ու սիրեցէք ձեր երեխան: Մարձումը կը նուազեցնէ երեխային ճնշուածութիւնը եւ զգացական ապահովութեան զգացումը կը ներշնչէ անոր: Սիրոյ հպումները կը մեծցնեն երեխան: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են թէ ժամանակէն առաջ ծնած երեխաները, որոնք օրական մօտաւորապէս երեք անգամ մարձումի ենթարկուած են աւելի շուտ կրնան տուն դառնալ, քան այն երեխաները, որոնք չեն վայելած այդ «հաճոյք»ը: